Թուրքիոյ Հայերը Կը Պահանջեն Գաղտնաթիւով Պիտակուած Ցուցակները


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Պոլսոյ Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ հիմնադրամի նախագահ Նազար Օզսահակեան դիմած է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան քաղաքացիութեան գործերով գլխաւոր վարչութեան՝ պահանջելով իրենց յանձնել թիւ «2» գաղտնաթիւը կրող քաղաքացիներու ցուցակները:
Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքին համաձայն՝ Նազար Օզսահակեանի գրաւոր դիմումին մէջ նշուած է, որ պետական տեղեկութիւն ստանալու իրաւունքին ծիրէն ներս կատարուած դիմումին նպատակն է այդ ցուցակները հիմնադրամի խորհուրդի ընտրութիւններուն համար օգտագործել:
Նշենք, որ հայկական «Ակօս» թերթը քրիստոնէութեան վերադարձած եւ իրենց երեխան հայկական դպրոց ուղարկել ցանկացող ընտանիքներուն դիմագրաւած դժուար գործընթացին մասին ուսումնասիրութեամբ մը բացայայտած էր, որ Թուրքիոյ հանրապետութեան հաստատումէն ի վեր, Թուրքիոյ հայերը, քրիստոնեայ այլ փոքրամասնութեաց նման, ունին իրենց յատուկ գաղտնի թիւ մը, որ պետական շրջանակներու մէջ կ՛օգտագործուի: Այնուհետեւ, Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութենէն պատգամաւոր մը այս մասին յաւելեալ բացատրութիւն պահանջեց իշխանութիւններէն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.