Մշեցի Պատգամաւորի Ֆրանսահայ Թոռը Կը Պահանջէ Չքանդել Մշոյ Հայկական Տուները


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսահայ պատմաբան Գեղամ Գէւոնեան, որ Օսմանեան կայսրութեան շրջանին Մուշէն պատգամաւոր ընտրուած Գեղամ Տէր Կարապետեանի թոռն է, Թուրքիոյ իշխանութիւններէն պահանջած է դադրեցնել քաղաքի հայկական տուներու քանդումը:
«Ակօս» թերթին մէջ հրապարակուած նամակին մէջ, պատմաբանը կը նշէ, որ «ժամանակակից Թուրքիան նաեւ հայերունն է, եւ ապագային հայերը երկրի բնակչութեան բաղադրիչ ազգերէն մէկը պիտի ըլլան»:
Խօսելով Հայկական Ցեղասպանութենէն փրկուածներուն եւ 1918ին Պոլսոյ մէջ մահացած իր պատգամաւոր մեծ հօր անունով՝ պատմաբանը ցաւ յայտնած է Մուշի մէջ հայերու եկեղեցիներուն, դպրոցներուն, գերեզմաննոցներուն աւերումէն ետք՝ այժմ տեղի ունեցող պատմական հայկական Քալէ թաղամասի տուներու ոչնչացման համար: «Միթէ մինչ այժմ քանդուածները բաւարար չե՞ն: Ժամանակն է, որ ջանքեր գործադրէք պատմութիւնն իր ամբողջականութեան մէջ ընդունելու համար, որպէսզի ապագայ սերունդները արդար համարեն ձեզ», գրած է Գէւոնեան:
«Թէեւ Մուշի երկու պատգամաւորներուն շնորհիւ հայերու տուներուն քանդման աշխատանքը ժամանակաւորապէս դադրեցաւ, սակայն, վստահ չենք, որ քանդումը պիտի չշարունակուի», աւելցուցած է պատմաբանը՝ կոչ ընելով Մուշի ղեկավարութեան, որ կանգուն մնացող տուները պաշտպանեն եւ վերականգնեն զանոնք:
Գէւոնեան կը գրէ նաեւ, որ պատմական արդարութիւնը վերականգնելու համար, Մուշի իշխանութիւնները պաշտպանութեան տակ պէտք է առնեն հայկական գերեզմանատուները, եկեղեցիները եւ այլ շինութիւններ, ինչպէս նաեւ պէտք է ճանապարհներ որոնուին՝ զանոնք հայերուն վերադարձնելու համար:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.