70-ԱՄԵԱՅ ՏԱՐԵԳՐՈՒԹԻՒՆՄՈՆԹՐԷԱԼԻ ՀՅԴ ՄԻՀՐԱՆ ՓԱՓԱԶԵԱՆ ԿՈՄԻՏԷՈՒԹԵԱՆՈՒ ՅԱՐԱԿԻՑ ԿԱԶՄԱԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը Գանատայի մէջ կը գործէ 1902-էն ի վեր՝ Օնթարիոյի Պրանթֆորտ քաղաքին մէջ ունենալով իր առաջին կոմիտէութիւնը՝ կազմուած յատկապէս պանդուխտ հայերէ։
Մինչեւ 1937 Գանատայի կոմիտէութիւնները ուղղակի կապուած եղած են Հիւսիսային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէութեան, սակայն եւ այնպէս 1912-ին տեղի ունեցած է Գանատայի առաջին միջկոմիտէական ժողովը, իսկ 1915-ին՝ Գանատայի Շրջանային խորհուրդի պատգամաւորական ժողովը։ 1934-ին կը յառաջանայ միջկուսակցական մարմին մը՝ Համիլթընի մէջ գումարուած ժողովէ մը, իսկ 1937-ին, Սենթ-Գաթրինզի ժողովին՝ Գանատայի Շրջանային գործադիր մարմինը, մնալով հանդերձ նոյն ԿԿ-ի ծիրին մէջ։
1955-էն մինչեւ 1960-ականները եւ անկէ ալ ետք աւելի մեծ թիւերով հայեր Գանատա կու գան սկիզբը Թուրքիայէն եւ Յունաստանէն, ապա Եգիպտոսէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն եւ այլ երկիրներէ՝ հաստատուելով ընդհանրապէս Մոնթրէալի ու Լաւալի, Թորոնթոյի ու Գամպրիճի, ապա նաեւ Վանգուվըրի ու ուրիշ քաղաքներու մէջ։
Կարելի չէ նման տարեգրութիւն մը պատրաստել լոկ կուսակցութեան գործունէութեամբ։ Ան եւ իր յարակից ու գործակից կազմակերպութիւններն ու հաստատութիւնները կը կազմեն մէկ մեծ ընտանիք, մէ՛կ ամբողջութիւն, որուն մղիչ ուժը հանդիսացած է Դաշնակցութիւնը։ Իրագործումները կատարուած են միասնաբար ու կը պատկանին բոլորին։
Ահա ստորեւ Մոնթրէալի կամ Մեծն Մոնթրէալի համայնքի տարեգրութիւնը։
1956 Մոնթրէալի մէջ նոյեմբեր 3-ին կը հիմնուի ՀՅԴ Միհրան Փափազեան կոմիտէութիւնը (ՄՓԿ)՝ կապուած ՀՅԴ Հիւսիսային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէութեան ենթակայ Գանատայի Շրջանային գործադիր մարմինին, կնքահայրութեամբ Միսաք Թորլաքեանի ու ներկայութեամբ ԿԿ-ի ներկայացուցիչ Խոսրով Ներսէսեանի։
1956 Նոյն ատեն կը հիմնուի Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան (ՀԵԴ) Լեւոն Շանթ ուխտը, կապուած Հիւսիսային Ամերիկայի ՀԵԴ կազմակերպութեան։
1957 Կը հիմնուի Հայ օգնութեան միութեան Սօսէ մասնաճիւղը։ Ան օգնութեան կը հասնի թէ՛ տեղական այլազան կարիքներուն, թէ՛ Հայաստանի ու Արցախի, այլեւ Միջին Արեւելքի հայութեան աջակցութեան պահանջներուն։
1958 Կը հիմնուի Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան մասնաճիւղը, հետագային կոչուելով ՀՄԸՄ-Կամք։ Անոր թէ՛ մարզական ու թէ՛ սկաուտական շարքերը շատ արագ կը խտանան։
1958 Կը հիմնուի Կիլիկեան Թեմի Գանատայի անդրանիկ եկեղեցին, որ 1960-ին կ’անուանուի Սուրբ Յակոբ, կապուած Հիւսիսային Ամերիկայի թեմին, իսկ աւելի ուշ կը դառնայ Գանատայի թեմի առաջնորդանիստ մայր եկեղեցին։
1958-1959 Սուրբ Յակոբ եկեղեցին կը տիրանայ Սենթ Զոթիք փողոցի փոքր շէնքին, ուր կը հաստատուին նաեւ ՄՓԿ եւ իր յարակից կազմակերպութիւնները։
1959 Նոյն շէնքին մէջ կը հիմնուի շաբաթօրեայ վարժարան՝ եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ, որպէս բնական շարունակութիւնը մեր ընկերներու անձնական ջանքերով 1956-ին գոյութիւն առած նախնական կրթարանի մը։ Նոյն վարժարանը կարճ շրջան մը նաեւ կ’ունենայ կրօնքի դասաւանդութիւն՝ կիրակի օրերը, պատարագէն առաջ։ Հետագային վարժարանը կը հասնի երկրորդականի ամբողջական մակարդակին ու յաջորդաբար կը տեղաւորուի հայաշատ թաղերու դպրոցական վարձուած զանազան շէնքերու մէջ, մինչեւ ամենօրեայ վարժարանի սեփական ընդարձակ շէնքով մը օժտուիլը, եւ հետագային կը մկրտուի «Դրօ եւ Աննա Փիլիկեան» անունով։
1963 Կը հիմնուի Համազգայինի մասնաճիւղը, հետագային կոչուելով »Սանահին«։ Ան կ’ունենայ երգչախումբ, պարախումբ, պարի դպրոց, թատրոն, գրադարան, գրատարած, շնորհանդէսներ ու դասախօսութիւններ, արուեստագէտներու ցուցահանդէսներ եւ բազմապիսի գործունէութիւն։
1965 Կը կազմուի ԿԿ-ի Հայ դատի յանձնախումբը, որուն այլեւայլ նախաձեռնութիւններուն կը մասնակցի ՄՓԿ, Մոնթրէալի մէջ թէ այլուր, ապա ինք եւս կը կազմէ իր Հայ դատի յանձնախումբը։
1968-1969 Կը սկսին Համազգայինի ձայնասփիւռային հաղորդումները՝ որոշ ընդհատումներէ ետք տարբեր ձեւաչափերով շարունակուելով։
1970 Կը սկսին լոյս ընածուիլ գաղութի հեռաձայնի գրքոյկները, որոնց հրատարակութիւնը 1981-էն սկսեալ երկար տարիներ կը ստանձնէ կոմիտէութիւնը։
1971 Սուրբ Յակոբ կը հիմնէ Ամառնային Արարատ ճամբարը, որ շաբաթօրեային նման տարբեր շէնքերու մէջ կը կայանայ, մինչեւ ամենօրեայ վարժարանի սեփական շէնքի մը ձեռքբերումը։
1972 Կը յառաջանայ Գանատայի մեկուսի կոմիտէութիւնը, հետագային՝ Անդաստանի ՄԿ, որուն մաս կը կազմէ ՄՓԿ։
1972 Կը սկսին միացեալ յիշատակումները Ապրիլ 24-ի՝ հայկական միւս կուսակցութիւններուն հետ։ Երկար տարիներու ընթացքին կը կազմակերպուին քայլարշաւներ եւ ցոյցեր, յաճախ պետական դէմքերու եւ հազարաւոր հայորդիներու ներկայութեամբ՝ տեղական, նահանգային թէ համագանատական առումով, որոնց կազմակերպութեան մասնակից է կոմիտէութիւնը։
1973 Կոմիտէութեան առաջնահերթութիւններէն մէկը դարձած՝ կը կերտուի Հայ կեդրոնը, սեփականութիւն Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ՝ եկեղեցիով, Աւետիս Ահարոնեան սրահով եւ ժողովասրահներով, ուր իրենց գրասենեակները կ’ունենան թէ՛ ՄՓԿ եւ իր յարակից կազմակերպութիւնները, եւ թէ՛ անոնց շրջանային մարմինները։
Եկեղեցին 1969-ին կ’ունենայ անկիւնաքարերու 16 կնքահայրեր՝ Պետրոս Ասլանեան, Լեւոն Գաբրիէլեան, Պետրոս Գարաօղլանեան, Լեւոն Թիւֆէնքճեան, Յաբեթ Թովմասեան, Դանիէլ Թորոսեան, Արմէն Կարօ Կէօնճեան, Տիգրան Հաճէթեան, Յակոբ Մանուկեան, Արամ Մարգարեան, Հայկ Մարգարեան, Լեւոն Մելքոնեան, Շանթ Մինասեան, Գրիգոր Մուրատեան, Հայկ Պօղոսեան, Վիգէն Օհանջանեան, իսկ 1978-ին՝ խաչերու 16 կնքահայրեր՝ Յակոբ Ամիրեան, Հրանդ Բաստրմաճեան, Լեւոն Գաբրիէլեան, Դանիէլ Թորոսեան, Յարութիւն Լիպարեան, Լեւոն Հաճէթեան, Գրիգոր Մարգարեան, Հայկ Մարգարեան, Լեւոն Մելքոնեան, Շաւարշ Մինասեան, Կարապետ Մուրատեան, Երուանդ Պասմաճեան, Սերգօ Պոյաճեան, Սարգիս Սիմոնեան, Յարութիւն Տիգրանեան, Յովհաննէս Փալանճեան։
Տարիներու ընթացքին Արամ եւ Պերճուհի Մարգարեաններու, Սարգիս Քէօսէեանի, Յակոբ Գալֆայեանի, Պերթա Մինասեան-Հելլըրի, Անայիս Շիրինեանի, Միրաքեան ընտանիքի, Յարութիւն եւ Սոնիա Մարութեաններու, Ժիրայր եւ Հուրի Զաքարեաններու, թէ բազմաթիւ, բազմաթիւ ուրիշներու տեւական ներդրումներով եկեղեցին պիտի նորոգուի ու ամրապնդուի, իսկ արուստագէտներու կողմէ նուիրուած գործերով պիտի ճոխանայ ու գեղեցկանայ։ Աւելի վարը տեսնել նաեւ յաւելեալ շինութիւններու եւ նորոգութիւններու մասին։
1973 Կ’ընտրուի ՀԵԴ առաջին Կեդրոնական վարչութիւնը՝ Հիւսիսային Ամերիկայէն անկախ, ենթակայ Գանատայի ԿԿ-ին, ապա միութիւնը կը ճանչցուի որպէս ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութիւն, իսկ վարչականօրէն ուղղակի ԿԿ-ին կապուած կը գործէ ՀՅԴ Գանատայի պատանեկան միութիւնը։ 
1973 Նոյնպէս կոմիտէութեան եւ Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան հետեւողական հետապնդումին ի հետեւանք, կը հիմնուի ՀՕՄ-ի ծաղկոցը՝ Հայ կեդրոնի ներքնայարկի տարածութեան մէջ, որպէս նախաքայլը ամենօրեայ վարժարանին, ապա, այս վերջինին հետ տարբեր շէնքեր փոխադրուելէ ետք, 1980-ին կ’օժտուի Հայ կեդրոնին մաս կազմող իր սեփական նոր բաժինով։ Հետագային ծաղկոցը կ’ընդգրկուի նահանգային ցանցին մէջ։
1974 Կը հիմնուի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ ամենօրեայ վարժարանը՝ Փարթընէ փողոցին վրայ գտնուող դպրոցական փոքրիկ շէնքի մը մէջ, հետզհետէ կ’աճի, կը փոխադրուի նախ Վիգթոր Տորէ դպրոցական վարձուած շէնքը, ապա Նատոն փողոցի իր ներկայ շէնքը, ուր՝ կոմիտէութեան ու պատկան մարմիններու պետութեան մօտ անվհատ հետապնդումով կը հասնի ամբողջական երկրորդականի մակարդակին՝ վերակոչուելով Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի Վարդգէս եւ Աստղիկ Սարաֆեան նախակրթարան եւ Բաստրմաճեան երկրորդական (ի յարգանս գաղութի հիմնադիր բարերարներ Երուանդ, Յակոբ եւ Հրանդ Բաստրմաճեաններու)։
Ժամանակի ընթացքին, հիմնական միջոցներու շնորհիւ կը ստեղծուին կամ կը նորոգուին Չուխաճեան տարրալուծարանը, Հաճէթեան մարզասրահը, գրադարանը, ինչպէս նաեւ համակարգիչի դասասրահը (ՀՕՄ-ի Սօսէ մասնաճիւղի), Աննա եւ Մանուկ Չուխաճեան խմբավայրը՝ իր ճաշասրահով եւ ամբողջական խոհանոցով, Գալֆայեան մարզարան-խաղասրահը (Գալֆայեան կտակի), Ստեղծարանը (Սարօ եւ Թամարա Տէր Պետրոսեան ընտանիքի), հայ գիրքի «Մեր այգին» ընթերցարանը (Մանճիկեան ընտանիքի) եւ զանազան բաժիններու բարեզարդումները (Տօնոյեան ընտանիքի եւ այլոց) շարունակական ներդրումներով։
1974 Կը կազմուի Հայ կեդրոնի Տարեցներու միութիւնը, որ պաշտօնական հանգամանք կը ստանայ 2004-ին։
1975 Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ Կրթական գործադիր մարմինին կողմէ կը հաստատուի Ժողովրդային զարգացման հիմնարկը՝ սկիզբը յատկապէս պետական մակարդակի ֆրանսերէնի դասընթացքներով՝ նոր ներգաղթողներուն համար։
1976 Այդ տարիներուն աշխատանք կը տարուի եւ հայերէնի, հայոց պատմութեան ու մշակոյթի դասընթացքները Քեպէգի կրթական նախարարութեան կողմէ կը ճանչցուին որպէս վարկանիշ ապահովող նիւթեր՝ ըլլա՛յ շաբաթօրեայի, ապա ըլլա՛յ ամենօրեայի բարձրագոյն կարգերուն համար։
1976 Մեկուսի կոմիտէութիւնը կը վերածուի Կեդրոնական կոմիտէութեան,
1977 ԿԿ-ի գրասենեակը կը փոխադրուի Մոնթրէալ։
1977-1978 Ժողովրդային զարգացման հիմնարկը կը դադրեցնէ ֆրանսերէնի դասընթացքները, սակայն միշտ Քեպէգի Կրթական նախարարութեան արտօնութեամբ ու Գոլեժ Մարի-Վիգթորէնի գործակցութեամբ կը հատատէ հայ լեզուի եւ գրականութեան ու մշակոյթի գոլեժի մակարդակի դասընթացքներ։ Քանի մը տարի ետք եւ դարձեալ կարճ ժամանակի մը համար անոնք կը շարունակուին տրուիլ Գոնգորտիա համալսարանի Հայ ուսանողական ընկերակցութեան, ապա Քեպէգի Հայագիտական ուսմանց միութեան կողմէ։
1979 Կը հիմնուի ՀՅԴ Գանատայի ԿԿ-ի «Հորիզոն» շաբաթաթերթը՝ միշտ Հայ կեդրոնին մէջ ունենալով իր խմբագրատունը, շաբաթաթերթ, ուր կը հրապարակուին ի միջի այլոց նաեւ ՄՓԿ-ի լուրերն ու յայտարարութիւնները, որոնք մինչ այդ լոյս կը տեսնէին Պոսթընի «Հայրենիք» օրաթերթին, Մոնթրէալի ՍՅ եկեղեցւոյ «Լրաքաղ» եւ ՀԵԴ-ի «Շանթ» պարբերաթերթերուն մէջ։
1979 Կը կառուցուի Հայ կեդրոնի լրացուցիչ բաժինը՝ մարզասրահով (որ հետագային կը կոչուի ՀՄԸՄ-Կամք Հայկ Մարգարեան անունով), Համազգայինի հետագային «Մուշեղ Իշխան» կոչուած գրադարանով (բժ/տ Անդրանիկ Պէնօհանեանի եւ բժ/տ Վիգէն Մասէրէճեանի նուիրատւութեամբ), թիւ 3 սրահով, Ահարոնեան սրահի բեմով եւ ծաղկոցի արդիական յարդարանքով 8 դասարաններով եւ մէկ յաւելեալ խաղասրահով, իւրաքանչիւրը՝ իր նուիրատուով ¤տ/տ Արամ Մարգարեան, տ/տ Սարգիս Թապաքեան, բժ/տ Վաղարշ Էհրամճեան, տ/տ Հայկ Մարգարեան, տ/տ Տիգրան Հաճէթեան, տ/տ Նուպար Տէյիրմէնճեան, տ/տ Յարութիւն Լիպերեան, տ/տ Արթօ Մարգարեան եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւն¥։ Այս լրացուցիչ բաժնի վարի յարկը կը կոչուի Սիմոն Զաւարեան անունով՝ գլխաւոր նուիրատուներէն Հայկ-Արամ եւ Ալիս Առաքելեաններու փափագով, իսկ վերի յարկը կ’իրականանայ Ուինծըրէն (Օնթարիո) Պօղոս Սվաճեանի կտակով։
1980 Հայ դատի յանձնախումբի ճիգերուն շնորհիւ Հայոց ցեղասպանութիւնը կը ճանչցուի Քեպէգի ազգային ժողովին կողմէ, առաջինը Գանատայի մէջ՝ պետական որեւէ մակարդակի վրայ։ Գանատայի ծերակոյտը պիտի ճանչնայ 2002-ին, խորհրդարանը՝ 2004-ին, իսկ կառավարութիւնը՝ 2006-ին։
1980 Սկիզբը կը դրուի Սուրբ Յակոբի կիրակնօրեայ վարժարանին։
1980-1981 Այս տարեշրջանին եւ մինչեւ Ամենօրեայի լրիւ երկրորդական դառնալու արտօնութիւն ստանալը, Շաբաթօրեայի մէջ կը հաստատուին Ամենօրեայի նախակրթարանէն շրջանաւարտներու համար յատուկ յառաջացեալ դասընթացքներ։
1982 Ամենօրեայ վարժարանը կը յաղթահարէ ուսուցիչներու գործադուլը (արհմիութիւն ունենալու ի խնդիր), առանց մէկ օր փակուելու, շնորհիւ կամաւոր ուսուցանողներու եւ մեր մարմիններու եւ երիտասարդներու ամենօրեայ հսկողութեան։ Այդ թուականէն ասդին արհմիութիւն ու պատկան մարմիններ բարւոք գործակցութեամբ կ’ապահովեն վարժարանի յարատեւ վերելքը։
1982 Քեպէգի Ազգային արխիւներու այն ատենուան պատմական շէնքի մուտքի հսկայ դահլիճին մէջ Համազգայինի եւ հայ մշակութային ու այլ կազմակերպութիւններու գործակցութեամբ ու աւելի քան երեք շաբաթ տեւողութեամբ կը տեղադրուի հայկական ճարտարապետութեան նուիրուած ու Միլանօ պատրաստուած մեծ ցուցահանդէսը՝ հովանաւորութեամբ Քեպէգի կառավարութեան։
1982-1983 Կը սկսին հեռասփռուիլ »Հայ հորիզոն« հեռատեսիլի յայտագրերը, իսկ 1989-ին կը բացուի անոր աշխատանոցը՝ ՀՕՄ-ի նիւթական օժանդակութեամբ։
1984 Կը կառուցուի ճաշարանի բաժինը, որ պիտի կոչուի Արթօ եւ Ալիս Մարգարեանի անունով։
1987 Ամենօրեայ վարժարանը կը փոխադրուի Նատոն փողոցի իր յարմարաւէտ շէնքը, սկիզբը վարձքով, իսկ յետոյ ստանձնելով սեփականատիրութիւնը։
1987 Մինչ այդ արդէն կուտակուիլ սկսած գումարներով կը հաստատուին Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ կրթական հիմնադրամը, Սուրբ Յակոբ վարժարանի հիմնադրամը եւ Վարժարանի օժտիչ հիմնադրամը, որոնք, ուռճացած Բաստրմաճեաններու, Սարաֆեաններու, Մանուկ Չուխաճեան ընտանիքի, Առաքելեան ընտանիքի, Վարդան, Լիզ Թորուսեանի, Հրանդին, Էտուար Մարտինեանի, Ստեփան Հ.Կ. Վարվառեանի եւ Արաքսի Աւետիս Չաքըճեան ընտանիքի, Սուրէն եւ Արմինէ Մաղաքեանի, Պէնօհանեանի, Մուղալեանի, Մկրտիչեանի, Տէմիրճեանի, Մանուէլ Քէօսէեանի, Նանիկ Պապիկեանի, Արամ եւ Մարի Պէնօհանեանի, Գրիգոր Տէր Ղազարեանի, Թորոս Տէր Ղազարեանի, Սարգիս Քէօսէեանի, Սօսի Չագմագճեանի, Սուրէն Գաթարոյեան արքեպիսկոպոսի, Անդրանիկ Թաթարեանի, Ճոն եւ Մարալ Կարապետեանի, բժ. Վաղարշ եւ Արուս Էհրամճեանի, Պօղոս եւ Մարօ Սահակեանի, Արմէն եւ Հերմինէ Ասլանեանի, Ստեփան եւ Շանթալ Տոլարեանի, բժ. Գէորգ Մանուկեանի, Ալպերթ եւ Լէյլա Արոյեանի, Հուրի Հաքիմեանի, Շանթ եւ Քրիստին Թոպիի, Սարգիս եւ Գարմէն Խաչատուրեանի, Արթօ եւ Ալիս Մարգարեանի, Արամ եւ Պերճուհի Մարգարեանի, Սերոբ եւ Գոհար Ունանեանի, Նազարեան եղբայրներու, Գէորգ եւ Արաքսի Յակոբեանի, Օհանեան եղբայրներու, Ռիթա Օհանեանի, Արեգ եւ Քրիստին Մարգարեանի, Սարգիս եւ Սեդա Թապաքեանի, Դանիէլ եւ Ճուլիա Ասատուրեանի, Անահիտ Եագուպեանի, տ/տ Յակոբ Ինճէճիկեանի, տ/տ Հառի Քիծեմեանի, Արա եւ Ժանէթ Մարգարեանի, Կարպիս եւ Մարի Զաքարեանի, Քրիստափոր Մանուկեանի, Բժ. Ճոնի Այնթապլեանի, Փաթիլ Տոնոյեանի, Շահինեան եղբայրներու, Մաքրուհի Օլթաճիի, Ռոզիկ Վարդանոյշ Մուրատեանի, Մաննիկ եւ Յարութիւն Գալֆայեանի, Դրօ եւ Աննա Փիլիկեանի, Վահան Տէր Ասատուրեանի, Սերժ եւ Ալիս Մոմճեան Ռաւարիի, Յարութիւն եւ Ովսաննա Լիպերեանի, Տեսիլ Տոնոյեանի, Միլիտոս եւ Ազատուհի Պարոնեանի, Հուրի Խաչատուրեանի, Յարութիւն եւ Լիլի Մարգարեանի, Գրիգոր Հայրապետեանի, Տիգրան եւ Տիանա Հաճէթեանի, բժ. Ժիրայր եւ Յասմիկ Պասմաճեանի, Վարուժան եւ Սիրան Պասմաճեանի, Յարութիւն Ապրաքեանի, Կարօ եւ Անի Տոնոյեանի, ինչպէս նաեւ Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, ՀՅԴ ԳԵՄ-ի, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական թէ Շրջանային վարչութիւններուն եւ Սօսէ ու Շուշի մասնաճիւղերուն, Տարեցներու միութեան ու Կամրջախաղի (պրիճի) խումբի եւ շատ ուրիշներու հիմնադրամներով, կտակներով կամ նուիրատւութիւններով, բազմահարիւր կարօտեալ աշակերտներու կրթաթոշակներուն բեռը կը թեթեւցնեն, այլեւ այլազան ձեւերով օգտակար կ’ըլլան վարժարանի նորոգութիւններուն եւ այլ կարիքներուն։
1987-1988 Հայ կեդրոնի հանդիպակաց զբօսայգին կը կոչուի «Փարգ տ’Արմենի»։
1989 Կը կազմակերպուի Հայաստանի երկրաշարժէն աղէտեալներուն օգնութեան աշխատանքը։
1992 ՄՓԿ-ի շարքերէն ծնունդ կ’առնէ Լաւալի Սարգիս Զէյթլեան կոմիտէութիւնը, այդ թուականէն սկսեալ զոյգ կոմիտէութիւնները պարբերաբար կ’ունենան նաեւ միացեալ ժողովներ՝ ԿԿ-ի հրաւէրով, յաճախ միասին կը կազմակերպեն իրենց կարեւոր ձեռնարկները։
1992-1993 Կոմիտէութիւնն ու իր յարակից կազմակերպութիւնները մաս կը կազմեն նորահաստատ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Մոնթրէալի մասնաճիւղի հիմնադիր կազմին՝ օգնութեան ձեռք երկարելու Հայաստանի, ապա նաեւ Արցախի այլազան կարիքներուն։
1993 Կը կազմակերպուի «Հայաստանի ձմեռնային օգնութեան» գործը, յարակից կազմակերպութիւններու համագործակցութեամբ՝ մեծ մասամբ ջերմուժէ զրկուած երկրին համար։
1994 Տեղի կ’ունենայ «Արցախ ֆոնտ»-ի հանգանակութիւնը՝ կոմիտէութեան ջանքերով։
1996-2012 Համազգայինի Սանահին մասնաճիւղը կը կազմակերպէ հայագիտական դասընթացքներու շարք մը, մոնթրէալաբնակ, բայց առաւելաբար արտասհմանէն հրաւիրեալ մասնագէտ դասախօսներով՝ մեր գրականութեան, մշակոյթին ու պատմութեան նուիրուած, հինգ յաջորդական երեկոներու տեւողութեամբ կամ շաբաթավերջերու ընթացքին։
1998 Գարթիեվիլ քաղաքաշրջանի Մարսըլէն-Ուիլսըն հանրային զբօսայգիին մէջ, երկու պողոտաներու խաչմերուկին, բացումը կը կատարուի Ի. դարու բոլոր ցեղասպանութիւններու նուիրուած »Հատուցում« անունը կրող յուշարձանին՝ համագործակցութեամբ Հայ դատի յանձնախումբին եւ Մոնթրէալի քաղաքապետութեան, որուն Գործադիր մարմնի ատենապետուհին էր Նուշիկ Էլոյեան։
2002 Կը կազմուի Գանատայի հայոց Կիլիկեան թեմը, որուն հովանաւորութեան ներքեւ կ’անցնի ՍՅ եկեղեցին։ Հայ կեդրոնին կից կը կառուցուի թեմի առաջնորդարանը։
2002-2004 Գաղութին սեփականութիւնը կը դառնայ ամենօրեայ վարժարանի շէնքը։
2002 Պետրոս Արսլանեանի նուիրատւութեամբ կը ստեղծուի դպրոցի մանուկներու բացօթեայ խաղավայրը։
2003 Քեպէգի ազգային ժողովը Ապրիլ 24-ը կը հռչակէ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր՝ նոյնպէս Հայ դատի յանձնախումբի յարատեւ աշխատնքին շնորհիւ։
2007 Ամենօրեայի շէնքին մէջ կը հաստատուի Արամ եւ Պերճուհի Մարգարեան մանկամսուրը։
2011 Կոմիտէութիւնը սեփականատէրը կը դառնայ Հայ կեդրոնին կից բնակարանին՝ իր եւ յարակից մարմիններուն համար գործունէութեան յաւելեալ տարածք ստեղծելով, նաեւ, աւելի ուշ, անոր պարտէզն ալ հաճելի հաւաքավայրի վերածելով։ Բարեփոխման աշխատանքներու ծախսերը կը հոգայ Կէօնճեան ընտանիքը, ուստի շէնքն ալ կը կոչուի «Արմէն Կարօ եւ Շաքէ Կէօնճեան կեդրոն»։
2013 Սեն-Լորան քաղաքամասի Արուեստից ու արհեստից թանգարանին մէջ, չորս շաբաթ տեւողութեամբ կազմակերպուեցաւ Անիի Հայաստանի մայրաքաղաք հռչակման 1050-ամեակին նուիրուած մեծ ցուցահանդէս մը, կազմակերպութեամբ Շինարարական ասպարէզի Գանատայի հայ մասնագէտներու Կամար յանձնախումբին եւ մասնակացութեամբ Համազգայինի ու հայ մշակութային եւ այլ կազմակերպութիւններու եւ գործակցութեամբ Հայաստանի ճարտարապետական ազգային թանգարան-հիմնարկին՝ վայելելով հովանաւորութիւնը նահանգային պատկան մարմիններու։
2015 Մեծ եղեռնի հարիւրամեակի համագաղութային նշումին համար յառաջացած յանձնախումբը անկէ ետք կը ստանայ մնայուն բնոյթ, մանսաւորաբար կոմիտէութեան առաջնորդութեամբ՝ յատկապէս միացեալ ուժերով տարուէ տարի յիշատակելու համար Ապրիլ 24-ը, Սեպտեմբեր 21-ը եւ ինչպէս ստորեւ կը նշուի՝ Մայիս 28-ի հարիւրամեակը։
2015 Հայ դատի նախաձեռնութեամբ, Մոնթրէալի Ողջակէզի Ֆրանց Վերֆէլ յուշաթանգարանին մէջ կը կազմակերպուի «Մուսա լեռան քառասուն օրերը» վէպին նուիրուած յատուկ ցուցահանդէս։
2016 ՀՕՄ-ի Սօսէ մանաճիւղի կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-Կամք Հայկ Մարգարեան մարզասրահին մէջ կը կայանայ «Երբ իրերը կը խօսին» յատուկ ցուցահանդէս՝ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած, վերապրած ու այստեղ հասած աւետարաններու, գօտիներու եւ այլ իրերու։
2018 Համագաղութային առումով կը նշուի Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը։
2019 Համազգայինի շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ կը հաստատուի Լեւոն Շանթ հայերէնագիտական դասընթացքը, տարին երկու եռամսեայ դրութեամբ, իբր դասախօս ունենալով առաւելաբար տեղաբնակ հայ մտաւորականներ, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր եռամսեակի ընթաքին ընդհանրապէս երկու հրաւիրեալներ արտասահմանէն կամ հայրենիքէն։
2020 Հայ կեդրոնի նախամուտքին, Փարգ տ’Արմենիի դիմաց կը զետեղուի Կոմիտաս վարդապետի կիսանդրին՝ գործ Մկրտիչ Տարագճեանի։
2022 Հիմնական նորոգութեամբ կ’արդիանան Աւետիս Ահարոնեան սրահը եւ Հայ կեդրոնի մուտքի սրահը, կը ստեղծուի «Մեր գաֆէն» սրճարանի անկիւնը՝ ամբողջօրեայ սպասարկութեամբ, կը նորոգուին զանազան այլ մասեր՝ շնորհիւ մեր աշխատանքներուն միշտ զօրավիգ հանդիսացող բազմաթիւ բարերարներու եւ հարիւրաւոր ազգայիններու մեծ ու փոքր ներդրումներուն։ Յիշենք գլխաւորները միայն՝ Արմէն Կարօ ¤ողբ.¥ եւ Շաքէ Կէօնճեան, Արթօ եւ Ալիս Մարգարեաններ, Աղազարեան ընտանիք, Պետրոս Արսլանեան, Ժան եւ Սեդա Կոստանեան ընտանիք, Բաստրմաճեան հիմնադրամ, Ժիրայր եւ Հուրի Զաքարեաններ։
2026 Կը ձեռնարկուի վարժարանի բակի մեծածախս վերանորոգման՝ աշակերտութեան համար աւելի հրապուրիչ խաղավայր մը ստեղծելու, իսկ քովի մեծ տարածքին վրայ ալ ոտնագնդակի օրինական դաշտ մը յառաջացնելու համար՝ Բաստրմաճեան հիմնադրամի, Շանթ եւ Քրիստին Թոպի ընտանիքի, Ռոսի հաստատութեան, Աղազարեաններու եւ շատ այլոց մեծագումար թէ համեստ ներդրումներով։
Ամբողջացնելու համար այս տարեգրութիւնը՝ առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու, պէտք է աւելցնել հետեւեալը.
Կոմիտէները գործած են ոչ միայն համաձայն ՀՅԴ կանոնագրին եւ իրենց գերադաս ժողովներու որոշումներուն, այլեւ գերադաս մարմիններէ՝ ԿԿ-երէ ու Բիւրոյէն ստացուած պահանջներուն ի խնդիր՝ հետապնդած են համագանատական կամ համահայկական նպատակներ։ Նոյնը՝ յարակից մարմիններու պարագային։
Մնայուն հանգամանք ստացած են Սուրիոյ, Լիբանանի, Հայաստանի, Ջաւախքի եւ Արցախի հայութեան օգնութեան աշխատանքները։
Տարուէ-տարի նշուած են ՀՅԴ օրը, Փետրուար 18-ը, Վարդանանցը, Ապրիլ 24-ը, Մայիս 28-ը, Սեպտեմբեր 21-ը, այլեւ ՀՕՄ-ի օրը, ՀՄԸՄ-ի սկաուտական համահաւաքը, եկեղեցական խորհրդակատարութիւնները, Թարգմանչացը, Կիներու օրը, դպրոցական ամավերջի հանդէսները եւ նման յիշատակելի տօներ եւ օրեր։
– Տարիներու ընթացքին Հայ կեդրոն այցելած են քաղաքային, նահանգային ու դաշնակցային մակարդակի տեղացի, ինչպէս նաեւ հայրենի քաղաքական թէ մշակութային դէմքեր եւ արժանացած համապատասխան ընդունելութեան՝ ըլլա՛յ կոմիտէութեան, ըլլա՛յ յարակից մարմիններուն կողմէ։
– Մեր կազմակերպութիւններու գործունէութեան տուն տալէ զատ, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնը այսօր դարձած է նաեւ հայութեան սիրուած յաճախավայրը, ուր ազգայիններ կու գան վայելելու Տարեցներու միութեան, ՀՕՄ-ի ընկերայինի եւ Կամրջախաղի խումբի շաբաթական ցերեկային հաւաքները, իսկ ամռան երեկոները՝ Կէօնճեան կեդրոնի պարտէզի հանդիպումները, տակաւին առանց նկատի առնելու ճաշասրահի ընթրիքները, ինչպէս նաեւ մանուկներու, պատանիներու, երիտասարդներու թէ չափահասներու պարի, երգի, թատրոնի, ու մարզական, սկաուտական հերթական փորձերը կամ ընթերցանութեան ու կրօնագիտութեան հաւաքները։
– Հայ կեդրոն – եկեղեցի – վարժարաններ այսպէս համախմբուած նոյն տարածքին մէջ ու միասնաբար յառաջ տանելով իրենց գործունէութիւնը, Թորոնթոյի մեր համապատասխան կեդրոնին հետ, կը պարզեն ամբողջ Սփիւռքի մէջ, եթէ ոչ ամբողջ հայաշխարհի մէջ եզակի երեւոյթ մը։
Աւելցնենք, որ եթէ յիշած ենք ընդհանրապէս գլխաւոր նուիրատուներու անուններ, որոնք կապուած են այս կամ այն վայրին, որոնք յաճախ ալ կը կրեն իրենց անունները, բոլոր կալուածային կամ շինարարական մեծ իրագործումները եղած են նաեւ ու մանաւանդ հարիւրաւոր թէ հազարաւոր հաւատաւոր ազգայիններու նիւթական ներդրումով եւս, գլել-անցնելով ակնկալուած գումարները եւ բոլոր պարագաներուն պարտքերը շիջած են շատ կարճ ժամանակի ընթացքին՝ ի պատիւ այս համայնքին։
Բոլոր իրագործումները կատարուած են ու կը կատարուին նաեւ ու մանաւանդ շնորհիւ վարչութիւններու եւ յանձնախումբերու մէջ կամ անհատաբար գործող անհամար ընկերներու եւ համակիրներու անդուլ աշխատանքին։ Յաճախ գլխաւոր դերակատար կը հանդիսանան նախաձեռնութիւններու պատասխանատուներ, հաստատութիւններու տնօրէններ, եկեղեցւոյ հովիւներ եւ ուրիշ շատեր, որոնց անունները չեն յիշուած այստեղ՝ առաջին հերթին անոնց համեստութիւնը չվիրաւորելու համար, ինչպէս նաեւ մէկը յիշելու եւ միւսը մոռնալու վտանգէն խուսափելու համար, սակայն պէտք է շեշտել, որ անոնց բոլորին քրտինքին, հաւատքին ու տեսլականին արդիւնք են ձեռք ձգուած արդիւնքները։

Աղբիւրներ

  • Հ.Յ.Դ. Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէ, ՀՅԴ 100, Մոնթրէալ, 1990
  • Հ.Յ.Դ. ՄԻՀՐԱՆ ՓԱՓԱԶԵԱՆ ԿՈՄԻՏԷՈՒԹԵԱՆ 40-ԱՄԵԱԿ 1956-1996, Մոնթրէալ 1996
  • Հ.Յ.Դ. 110-ԱՄԵԱԿ, 1890-2000 – ՀԶՕՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔ, ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ՍՓԻՒՌՔ, ՄԷԿ ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԻՒՆ, Հ.Յ.Դ. Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէ, Մոնթրէալ, 2001
  • Վրէժ-Արմէն, Ընկերական մտորումներ, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը Գանատայի մէջ՝ 100 ՏԱՐԻ ՊԱՏՆԷՇԻ ՎՐԱՅ, Հորիզոն, 16 դեկտեմբեր 2002
  • Հ.Յ.Դ. ՄԻՀՐԱՆ ՓԱՓԱԶԵԱՆ ԿՈՄԻՏԷՈՒԹԻՒՆ 50-ԱՄԵԱԿ 1956-2006, Մոնթրէալ 2006
  • Գառնիկ Ք.Գ., ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ Ս. ՅԱԿՈԲԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ որ ի Մոնթրէալ՝ Գանատա, 1958-2008 (50-ամեակին առիթով), «Բան ու գիր» մատենաշար թիւ 7, Մոնթրէալ, 2009
  • Հորիզոն, ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 125-ԱՄԵԱԿԻ ԲԱՑԱՌԻԿ, նոյեմբեր 2015, Մոնթրէալ

Կազմեց Վ-Ա.Ա.

2026-11-14

Ծանօթ. — Կը խնդրուի մեզի տեղեկացնել եթէ որեւէ կարեւոր իրադարձութիւն, եղելութիւն, կամ մեծագումար նուիրատուի անուն մոռցուած է՝ գրելով հետեւեալ ել-հասցէին՝ vrejarmen@hotmail.com, որպէսզի ամբողջացնենք այս տարեգրութիւնը կոմիտէութեան արխիւներուն համար։ Շնորհակալութիւն։