ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՊԱՏԿԱՆ ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՒԻՆ


 

 

Թրքական ,Հապէր Թիւրքե թերթը Յուլիս 7ին կը գրէր, թէ Տիգրանակերտի (Տիյարպաքըր) մէջ հայապատկան 17 կալուածներ վերադարձուած են հայ համայնքին:

Իր լրատւութեան մէջ, թերթը հետաքրքրական մանրամասնութիւններով կը բացատրէ, թէ 2009-ին երբ ձեռնարկուեցաւ Տիգրանակերտի Սուր գիւղաքաղաքին մէջ Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աշխատանքներուն, եկեղեցիին մէջ գտնուեցաւ հայատառ տոմար մը, որուն մէջ արձանագրուած էր թէ՝ հայ բնակչութիւնը Տիգրանակերտի 20 թաղամասերու մէջ 1915էն առաջ ունէր 190 ազգապատկան կալուածներ՝ հողեր, տուներ, աղօթարաններ եւլն.: Սուրբ Կիրակոսի Թաղային Խորհուրդը կալուածներուն վերադարձը ապահովելու համար 2009ին դիմում կատարած է Վաքըֆներու (Հիմնարկներու) ընդհանուր տնօրէնութեան: Յայտնի դարձած է, որ Հայերը քաղաքին թաղամասերէն մէկուն մէջ 15 հազար քառ. մեթր տարածքի վրայ 17 այլ կալուածներ եւս ունին: Այսօր ատոնք են որ կը վերադարձուին: Սակայն ամէն ինչ այնքան ալ պարզ չէ, քանի որ ներկայիս այդ կալուածներուն վրայ փախստական կառոյցներ եւ պետական կարգ մը շէնքեր բարձրացած են, ինչ որ բարդութիւններ կը ստեղծէ:

Սուրբ Կիրակոսի Թաղային Խորհուրդը հիմա նայուածքը յառած է վերոնշեալ 190 կալուածներուն, որոնց վերստացումը դիւրին գործ պիտի չըլլայ վստահաբար: Նկարը՝ Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցին։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.