Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Դարձեալ Պարտուեցաւ


Հանքաւանի մէջ մարզական հաւաք կատարող Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը իր կատարած բարեկամական 2-րդ մրցումին եւս պարտութիւն կրեց Արարատ Երեւանէն` 2-1 արդիւնքով: Առաջինին, գլխաւոր մարզիչ Աբրահամ Խաշմանեանի կազմը 2-0 արդիւնքով պարտուած էր Գանձասար Կապանէն: Հաւաքականին միակ կոլը նշանակեց Համլեթ Ասոյեան, Ա. կիսախաղին` փենալթիով, կը յայտնէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը:  


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.