Հակառակ բազմաբնոյթ դժուարութիւններու, Հալէպի գաղութը կը շարունակէ իր գոյապայքարը


 

 

Յուլիս 10-ին, «Հորիզոն»ի խմբագրութիւնը հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ կապ հաստատեց Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ, ստուգելու համար ընդդիմադիր ուժերու կողմէ Հալէպի շրջափակման լուրերուն մանրամասնութիւնները։

Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնեց, թէ քաղաքի կառավարական ուժերու հսկողութեան տակ գտնուող շրջանները 8 օրէ ի վեր պաշարման շղթայի տակ առնուած են, որ պատճառ դարձած է բնակչութեան մօտ ընկերային եւ կենցաղային դժուարութիւններու յառաջացման։

Ամէնէն սուր տագնապն է Սննդամթերքի պարագան։ Ակիւրի տագնապի պատճառով, շատ մը փուռեր դադրած են գործելէ, որուն պատճառով քաղաքին մէջ ստեղծուած է հացի տագնապ, ուր կարգ մը արուարձաններ ու թաղամասեր օրերէ ի վեր զրկուած կը մնան հացէ։

Շրջափակման պատճառով շուկայէն անհետացած են նաեւ բանջարեղէններն ու մսեղէնները։

Սուրիական դրամանիշի անկման հետեւանքով սղաճը սուր բնոյթ ստացած է։ Դեղարաններու դարաններէն կարգ մը պիտանի ու տարրական դեղահատներու պակասը զգալի դարձած է։ Վառելանիւթի գիները հասած են առասպելական չափերու։

Ան յայտնեց նաեւ, թէ Յուլիս 10-ի երեկոյեան, կարգ մը լուրեր տարտածուած են, թէ ժողովուրդի բարձրացուցած բողոքին պատճառով, ընդդիմադիրները կարգ մը շրջաններու մէջ թոյլատրած են պարէնի եւ մթերքներու փոխադրութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, կառավարութիւնը իր կարգին կը փորձէ յատուկ միջոցառումներով դարմանել կացութիւնը։

Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնեց, որ հակառակ նման բազնաբնոյթ դժուարութիւններու, Հալէպի հայութիւնը կը շարունակէ իր գոյապայքարը եւ հաստատեց, թէ ամբողջ պատերազմի տեւողութեան, հայ եկեղեցին, հայ դպրոցը եւ հայ ակումբն ու հաւաքավայրը երբեք չփակեցին իրենց դռները։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.