Կռփամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Արման Աւագեան Տիրացաւ Պրոնզ Մետալին


Մինսքի մէջ (Ուքրանիա) տեղի ունեցող Եւրոպայի կռփամարտի ախոյեանութեան ծիրին մէջ իր կատարած մրցումին, Հայաստանի ներկայացուցիչ Արման Աւագեան 56 քկ դասակարգին մէջ չյաջողեցաւ հասնիլ աւարտական հանգրուան, երբ պարտուեցաւ ուքրանացի իր մրցակիցէն` Միքոլա Փուցենքոյէն: Այսպիսով, ան բաւականացաւ պրոնզ մետալով: Նշենք, որ նախքան իր այս պարտութիւնը կրելը, Աւագեան յաջորդաբար յաղթած էր Քամալ Եաֆալի (Անգլիա) եւ Սամիր Մամաթովի (Ազրպէյճան):


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.