Հայ Ճատրակ Խաղացողները Կը Մասնակցին Աշխարհի Ախոյեանութեան


Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը (Armchess.am) կը հաղորդէ, որ ճատրակի ողիմպիականի ախոյեաններ, կրանտմասթըրներ Սերկէյ Մովսիսեան, Վլատիմիր Յակոբեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, ինչպէս նաեւ միջազգային վարպետ Աշոտ Նատանեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 6-10 յունիս 2013-ին Խանթի Մանսիսքի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունենալիք աշխարհի արագ եւ կայծակնային ճատրակի ախոյեանութեան: Մրցումները պիտի սկսին ժամը 13:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով:  


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.