Ո՞վ է հայը, ի՞նչ է հայը

Ինքնութեան խնդիրը մեզ տեւաբար զբաղեցնող հարց մըն է. ի՞նչ է մեր ինքնութիւնը, ինչպէ՞ս պահել զայն։ Հաւանաբար բոլոր ազգերը, բայց յատկապէս համրանքով աւելի փոքր եւ տառապած ժողովուրդները աւելի՛ կը մտահոգուին այս հարցով, քան մեծերը։

Այդ փոքր ժողովուրդներէն մէկն ալ քեպէգցիները կը հանդիսանան։ Բայց կարեւոր է ճշգրտում մը կատարել. այս պարագային «քեպեգցի» ըսելով պիտի հասկնանք ոչ թէ այսօրուան բազմազգ նահանգի բնակչութիւնը, այլ անոր տակաւին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը հանդիսացող ֆրանսացի-գանատացիները, կամ ծագումո՛վ (de souche) քեպէգցիները, որոնք կ՚ապրին իրենց ինքնութիւնը կորսնցնելու վախով՝ անգլիախօսութեան ովկիանոսին մէջ, որ Հիւսիսային Ամերիկան է։

Ահա ա՛յդ քեպէգցիի ինքնութեան նուիրուած է Le Devoir օրաթերթի 2018-03-31 / 04-01 թիւին մէջ Alain Lavalée-ի ստորագրած յօդուածը՝ «L’identité québecoise dans toute sa complexité» («Քեպէգեան ինքնութիւնը իր ամբողջ բարդութեամբ»)։

Ատենին տեղ մը կարդացած եմ1 Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունիի այն միտքը, որ հայերն ու ֆրանսացի-գանատացիները հասարակաց շատ գիծեր ունին։

Կ՚արժէ ուրեմն քիչ մը պեղել այս հարցը ու փորձել գտնել այդ նմանութիւնները, տարբերութիւննե՛րն ալ անկասկած։

Լաւալէ իր մօտեցումը կը հիմնաւորէ անուանի ընկերաբան Edgar Morin«L’identité humaine, Tome V – La Méthode» գործին վրայ ու կը դիմէ Jacques Nantel-ի ու Pierre Duhamel-ի հետ Jean-Marc Léger-ի պատրաստած «Le code Québec» (2016) աշխատասիրութեան, որ, տուեալներու արդի վերլուծական եղանակով, ներառեալ նշանաչափութիւնը (sémiométrie), անհատներու արժէքային համակարգը կը բնութագրէ։

Առանց մանրամասնութիւններուն մէջ շատ խորանալու՝ տեսնենք, թէ ի՛նչ է ըսուածը։

Ըստ Էտկար Մորէնի, մարդկային ինքնութիւնը բարդ իրողութիւն մըն է, որ միաժամանակ կ՚առնչէ ու կը համարկէ երեք երեւոյթներ՝ անհատին ինքնութիւնը, մարդկային տեսակի կենսաբանական ինքնութիւնը եւ ընկերային-մշակութային ինքնութիւնը (ընտանիք, ազգ)։ Ամենէն կարեւոր դերակատարութիւնը վերապահուած է այս վերջինին։

Այս մօտեցումով, Ժան-Մարկ Լեժէ կը յայտնաբերէ ֆրանսացի-քեպէգցիի ինքնութեան եօթը յատկանշական կէտերը. կենսախնդութիւնը (joie de vivre) եւ համախոհամիտ (consensuel), գեղջկական (villageois), անտարբեր (détaché), ստեղծագործ (créatif), զոհի զգացումով (victime) ու հպարտ (fier) ըլլալը։

Ալէն Լաւալէ մանրամասնօրէն կը մտնէ սոյն յատկանիշերու պատճառներու բացատրութեան մէջ։ Անոնք՝ ինքնութեան այդ յատկանիշերը, բնականաբար կու գան պատմական, աշխարհագրական, բնութենական, կլիմայական, ընկերային, մշակութային եւ այլ ազդակներէ։ Զարմանալի չէ, որ հակասութիւններ կան անոնց մէջ, քանի որ, ինչպէս ըսուեցաւ, ինքնութեան կազմաւորումը բարդ գործընթաց մըն է։

Ըստ Լեժէի, այսօրուան քեպեգցիները իրենց մէջ կը կրեն իրենց ծնողաց ու նախնեաց յաղթանակներն ու ձախողութիւնները, յոյսերն ու զգացումները, վէրքերը։ Առ այդ՝ առաջնահերթ կարեւորութիւնը վերասուզուելու անցեալիդ մէջ՝ լուսաւորելու համար ներկադ ու նախատեսելու համար ապագադ։

Ըստ Մորէնի, կ՚ըսէ յօդուածագիրը, եթէ անհատը ընկերութեան մէջ կ՚ապրի, ընկերութիւնն ալ ձեւով մը՝ անհատի՛ն մէջ։ Այլուր Մորէն դիտել տուած է, որ եթէ նոյնիսկ գիտակցինք այս հարցի բարդութեան, ինքնութեան հարցին մէջ միշտ ալ անորոշութիւն մը կը յամենայ։ Մշակութային ինքնութեան պարագային չի կրնար կանխորոշուածութիւն (déterminisme) գոյութիւն ունենալ։

Լաւալէ իր յօդուածը կ՚աւարտէ Մորէնի հետեւեալ միտքով. «Պէտք է մերժել անարմատ աշխարհաքաղաքացիութիւնը […]. բոլոր էթնիկ կամ ազգային վերարմատաւորումները թոյլատրելի են, պայմանաւ որ անոնք ընկերանան աւելի խոր վերարմատաւորումով մարդկային երկրային ինքնութեան մէջ։ Մշակութային անցեալի ակունքներուն վերադարձով թարմացումը (կամ հարստացումը – ressourcement, Վ-Ա.) ինքնութենական խորունկ անհրաժեշտութիւն մըն է»։

Սոյն յօդուածը կարդալէ ետք, ես ինծի հարց տուի, թէ կրնա՞նք մենք ալ փորձել փնտռել մե՛ր ինքնութենական գլխաւոր յատկանիշերը, դրական ըլլան անոնք թէ բացասական՝ ո՛չ միայն եւ ո՛չ անպայման ուրիշին հետ բաղդատուելու համար, այլեւ մենք մեզ աւելի լա՛ւ ճանչնալու համար։ Եւ ինչո՞ւ ոչ՝ նաեւ զարգանալու, յառա՛ջ երթալու համար…

Փորձե՛նք։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

(շար 1)

————————————————————

1. Եթէ մէկը կրնայ յիշեցնել, թէ ո՛ւր գրուած է՝ շնորհակալ կ՚ըլլամ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.