12 օրուայ մէջ Թուրքիա Եւրոպական վեց երկիրներու հետ հակամարտութիւն ունի

Էվրէնսէլ թերթը կը գրէ որ սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէի սեմին Ա-ԳԷ-ՓԷ կուսակցութիւնը Թուրքիոյ եւ Եւրոպական երկիրներու միջեւ հակամարտութեան պատճառ դարձած է։

Հանրաքուէէն առաջ Թուրքիոյ կառավարութիւնը փորձեց »այո«ի քարոզարշաւ կազմակերպել Եւրոպական կարգ մը երկիրներու մէջ, ուր մեծ թիւով Թուրքիոյ հայրենակիցներ կ՛ապրին։ Սակայն եւրոպական երկիրները արգիլեցին թուրք գործիչներու քարոզչական գործունէութիւնը, հնչեցին փոխադարձ քննադատութիւններ, սահմանուեցան պատժամիջոցներ։ Աղբիւրի նութագրումով, «Ա-ԳԷ-ՓԷի հանրաքուէի ընթացքին դրական քուէ ստանալու յամառ ջանքերու որպէս արդիւնք 12 օրուայ մէջ Թուրքիա սրեց եւրոպական կարգ մը երկիրներու հետ յարաբերութիւնները»։

Էվրէնսէլ կը ներկայացնէ եւրոպական վեց երկիրներու ու Թուրքիոյ միջեւ ձգտեալ իրավիճակի մանրամասնութիւնները։

Գերմանիա

Դատական Նախարար Պէքիր Պոզտաղ քարոզչական հանրահաւաք պիտի կազմակերպէր Գերմանիոյ մէջ, սակայն 2 Մարտին, գերմանական կողմը հրաժարեցաւ սրահ տրամադրել։ Ըստ լրատուամիջոցներուն, պատճառը Թուրքիոյ մէջ գերմանական «Տի Վէլթ» թերթի թղթակից Տէնիզ Եւճելի ձերբակալութիւնն էր! Նախարար Պոզտաղ ստիպուեցաւ վերադառնալ

Թուրքիա

Աւելի ուշ Գերմանիա արգիլեց նաեւ Տնտեսական Նախարար Զէյպիքճիի ու Արտաքին Գործոց Նախարար Չաւուշօղլուի ղեկավարութեամբ կայանալիք նոյնատիպ հանրահաւաքները։ Նախագահ Էրտողան Գերմանիոյ   այս քաղաքականութիւնը բաղդատեց ֆաշիզմի հետ, ինչ որ ա՛լ աւելի սրեց կացութիւնը։

Հակամարտութիւնը չմեղմացաւ նոյնիսկ երկու երկիրներու Արտաքին ԳործոցՆախարարներու հանդիպումէն ետք։

Հոլանտա

Գարոզչական արշաւներու հետ կապուած ամենամեծ ճգնաժամը ծագեցաւ Թուրքիոյ եւ Հոլանտայի միջեւ։ Հոլանտայի կառավարութիւնը նախապէս ազդարարած էր որ Թուրք գործիչներ չեն կրնար Հոլանտայի մէջ նախաընտրական քարոզարշաւ իրակացնացնել, սակայն Արտաքին նախարար Չաւուշօղլու այնուամենայնիւ փորձեց Ռոթերտամի մէջ հաւաք մը կազմակերպել։ Հոլանտա չարտօնեց որ Չաւուշօղլու օդանաւը վայրէջք կատարէ իր տարածքին մէջ։

Նոյն օրը արգիլուեցաւ նաեւ Ընտանիքի Նախարար Ֆաթմա Գայայի այցելութիւնը։ Վայրէջքի արտօնութիւն չստանալով, Նախարար Գայա ցամաքի ճամբով մուտք գործեց երկիր ու գնաց Ռոթերտամի մէջ Հոլանտա Թուրքիոյ հիւպատոսարան, սակայն Հոլանտայի ոստիկանութիւնը արգելք եղաւ ու արտաքսեց Նախարարը։

Փոխադարձելով Թուրքիա յայտարարեց Հոլանտայի դէմ պատժամիջոցներ կիրարկելու մասին։ Նախագահ Էրտողան Հոլանտան անուանեց » Ֆշիզմի մնացորդ«։ Հոլանտայի մէջ անվտանգութեան նկատառումներով փակուեցան Թուրքիոյ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները, իսկ Անգարայի մէջ Հոլանտայի դեսպանը, որ արձակուրդի պատճառով մեկնած էր իր երկիրը, չվերադարձաւ Թուրքիա։

Աւստրիա

Աւստրիոյ Վարչապետ Քրիստիան Քէրն 5 Մարտին յայտարարեց որ Ա-ԳԷ-ՓԷի կողմէ ամբողջ Եւրոպայի մէջ կազմակերպուելիք քարոզչական բոլոր միջոցարումները պէտք է արգիլուին։ Քէրն իր այդ տեսակէտը հիմնաւորեց հիմնաւորեց այն հանգամանքով, որ Թուրքիոյ մէջ տկարացած է օրէնքի գերակայութիւնը։ Աւստրիոյ Վարչապետը աւելցուց նաեւ որ անհրայեշտ է դադրեցնել Թուրքիոյ Եւրոպայի հետ համարկումի բանակցութիւնները, քանի որ այդ երկիրը կ՛ոտնահարէ եւրոպական արժէքները։ Քէրն նշեց որ վերջին տարիներուն Թուրքիոյ մէջ աւելի յաճախ կ՛ոտնահարուին մարդու իրաւունքներն ու եւրոպական արժէքները, մամուլի ազատութիւնը չի ճանչցուիր։ Ան խոստացաւ ամէն կերպով խոչընդոտել թուրք քաղաքական գործիչներու Աւստրիոյ մէջ քարոզարշաւ իրականացնելու հաւանական բոլոր ջանքերը։

Պէլճիքա

14 Մարտին չեղեալ նկատուեցաւ Թուրիոյ ընդդիմադիր ՄԷ-ՀԷ-ՓԷ կուսակցութեան կողմէ նախաձեռնուած քարոզչական հանրահաւաքը Անվէրս քաղաքին մէջ։ Այդ որոշումը հիմնաւորուեցաւ այն հանգամանքով որ հաւաքը կրնայ սպառնալիք ստեղծել հասարակական կարգի ու անվտանգութեան համար։

Շուէտ

12 Մարտին Շուէտի մէջ չեղեալ յայտարարուեցաւ Թուրքիոյ Գիւղատնտեսութեան Նախարար Մէհտի Էքէրի գլխաւորութեամբ կայանալիք քարոզչական հաւաքը, քանի որ սրահի տէրը հրաժարեցաւ հաւաքի համար տարած տրամադրել, սակայն նոյն օրը հաւաքի համար թուրք գործիչին այլ սրահ մը տրամադրուեցաւ։ Շուէտի Վարչապետ Սթէֆըն Լիոֆվէն 14 Մարտին յայտարարեց որ իրենք մտահոգութեամբ կը հետեւին Թուրքիոյ զարգացումներուն։

Դանիա

Հոլանտայի ու Թուրքիոյ միջեւ ստեղծուած ճգնաժամի խորապատկերի վրայ Դանիոյ Վարչապետ Ռասմուսէն առաջարկեց յետաձգել Վարչապետ Եըլտըրըմի այցելութիւնը։

«Ես կ՛ուզէիբնականոն պայմաներու տակ Պինալի Եըլտըրըմի հետ միասին քննարկել Թուրքիոյ զարգացումները։ Ես չեմ կրնար այս համապատկերի վրայ նկատի չառնել Հոլանտայի դէմ Թուրքիոյ որդեգրած դիրքորոշումը։ Այդ իսկ պատճառով Թուրքիայէն խնդրեցի չեղեալ նկատել Վարչապետի այցելութիունը», ըսաւ Ռասմուսէն։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.