ԻՍՐԱՅԷԼ ԵՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ՝ ԱՒԵԼԻ ՀԶՕՐ ԿԱՊԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐ


 

 

Աննա Կիֆման եւ Տիմա Քորս իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իրենց վերոնշեալ խորագիրով յօդուածին մէջ կը գրեն, որ Հարաւային Կովկասը Իսրայէլի համար ռազմավարական արժէք կը ներկայացնէ, շնորհիւ իր աշխարհաքաղաքական դիրքին եւ Իրանի մօտ ըլլալուն։ Տարածաշրջանի մէջ կարեւոր դերակատարներէն Ազրպէյճանը իսլամ շիա երկիր մըն է, որ եբրայական պետութեան հետ աշխատանքային սերտ յարաբերութիւններ ունի։ Ազրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ լարուած յարաբերութիւնները եւս կարեւոր ազդակ մըն են։ «Թշնամիիս թշնամին բարեկամս է»-ի դասական կացութենէն անկախ՝ Իսրայէլ Ազրպէյճանի թեքնիք ծառայութիւններ, ճարտարագիտութիւններ եւ ապահովական համակարգեր ծախելով շահ կ՚ապահովէ։ Աւելին, Իսրայէլ միշտ ալ չափաւորական իսլամ գործընկերներ փնտռած է. դեր մը, որ նախապէս Թուրքիան կը կատարէր, իսկ հիմա Ազրպէյճան կրնայ կատարել։

Ներկայիս Իսրայէլ-Ազրպէյճան երկկողմանի յարաբերութիւնը լաւ վիճակի մէջ է եւ նոյնիսկ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութեանց յաւելեալ ամրապնդման հեռանկարներ գոյութիւն ունին։

Միջին Արեւելքի մէջ խառնակ վիճակը Կասպից ծովու շրջանին կ՚ազդէ եւ նոյն ատեն առիթներ կ՚ընծայէ Իսրայէլի, որուն Ազրպէյճանի հետ հասարակաց շահը՝ արմատական իսլամութեան դիմակայումն է։

Անուանապէս իսլամ Ազրպէյճանի աշխարհիկ վարչակարգը սիւննի եւ շիա արմատականները վտանգ մը կը նկատէ։ Քայիտայի առնչուած սիւննի արմատականները պատրաստակամ են գործակցելու հարեւան Տաղստանի ահաբեկչական գաղտնի ցանցին հետ, որ Ազրպէյճանի հիւսիսային բաժիններուն մէջ մերթ ընթ մերթ գործունեայ կը դառնայ։ Մտահոգութեան աւելի մեծ աղբիւր մըն են շիա արմատականները, որոնք Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին ձեռքին մէջ գործիք մըն են եւ կը ջանան Ազրպէյճանի մէջ արմատական փոփոխութիւններ կատարելով զայն իրանամէտ վարչակարգի մը վերածել։ Ուստի Իսրայէլի հետ ազրպէյճանական որեւէ կապ Իրանի Իսլամական հանրապետութեան մէջ մտահոգութիւն կը պատճառէ. օրինակի համար 2009-ին Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերեսի Ազրպէյճան այցելութիւնը Պաքուի եւ Թեհրանի միջեւ բարդութիւններ ստեղծեց եւ «խորհրդակցութեանց համար» Իրանի դեսպանին տուն կանչուելուն պատճառ դարձաւ։

Ազրպէյճանի ներքին կայունութիւնը ականահարելու Իրանի միտումին վերաբերեալ եւս ուժեղ փաստեր գոյութիւն ունին։ Ուստի, ըստ օտար աղբիւրներու, զարմանալի չէ, որ Ազրպէյճան արեւմտեան եւ իսրայէլեան հակաիրանեան ռազմական եւ տեղեկահաւաքի ջանքերու ռազմավարական կամուրջ մըն է։ Թեհրան մտահոգ է այն իրերայաջորդ, թէեւ պաշտօնապէս հերքուած, տեղեկութիւններէն, թէ իսրայէլեան բանակը Ազրպէյճանը կ՚օգտագործէ իբրեւ Իրանի դէմ յառաջապահ զօրակայան։ Անկախ այդ տարաձայնութեանց ստոյգ ըլլալէն՝ իսրայէլեան իշխանութիւնները կը գնահատեն համագործակցութեան կարեւորութիւնը Ազրպէյճանի հետ, որ կը ջանայ իրանեան սպառնալիքին առջեւ ինքզինք պաշտպանել։ 2012-ի սկիզբը այս գործակցութիւնը ձեռք բերաւ լաւ արդիւնքներ՝ Պաքուի մէջ իսրայէլացի դիւանագէտներու դէմ ահաբեկչական յարձակումներ կ՚անխարգիլուեցան։

Բացի Իրանէն, Ռուսիան եւս պատճառ մըն է, որ Պաքու եւ Թէլ Ավիւ իրենց ռազմավարական գործընկերութիւնը ամրապնդեն։ Իսրայէլ դժգոհ է Միջին Արեւելքի մէջ Ռուսիոյ ներկայութենէն, մասնաւորաբար Իրանի եւ Համմասի հետ անոր կապերէն։

Ազրպէյճան, իր կարգին, դժգոհ է Մոսկուայի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ Հայաստանի զօրակցելու ընթացքէն։ Սակայն, Իսրայէլ կրնայ Ռուսիոյ հետ աւելի լաւ յարաբերութիւններ մշակել շնորհիւ ճարտարագիտական մարզին մէջ համագործակցութենէն բխելիք կարողական շահերուն, ինչպէս նաեւ արմատական իսլամութեան նկատմամբ հասարակաց մտավախութեանց, մանաւանդ, որ հակառակ գործընկերութեան կերպարանքին, Ռուսիոյ Իրանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ բաւական լարուածութիւն գոյութիւն ունի։ Իրան կրնայ Ազրպէյճանի դէմ բուռն կերպով հակազդել, եթէ իր հիւլէական կեդրոններուն դէմ արեւմտեան յարձակում մը տեղի ունենայ։ Պաքու իր կարգին կը գիտակցի, որ Մոսկուա իր աշխարհիկ վարչակարգին կը զօրակցի եւ Կասպից ծովու մասնատման վերաբերեալ Ազրպէյճանի դիրքորոշման նկատմամբ լաւ տրամադրուած է։

Նաեւ գոյութիւն ունի Լեռնային Ղարաբաղի հարցը, որ Ազրպէյճանն ու Իսրայէլը իրարու կապող կէտ մըն է։ Ազրպէյճանի համար Հայաստան թունդ թշնամի մըն է, որուն հետ մօտիկ ապագային հաշտութիւն գոյացնելու լուրջ առիթներ գոյութիւն չունին։ Ինչ կը վերաբերի Իսրայէլի, Հայաստան Իրանի ամէնէն մտերիմ գործընկերներէն մէկն է, ան հաւանաբար նաեւ նախկին խորհրդային հանրապետութիւններէն արգիլուած զէնքերու եւ ճարտարագիտութեան ձեռքբերման համար կամուրջ մըն է։

Իսրայէլ-Ազրպէյճան յարաբերութեանց առջեւ ցցուած արգելքներէն մէկը «թրքական հարցը» կրնայ ըլլալ։ Անցեալին, ատիկա պարզ կը թուէր, որովհետեւ Թուրքիա Ազրպէյճանի ամէնէն մտերիմ դաշնակիցն ու Իսրայէլի ռազմավարական գործընկերն էր։ Սակայն վերջին քանի մը տարուան ընթացքին, Թուրքիոյ իսլամականացման պատճառով կացութիւնը նկատառելի կերպով բարդացած է։ Ներկայիս Իսրայէլը հետաքրքրողը՝ թրքական ազդեցութենէն Ազրպէյճանի հեռացումն է։

Իսրայէլ եւ Ազրպէյճան յարաբերութեանց յաւելեալ ամրապնդումէն մեծապէս պիտի օգտուին։ Իսրայէլեան տեսանկիւնէն՝ տնտեսական կապերը ընդլայնելու լուրջ կարողականութիւն մը գոյութիւն ունի, պարզապէս այն պատճառով, որ Պաքու Իսրայէլի քարիւղ կը ծախէ եւ արդէն իսրայէլեան ճարատարգիտութեան եւ ռազմական ճարտարարուեստի յաճախորդ մըն է։

Իսրայէլի առանց օդաչուի թռչող սարքերը Ազրպէյճանի մէջ նոյնքան պահանջուած են, որքան այլուր։ Իսրայէլի իր ազրպէյճանցի գործընկերին նաեւ զրահապատ մեքենաներ, հրթիռարձակման համակարգեր, «Թաւոր» տիպի հրացաններ եւ փամփուշտեր կը ծախէ։

Բայցեւայնպէս, նկատի ունենալով, որ այդ երկիրներէն ոչ մէկը իր սահմաններէն անդին բաւարար բարեկամներ ունի, պէտք է յստակ ըլլայ, որ իւրաքանչիւր գործընկեր կրնայ միւսին համար պահանջուած արտաքին լոպպիյինկ կատարել։ Ազրպէյճան կրնայ Թուրքիոյ մէջ դրական ազդեցութիւն մը ըլլալ, իսկ Իսրայէլ կրնայ հաւասարապէս օգտակար ըլլալ Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Ազրպէյճանի համար լոպպիյինկ կատարելով։ Թէեւ Երուսաղէմի եւ Պաքուի միջեւ յաւելեալ համագործակցութիւնը կախեալ պիտի ըլլայ աշխարհաքաղաքական զարգացումներէն՝ Իսրայէլ պէտք է այս առիթը օգտագործէ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.