ՀՅԴ Գանատայի 43-րդ Շրջանային ժողովի յայտարարութիւն


 

Յուլիս 5-7 շաբաթավերջին, Մոնթրէալի մէջ կայացաւ ՀՅԴ Գանատայի 43-րդ Շրջանային ժողովը, մասնակցութեամբ Վանգուվըրի, Թորոնթոյի, Լաւալի, Գէմպրիճի, Ս. Գաթրինզի Մոնթրէալի, եւ Համիլթընի կոմիտէութեանց պատգամաւորներուն, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական եւ ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեանց պատգամաւորներուն: Ժողովին ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը, ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու եւ ՀՅԴ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէներու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ ուղեկից կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ:

Եռօրեայ նիստերու ընթացքին, քննարկուեցան Հայ Դատի, կազմակերպական, քարոզչական, եւ համագաղութային հարցեր եւ անոնց լուծման ի խնդիր տրուեցան համապատասխան որոշումներ:

Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, ժողովը հունաւորեց Գանատայի մէջ Հայ Դատի աշխատանքներու յառաջիկայ ռազմավարութիւնը:

Ժողովը հանգամանօրէն քննարկման բովէ անցուց Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած տագնապը եւ հաստատեց իր զօրակցութիւնը Սուրիոյ գաղութին։

Ժողովը յատուկ ուշադրութեամբ քննարկման սեղանի վրայ բերաւ հայապահպանման խնդիրը, յատուկ շեշտ դնելով ապագայ սերունդներու ազգային ինքնութեան պահպանումը երաշխաւորող հայեցի դաստիարակութեան հարցին վրայ:

Շրջանային ժողովը վերահաստատեց նաեւ ՀՅԴ Գանատայի շրջանի յանձնառութիւնները հայրենիքի հզօրացման եւ հայութեան պատմական իրաւունքներու վերականգնման գծով:

Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ 2013-2015 տարեշրջանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմը:

 ՀՅԴ Գանատայի 43-րդ Շրջանային ժողով


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.