ՔԱՂԱՔԻ ՄԸ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՄԱՔՐԱԳՈՐԾՄԱՆ ՄԱՍԻՆ ՍՈՒՐԻԱՑԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅԻ ՄԸ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ


 

 

«Քրիշչըն Սոլիտարիթի Ինթըրնաշընըլ» (CSI) կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն տոքթ. Ճոն Էյպնըր, Սուրիա կատարած իր մարդասիրական օժանդակութեան մէկ առաքելութեան ընթացքին, հանդիպում ունեցած է Քուսէյր քաղաքէն սուրիացի քրիստոնեայի մը հետ, որ Էյպնըրի նկարագրած է իսլամ ծայրայեղականներու կողմէ քաղաքի քրիստոնեայ բնակչութեան մաքրագործումը։

Ըստ CSI-ի, քաղաքացիական պատերազմէն առաջ, Արեւելեան Սուրիոյ Լիբանանի հետ սահմանին մօտ գտնուող, Քուսէյր քաղաքի բնակչութեան թիւը 40 հազար էր, որուն 7 հազարը՝ քրիստոնեաներ։

Քրիստոնեայ վկան՝ Ֆատուլ ապու Եուհաննա Քասուհա յայտնած է, որ 2011-ի վերջաւորութեան քաղաքի սիւննի բնակիչները քրիստոնեաներէն պահանջած են՝ կամ իրենց հակակառավարական ցոյցերուն միանալ եւ կամ հեռանալ քաղաքէն, իսկ եթէ քաղաքէն չհեռանան պիտի սպաննուին։ Ըստ անոր, քաղաքի սիւնիի իսլամները մզկիթներու բարձրախօսերը օգտագործած են եւ քրիստոնեայ ընտանիքներուն մէկ առ մէկ՝ իրենց անուններով հեռանալու կոչ ուղղած են։

Հետագային օտար իսլամ ժիհատականներ միացած են տեղւոյն սիւննի ծայրայեղականներուն եւ քաղաքը քրիստոնեաներէ մաքրագործած։ Ֆատուլ պատմած է, թէ մարտ 2012-ին բազմաթիւ օտար ժիհատականներ Քուսէյր եկած են եւ քրիստոնեաներու թաղամասը պաշարած։ Տեղացի սիւննիներու ամբոխ մը անոնց միացած է։ Յաջորդ օրը բոլոր քրիստոնեաները՝ 870 ընտանիքներ հեռացած են Քուսէյրէն եւ միայն երկու կամ երեք տարեց քրիստոնեաներ այդտեղ մնացած են։ Հեռացողներուն մեծամասնութիւնը իրենց հետ ոչինչ տարած են եւ ոչ ոքէ օգնութիւն ստացած։

Սուրիացի քրիստոնեաները, որոնք Սուրիոյ շուրջ 22 միլիոն բնակչութեան 10 առ հարիւրը կը կազմեն՝ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին պատճառով դժուար կացութեան մատնուած են։ Անոնցմէ շատեր կը զօրակցին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի դէմ ըմբոստութեան։ Բազմաթիւ քրիստոնեաներ այն մտավախութիւնն ունին, որ եթէ Ասատ տապալի եւ անոր տեղ իշխանութեան հասնին իսլամականները՝ աւելի մեծ հալածանքի պիտի ենթարկուին։

Նկարը՝ Քուսէյրի ռումբերէ վնասուած Ս. Եղիա եկեղեցին։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.