«Ւմ գործերուս մէջ լոյսը միշտ ներկայ է». Հարցազրոյց հայրենի երգահան երաժիշտ Արեգ Լուսինեանի հետ

Սեպտեմբերին լոյս տեսաւ Արեգ Լուսինեանի երաժշտական յօրինմամբ Մանկապատանեկան Պատարագին խտասալիկը (CD): Այս Պատարագը կը վայելէ Օրհնութիւնը Գանատայի Հայոց Թեմին Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի: Յօրինման հովանաւորն է Տիկ. Շաքէ Կէօնճեան, իսկ խտասալիկին հովանաւորը՝ Մանուկ եւ Աննա Ջուխաճեան, երգչախումբն է՝ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ ”Նոր Ծաղիկ”ը: Մանկապատանեկան Պատարագին կատարումը խմբավարութեամբ Տիկ. Էլօ Պտղունի-Հարպոյեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Տիկ. Դալար Հարպոյեան-Գալլօղլեանի՝ ներշնչիչ է ու վերացնող:

Հոկտեմբեր 21-ին Մոնթրէալի մէջ կայացաւ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ «Նոր Ծաղիկ» մանկապատանեկան երգչախումբի հոգեւոր երգերու համերգը, որուն հասոյթը՝ 33 հազար տոլար  յատկացուեցաւ Ստեփանակերտի ՀՕՄ-ի «Սօսէ» նորակառոյց մանկապարտէզին։

Ստորեւ կը ներկայացնենք երգահան Արեգ Լուսինեանի հետ հարցազրոյց մը, զորս կատարած է «Հորիզոն»ի աշխատակից, դաշնակահար-երաժշտագէտ Փաթիլ Հարպյեանը։

 

-Ի՞նչն է որ ձեզ մղած է դէպի մանկական երաժշտութեան ստեղծագործման։

Ա.Լ. Իրականութեան մէջ, մանուկները իրենց անկեղծութեամբ, ծիծաղով, լոյսով ու պարզութեամբ զիս միշտ աւելի ոգեւորած են քան մեծահասակները։ Միրզոյեանը նոյնիսկ ըսած է թէ «Լուսինեանը կարծէք մանուկ մնացած է…»

– Իսկ երբ կը յօրինէք մանկական երաժշտութիւն, ստեղծագործական աշխատանքը ինչո՞վ կը տարբերի։

Ա.Լ. Նախքան մանկական երաժշտութեան գործերուս, ես լայնածաւալ գործեր կը գրէի։ Տարիներ առա՚ջ, երբ ինծմէ խնդրուեցաւ նոր մանկական երգերու դասագիրք պատրաստել, այն ատեն էր, որ ես ոգեւորուեցայ ու սկսայ մանկական երգեր գրել։ Ես կը փորձեմ մտնել իրենց ներաշխարհը ու գիտնալ անոնց հոգեկան ապրումներն ու ցանկութիւնները։ Կարեւոր է նաեւ յարգել անոնց կարողութեան սահմանները։ Պարզ է թէ տարբեր բովանդակութեամբ գործեր են։

– Ցեր ոճը ընդհանրապէս լուսաւոր է եւ մեղեդիները կեանքով լի։ Բնական է, որ իբրեւ մարդ երբեմն կ՚ունենաք նաեւ ոչ ուրախ օրեր։ Այդպիսի օրերուն կարո՞ղ էք անջատել ձեր ներաշխարհը կեանքի առօրեայէն ու յօրինել դարձեալ լոյսով լի երաժշտութիւն։

Ա.Լ. Իմ երաժշտութիւնը ինքնին միշտ լուսաւոր է։ Իմ կեանքը յաճախ եղած է դաժան ու դժուար։ Հետաքրքրական է, որ ես նոյնիսկ կը զարմանամ թէ ինչպէս միշտ պայծառ երաժշտութիւն կը յայտնաբերուի իմ գործերուս մէջ։ Երբ տարիներ առաջ իմ գործերէս «Սիմֆոնիա-Ռեքվիէմ»ը ներկայացուեցաւ, ղեկավար Ասատրեանը նկատած էր թէ հոգեհանգիստի մը մութ բնոյթովն հանդերձ՝ իմ գործը կ՚աւարտի լոյսով։

-Լոյսը ձեր մօտ միշտ հետաքրքրական նիւթ եղած է։ Արդեօ՞ք ճիշդ է։

Ա.Լ. Ես փոքր տարիքէս գրած եմ հազարաւոր փիլիսոփայական գաղափարներ ու առածներ։ Լոյսի մասին օրինակ գրած եմ թէ՝ «Ո՞վ ըսաւ լոյսը մարած է. իմ գործերուս մէջ լոյսը միշտ ներկայ է սակայն կախում ունի թէ ո՞ր կողմէն կը նայինք լոյսին…»…

– Ճի՞շդ է թէ այս Մանկապատանեկան Պատարագի յօրինումէն առաջ դուք գրեթէ քսան տարիներէ ի վեր չէիք ստեղծագործած։

Ա.Լ. Այո, բացի «Պահպանիչ Աղօթք»-էն ու «Հաւատով Խոստովանիմ»-էն, որոնք 1998ի եւ 1999ի միջեւ գրուած են։ Ինծի համար իւրաքանչիւր օր որ չեմ ստեղծագործեր՝ սուգ է։

– Ի՞նչն է որ ձեզ ներշնչեց ուրեմն այս Պատարագի պարագային։

Ա.Լ. Ինչպէս գիտէք ես թէ՛ եւ թէ՛ ոչ-հոգեւոր երգեր գրած եմ։ Սակայն հոգեւոր երգերու ստեղծագործութեան ժամանակ կարծէք իմ եւ Աստուծոյ միջեւ կապ մը կը հաստատուի։ Եւ ուրեմն նոյնն էր պարագան այս քառաձայն Մանկապատանեկան Պատարագին, որ մէկ ամիսէն արդէն ամբողջացած էր ընդամէնը տասնըեօթ երգերով։

– Ի՞նչպէս կ՚ընթանայ ստեղծագործութիւնը. երգ առ ե՞րգ կը յօրինէք թէ տարբեր երգերու վրայ կ՚աշխատիք միաժամանակ։

Ա.Լ. Այս Պատարագին պարագային, երգ առ երգ։ Եւ երբ կը լրանայ գործը այլեւս ոչ մէկ բան չեմ փոխեր։ Ես շատ խիստ եմ իմ մեղեդիներու ընտրութեան եւ կառուցման մէջ եւ անոնք երբեք իրար չեն նմանիր։

– Այս գործին մէջ, leitmotiv կամ հիմնական մեղեդի եւ կամ բներգ մը կա՞յ որ կը միացնէ բոլոր երգերը իրարու։

Ա.Լ. Այո, leitmotiv-ը «Եւ Ողորմեա»-ն է որ ինքնին երեք ձայնանիշերու (note) վրայ հիմնուած է։ Այդ բներգը չորս ձայներուն մէջ եւ բոլոր երգերուն մէջ կը գտնէք, յաճախ տարբեր ձայնականութեամբ (tonalité)։ Ան կը ներկայացնէ ժողովուրդին ձայնը որ կարծէք զղջում կը խնդրէ։

 

– Ստեղծագործը ի՞նչ ապրումներ կ՚ունենայ երբ իր գործը բեմի վրայ կը լսէ։ Ի՞նչ էին ձեր զգացումները երբ Նոր Ծաղիկ երգչախումբը կատարեց ձեր գործը։

Ա.Լ. Իմ ստեղծագործութիւնները ինծի շատ մօտ են։ Երբ Մանկապատանեկան Պատարագը կը լսէյի անցեալ Շաբաթ օր Նոր Ծաղիկ-ի մանուկներու շրթներէն, շատ անգամներ իմ աչքերս արցունքով լեցուած էին։ Կարգ մը համարներու մէջ իսկապէս լացս կու գար։

– Ի՞նչ էր ձեր տպաւորութիւնը Նոր Ծաղիկի մեկնաբանութեան վրայ։

Ա.Լ. Չէի սպասեր…իսկապէս չէի սպասեր այս որակի պատրաստութիւն մը։ Ըսեմ թէ ինչու- Տիկին Էլօն միշտ կը յիշեցնէր զիս, թէ այս փոքրիկները արուեստագէտ չեն եւ ընդհանրապէս երաժշտական գիտելիքներէ զուրկ։ Ես կեանքիս մէջ շատ մը խումբեր լսած եմ եւ Շաբաթ օրուայ համերգէն ետք ես իմ կարծիքս փոխեցի։ Փոխեցի որովհետեւ իրօք մաքրութիւն, նրբերանգ, եւ մեկնաբանութիւն կար Նոր Ծաղիկի երգեցողութեան մէջ։ Ապրե՛ն իրենք բոլորը։

– Պիտի ուզէի՞ք որեւէ փոփոխութիւն մեկնաբանութեան մէջ։

Ա.Լ. Կենդանի կատարման ժամանակ՝ երգերու միջեւ ընդմիջումները կը վերցնէի։ Ատկէ զատ, լսելէս ետք նկատեցի թէ կարգ մը երգերու մէջ ձայնանիշեր կան որ շատ բարձր են մանուկներու ձայնին համար։ Այս բաները փորձելով կը գիտնանք։

-Ի՞նչպէս կը գնահատէք Հայ դասական երաժշտութեան վիճակը այս օրերուն։

Ա.Լ. Այս մէկը շատ բարդ հարց է։ Դասական երաժշտութիւն չկայ արդէն…զգացմունքային բաներ քիչ կան, հակառակ որ այս օրերուն շատ են գրողները- թէ վատը ու լաւը, սակայն լաւերը քիչ են։ Դժբախտաբար ամէն ճաշակի երաժշտութիւն ունինք…Ժամանակին ձայնասփիւռէն կը լսէինք Պաղտասարեան, Հախինեան եւայլն, սակայն այլեւս չկան անոնք։ Իմ գործերը մօտ 270 անգամ կը հնչէին մէկ տարուան մէջ։ Սակայն օրերը եւ պայմանները ներկայիս փոխուած են….:

-Շնորհակալութիւն պրն. Լուսինեան: Ձեզի կը մաղթենք քաջառողջութիւն, որպէսզի կարողանաք միշտ լուսաւորել Հայուն եւ նամանաւանդ Հայ մանուկին աշխարհը ձեր երգերով։

Հարցազրոյցը վարեց՝ Փաթիլ Հարպոյեան

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.