Ատրպէյճան Կը Հրապարակէ «Անբաղձալի» Անձերու Ցանկը


ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ուրբաթ, Օգոստոս 2ին հրապարակեց ցանկը այն անձերուն, որոնք պետութեան կողմէ «անբաղձալի» կը նկատուին:
Ցանկին վրայ առայժմ կայ 335 հոգի. անոնք իրաւունք չունին Ատրպէյճան մուտք գործելու՝ «որովհետեւ խախտած են երկիրին օրէնքները եւ գերիշխանութիւնը»:
Նշեալները մեծամասնութեամբ Արցախ այցելած անձնաւորութիւններ են: Անոնց մէջ կան Վալերի Պուայէն, Սերկէյ Մարքենտոնովը, Քարոլայն Քոքսը, Մաքսիմ Միշչենքօն, Քոնսթանթին Զաթուլինը, Ֆրանսուա Ռոշպլուան, Ալ Պանօն եւ Փիթըր Սեմնեպին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.