ՀՄԸՄ-ի Գանատայի մարզախաղերու նախապատրաստական աշխատանքները

«Ուժեղ մարմին, առողջ միտք եւ աննկուն կամք․․.

Ազգի մը յառաջդիմութեան ամուր հիմերն են․․․»

Շաւարշ Քրիսեանի գաղափարական ոգիէն ներշնչուած եւ անոր տեսլականով ուղղորդուած, Գանատայի շրջանը աւելի քան յիսուն տարիներէ ի վեր կը կազմակերպէ մարզական միջոցառումներ, համախմբելով ՀՄԸՄ-ական մարզիկներ, մարզիչներ եւ փորձառու պատասխանատուներ, մէկ նպատակի եւ մէկ գաղափարի շուրջ՝ կերտել մարզիկին միտքն ու հոգին, մրցակցութեան ազնիւ հոգին սերմանելով անոնց մէջ։

Լայնածաւալ, երկարատեւ եւ հետեւողական ծրագիրներու, ժողովներու եւ հմուտ ու մասնագէտ անդամներու աշխատանքի արգասիքն են Գանատայի մարզական խաղերը։

Առ Այդ, ձեր ուշադրութեան կը յանձնենք Թորոնթոյի մէջ կայանալիք Գանատայի մասնաճիւղերու մարզախաղերու նախապատրաստական աշխատանքները:

ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԻՉ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ՝ ԹՈՐՈՆԹՕ

Թորոնթոյի մասնաճիւղի վարչութեան նշանակումով, առաջ եկաւ Գանատայի շրջանի 53-րդ մարզական խաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբը, որ պիտի կատարէ ծրագրային եւ կազմակերպչական բոլոր աշխատանքները։ Վերոնշեալ յանձնախումբը կազմուեցաւ յունուար 2026-ին, որ պարբերաբար գումարեց իր ժողովները: Սակայն ամիսներու թաւալումով աշխատանքը հետզհետէ ծանրանալով, յանձնախումբը ունեցաւ շաբաթական ժողովներ։ Հոս կարելի է նշել թէ, սոյն ժողովներուն տեղի ունեցան առցանց հանդիպումներ Գանատայի եւ Ամերիկայի մասնակից մասնաճիւղերուն հետ։

Կազմակերպչական յանձնախումբը իր կազմութենէն անմիջապէս ետք, Թորոնթոյի մասնաճիւղէն ներս կատարեց մրցոյթ մը, որ կը միտէր մարզախաղերու նշանակի յայտնաբերումը․ մրցոյթի աւարտին նշանակը համադրուեցաւ, վաւերացուեցաւ եւ գործածութեան դրուեցաւ։

Գանատայի շրջանի վեց մասնաճիւղեր եւ երկու միաւորներ ինչպէս նաեւ Ամերիկայի արեւելեան շրջանի երեք մասնաճիւղեր մաս պիտի կազմեն Գանատայի մարզական խաղերուն՝ կողովագնդակի, ոտնագնդակի, ցանցագնդակի, սեղանի թենիսի եւ ճատրակի մարզախաղերով։

Կազմակերպիչ յանձնախումբը ծրագրեց եւ ապահովեց դաշտերը, կատարեց պանդոկներու ապահովման աշխատանքները, կազմակերպեց Յաղթանակի խրախճանքի յայտագիրը, որմէ ետք յանձնախումբը պատրաստեց տեղեկատուական թղթածրար մը եւ ուղարկեց բոլոր մասնաճիւղերուն․ յանձնախումբը որոշեց իւրաքանչիւր մարզախաղի պատասխանատու մը, որ պիտի հետապնդէր աշխատանքները․ առաջացուց հաղորդագրութեան յանձնախումբ մը, որ անմիջական լուրերը եւ տեղեկութիւնները պիտի հաղորդէր հետեւողներուն․ ամենայն բծախնդրութեամբ կազմուեցաւ բուժօգնութեան յանձնախումբ մը, որ մշտական ներկայութեամբ պիտի կատարէ իրեն վստահուած աշխատանքը․ իսկ իրաւարարները ներկայ պիտի ըլլան խաղերուն, որոնք բոլորն ալ Օնթարիոյի մակարդակի արհեստավարժ իրաւարաններ են։

Սոյն մարզախաղերուն բացման արարողութիւնը, տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 28 նոյեմբեր 2026-ին առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Թորոնթոյի մէջ, որուն պիտի մասնակցին բոլոր մասնակիցները, Թորոնթոյի սկաուտական կազմը, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբի հնչեղութեամբ, նաեւ ձեռնարկին ներկայ պիտի ըլլան հիւրեր, ՀՄԸՄ-ականներ եւ համակիրներ։

Յաղթական խումբերը պիտի ստանան մետալներ, իսկ ախոյեան խումբը՝ բաժակ։

Սոյն աշխատանքներուն մէջ մեծ ներդրում ունեցան բոլոր այն հաւատարիմ ՀՄԸՄ-ականներն ու համակիրները, որոնք իրենց նիւթական եւ բարոյական աջակցութեամբ քաջալերել հանդիսացան 53-րդ մարզախաղերուն:

ՀՄԸՄ-ԿԱՄՔ ՄՈՆԹՐԷԱԼԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

ՀՄԸՄ-Կամք Մոնթրէալի մասնաճիւղի վարչութեան մարզական խորհուրդը ամիսներ առաջ սկսաւ կատարել Միջ-մասնաճիւղային խաղերու ծրագրային աշխատանքներն ու փորձերը։ Սոյն մրցախաղերուն մասնաճիւղը պիտի մասնակցի կողովագնդակի, ոտնագնդակի, ցանցագնդակի, սեղանի թենիսի եւ ճատրակի մրցախաղերով․ հոս կարելի է նշել, որ ՀՄԸՄ-Կամք Մոնթրէալի մասնաճիւղը մօտաւոր հարիւր յիսուն մարզիկներով, պատասխանատուներով իրենց ներկայութիւնը պիտի բերեն սոյն մրցախաղերուն։ Տեղին է նշել նաեւ, թէ մարզախաղերու որոշ նիւթական աջակցութեամբ նեցուկ կանգնեցաւ վարչութիւնը, ուր տարեկան կարգ մը ծրագրային աշխատանքներու հասոյթներէն մասնակի յատկացում մը կը տրամադրուի մարզախաղերու մասնակիցներուն։

Ամիսներու ընթացքին փորձառու եւ մարզիկ պատասխանատուներու կողմէ տեղի ունեցած փորձերը առաւել եւս մասնագիտական բնոյթ կ’ունենան վերջին ամիսներուն, որոնց ընթացքին մարզիկներ հետեւողական փորձերով եւ մշտական աշխատանքով կը պատրաստուին մարզախաղերուն։

ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

Թորոնթոյի մասնաճիւղը աւելի քան հարիւր յիսուն անդամներով մաս պիտի կազմէ սոյն մարզախաղերուն։ Մարզումներն ու դաշտային փորձերը տարուան ընթացքին տեղի կ’ունենան, ուր հմուտ եւ մասնագէտ մարզիչներու կողմէ մարզիկներ կը մարզուին, կը սորվին խաղին օրէնքները եւ այսպիսով կ’որոշուին ընտրեալ մարզիկները։

Թորոնթօն Գանատայի մարզախաղերուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ կողովագնդակի, ցանցագնդակի, ոտնագնդակի, սեղանի թենիսի եւ ճատրակի մարզախաղերով։

Հոս կարելի է աչքի առաջ բերել, թէ մարզիկներ տարուան ընթացքին իրենց փորձերը կը կատարեն Թորոնթոյի ՀՄԸՄ-ի դաշտին մէջ։

Վարչութիւնը մարզախաղերուն ընթացքին յատկանշական նուէրով մը բարձր կը գնահատէ մարզիչներուն բծախնդիր աշխատանքն ու տարուան ընթացքին իրենց ցուցաբերած նուիրումն ու զոհողութիւնը։

ԼԱՒԱԼԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

Լաւալի մասնաճիւղի մարզիկները մեծ խանդավառութեամբ սեղանի թենիսի, ճատրակի եւ կողովագնդակի 17 մարզիկներով իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն այս խաղերուն։

Տարուան ընթացքին յարատեւ եւ լարուած մարզումները ինքնին կ’աշխուժացնեն մարզիկները։ Տեղին է նշել, թէ մարզումները կը կատարուէին մասնագէտ մարզիչներու կողմէ, որոնք յարատեւ եւ հերթական հետապնդումով առաջ կը տանին մարզիկներու փորձերը եւ կը պատրաստեն ապագայի մարզական ոգիով աշխոյժ մարզիկներ։

ԳԵՄՊՐԻՃԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

Մասնաճիւղի Մարզական յանձնախումբին աշխատանքով տեղի կ’ունենան մասնաճիւղի մարզումները։ Երկարաժամկէտ դրութեամբ կը կատարուին մարզիկներուն փորձերը, վարժ եւ փորձառու մարզիչներու կողմէ։

Գեմպրիճի մասնաճիւղը մօտաւոր քառասուն մարզիկներով եւ պատասխանատուներով իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն սոյն մարզախաղերուն՝ կողովագնդակի, ոտնագնդակի, վեթերան ոտնագնդակի, ցանցագնդակի (տղաք եւ աղջիկներ) եւ ճատրակի մարզախաղերով։ Տեղին է յիշել, թէ իւրաքանչիւր մարզաձեւի մարզիկներ մարզիչներու ցուցմունքով կը կատարեն իրենց փորձերը եւ յանձնախումբի անդամները կը պահեն ծրագրային եւ կազմակերպական աշխատանքները։

ՎԱՆԳՈՒՎԸՐի ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

Երկարատեւ ուղեւորութիւնը չի կասեցներ Վանգուվըրի մասնաճիւղին մասնակցութիւնը․ անոնք ծրագրուած աշխատանքով մաս պիտի կազմեն սոյն խաղերուն, ուր կ’իրականացնեն երկարատեւ մարզումներ եւ հետեւողական փորձեր, նախքան մասնակցիլը խաղերուն։ 14 մարզիկներու մասնակցութեամբ Վանգուվըրի մասնաճիւղը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ ոտնագնդակի, կողովագնդակի եւ ճատրակի խաղերով։

ՕԹԹԱՈՒԱՅԻ ՄԻԱՒՈՐ

Գանատայի միաւորէն մին՝ Օթթաուայի միաւորը անմասն պիտի չմնայ մարզախաղերու մասնակցութենէն, որոնք ցանցագնդակի մասնակցութեամբ, 7 մարզիկներով եւ 4 պատասխանատուներով մաս պիտի կազմեն մրցաշարքին։ Սոյն խաղերու մարզումները տեղի ունեցան անցնող տարուան ընթացքին, որոնց ընթացքին մարզիկներ մարզուեցան եւ ամենայն բծախնդրութեամբ հետեւեցան փորձերուն։

ՍԵՆԹ ԳԱԹՐԻՆԶԻ ԵՒ ՀԱՄԻԼԹԸՆԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

Երկու մասնաճիւղերը միասնաբար իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն մարզական խաղերուն։ Անոնք երկարամեայ մարզումներով կը կատարեն իրենց փորձերը, փորձառու մարզիչներու կողմէ։ Սոյն մասնաճիւղերը տարիներ շարունակ իրենց աշխոյժ ներկայութիւնը կը բերեն մասնաճիւղերէ ներս տեղի ունեցած մարզախաղերուն։

Սրտի անհուն բերկրանքով կը շնորհաւորենք մասնակցող մասնաճիւղերը, հանգիստ եւ ապահով ուղեւորութիւն կը մաղթենք եւ արդիւնաւէտ խաղարկութիւն բոլորին։ Բարի Գալուստ:

ՀՈՒՐԻՆԱ