Շաբթուան ամփոփումը (23 յուլիս 2026)
- (0)
«Հորիզոն Մետիա» կը ներկայացնէ անցնող շաբթուան հիմնական լուրերն ու զարգացումները՝ Գանատայէն մինչեւ սփիւռքեան այլ համայնքներ, Հայաստան եւ միջազգային թատերաբեմ։
Հաղորդումը ամբողջութեամբ դիտել՝ այստեղ։
ԳԱՆԱՏԱ եւ ՍՓԻՒՌՔ
– Գանատայի Հայոց Թեմը Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի մէջ կազմակերպուած յոբելենական հանդիսութիւններով նշեց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 42-ամեակը, եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 20-ամեակը եւ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդութեան 10-ամեակը։ Երկու քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկներուն մասնակցեցան հոգեւոր եւ քաղաքական դէմքեր, ազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ հաւատացեալներ։ Հանդիսութիւններուն ընթացքին հնչեցին հոգեւոր շարականներ եւ շնորհաւորական ուղերձներ, իսկ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ Աստուծոյ գոհութիւն յայտնելով վերահաստատեց իր ուխտը՝ շարունակելու ծառայել Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին` նոյն հաւատքով, սիրով ու նուիրումով։
– Յուլիս 10-էն 12, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի տարեկան Ամառնային փառատօնը համախմբեց Գանատայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի տարբեր շրջաններէն ժամանած հազարաւոր հայեր՝ միասնաբար վայելելու հայկական մշակոյթը, երաժշտութիւնը, աւանդական ուտեստներն ու ընտանեկան ժամանցը: Եռօրեայ այս տօնախմբութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ պետական տարբեր մակարդակներու քաղաքական գործիչներ, որոնց շարքին՝ Թորոնթոյի քաղաքապետ Օլիվիա Չաուը: Փառատօնի ծիրէն ներս, Գանատայի եւ Թորոնթոյի Հայ Դատի տեղական յանձնախումբի անդամները լաւագոյնս օգտագործեցին առիթը եւ զրուցեցին պաշտօնատար անձերուն հետ՝ արծարծելով թէ՛ տեղական հայ համայնքին եւ թէ՛ Հայաստանին ու Արցախին վերաբերող կարեւոր հարցեր:
– Համա-ՀՄԸՄ-ական քարոզչական առաջին համագումարը Յուլիս 20-ին Երեւանի մէջ սկսաւ իր աշխատանքներուն՝ 30 մասնակիցներու ներկայութեամբ։ Եռօրեայ համագումարին ընթացքին քննարկուեցան ՀՄԸՄ-ի քարոզչական աշխատանքի ապագայ ուղղութիւնները, երիտասարդութեան ներգրաւումը, հանրայնացման միջոցները, արհեստական բանականութեան կիրառումը եւ ցանցային անվտանգութիւնը։ Առաջին օրը մասնակիցները նաեւ այցելեցին Հայաստանի Ազգային գրադարան, ուր յանձնուեցան ՀՄԸՄ-ական հրատարակութիւններ եւ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի 46 տարիներու թուայնացած ամբողջական հաւաքածոն։
– Գանատայի դաշնակցային կառավարութիւնը անորոշ ժամանակով կասեցուցած է «Ծնողներու եւ մեծ հայրերու ու մայրերու ներգաղթի ծրագիր»-ի (Parents and Grandparents Program) նոր դիմումնագրերու ընդունումը, որուն պատճառով քաղաքացիներն ու մնայուն բնակիչները առայժմ կը զրկուին իրենց հարազատները հովանաւորելու հնարաւորութենէն: Յուլիս 15-ին Գանատայի Գաղթականութեան, Փախստականներու եւ Հպատակագրութեան նախարարութիւնը (IRCC) յայտարարեց, որ մինչեւ նոր տնօրինութիւն պիտի չընդունի հովանաւորութեան նոր յայտեր: Որոշումին նպատակն է նուազեցնել կուտակումները եւ կանոնաւորել գործընթացը. նախարարութիւնը պիտի շարունակէ քննել համակարգին մէջ առկայ շուրջ 50,900 դիմումները՝ 2026 թուականին ընդունելով մինչեւ 15,000 անձ: Մինչ այդ, կառավարութիւնը տուժած ընտանիքներուն կը թելադրէ օգտուիլ ժամանակաւոր «Գերարտօնագիր»-ի (Super Visa) դրութենէն, որ կ’արտօնէ ծնողներուն իւրաքանչիւր այցելութեան համար մինչեւ հինգ տարի մնալ Գանատա:
ՀԱՅԱՍՏԱՆ եւ ԱՐՑԱԽ
– Եւրոպական խորհրդարանին մէջ, Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակին աջակցութեամբ կազմակերպուած խորհրդաժողովի մը ընթացքին, եւրոպացի երեսփոխաններ, իրաւապաշտպաններ եւ իրաւական մասնագէտներ Եւրոպական Միութեան կոչ ուղղեցին աւելի վճռական քայլերու դիմելու՝ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներուն անյապաղ ազատ արձակումը ապահովելու համար։ Մասնակիցները ընդգծեցին, որ Պաքուի դատավարութիւնները քաղաքական բնոյթ կը կրեն, իսկ գերիները իբրեւ ճնշման միջոց կը գործածուին Հայաստանի դէմ՝ պահանջելով մարդասիրական անարգել հասանելիութիւն, անկախ բժշկական քննութիւններ, յստակ վերջնաժամկէտներ եւ անհրաժեշտութեան պարագային՝ նպատակային պատժամիջոցներ Ատրպէյճանի պատասխանատու պաշտօնատարներուն դէմ։
– Իսրայէլի Քնեսեթին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով նախատեսուած քուէարկութիւնը Ատրպէյճանի ճնշումին հետեւանքով հանուած է օրակարգէն, կը հաղորդէ «Հաարէց»՝ նշելով, որ վարչապետ Բենիամին Նեթանիահու արգելափակած է նախաձեռնութիւնը՝ Պաքուի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու միջամտութենէն ետք։ Թէեւ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքած է Նեթանիահուի միջամտութիւնը, սակայն հարցը չէ քուէարկուած, մինչ Պաքու նախապէս պահանջած էր վերատեսութեան ենթարկել ճանաչման որոշումը։
– ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու փորձագէտները մտահոգութիւն յայտնած են Բագրատ Արքեպիսկոպոս Գալստանեանի եւ «Սրբազան պայքար» շարժման անդամներուն դէմ յարուցուած քրէական գործին առնչութեամբ՝ հարցականի տակ դնելով ահաբեկչութեան մեղադրանքներուն հիմնաւորուածութիւնը, ցուցարարներուն դէմ ուժի գործածութիւնը եւ անմեղութեան կանխավարկածի հաւանական խախտումները։ Հայաստանի իշխանութիւնները մերժած են մեղադրանքները՝ պնդելով, որ ոստիկանութեան գործողութիւնները օրինական եղած են, մինչ պաշտպանական կողմը կը յայտնէ, որ ՄԱԿ-ի փորձագէտներուն գնահատականը կրնայ կարեւոր նշանակութիւն ունենալ միջազգային ատեաններու մէջ։