Մոնթրէալի մէջ կայացած ժողովրդային հաւաքին զեկուցեց ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան

Միացեալ Նահանգներ եւ Գանատա կատարած այցելութեան շրջագիծին մէջ, Նոյեմբեր 16-ին Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց Մոնթրէալի Royal Military College Saint-Jean ռազմական վարժարանը եւ ծանօթացաւ ուսումնարանի գործունէութեան:

Նոյն օրուան երեկոյեան, նախարար Սարգսեան, Քեպէգի հայ համայնքի միացեալ մարմնի կազմակերպած եւ ՀՀ դեսպանատան կողմէ հովանաւորուած ժողովրդային հաւաքի գլխաւոր զեկուցող բանախօսն էր։ Հաւաքը տեղի ունեցաւ Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնին մէջ։

Նախարարը զեկուցեց հայկական բանակի սպառազինման, մարտական դիրքերուն մէջ ընթացող ճարտարագիտական եւ արհեստագիտական աշխատանքներուն, ռազմարդիւնաբերութեան զարգացման ծրագիրներուն, սահմանային իրադրութեան, ապրիլեան պատերազմէն ետք կատարուած ծրագիրներուն, ղարաբաղեան տագնապի բանակցային հոլովոյթին եւ շարք մը այլ հարցերու:

Նախարարը հետադարձ ակնարկով անդրդարձաւ Հայոց բանակի անցած ուղիին եւ ըսաւ, որ կամաւորական շարժումով ծնունդ առած Հայոց բանակը, այսօր Հարաւ-կովկասեան տարածաշրջանին մէջ հզօրագոյնն է։

Նախարար Սարգսեան ներկայացուց բանակի արդիականացման եօթնամեայ ծրագիրը, որ կը նախատեսէ մարտունակութեան կենսագործում, ռազմարդիւնաբերութեան զարգացում, առաջնագիծի մարտական դիրքերու կահաւորում, նորագոյն սպառազինութեամբ զինատեսակի համալրում, ռազմաբժշկական որակի բարձրացում, հաշմանդամ զինծառայողներու հոգատարութեան բարելաւում, արդարութեան և հանրային վստահութեան ամրապնդում եւ ռազմական կրթութեան որակի բարձրացում։

Նախարարը յատկապէս շեշտեց, որ Արցախի Ապրիլեան պատերացմէն ետք, գլխաւոր փոփոխութիւնը, որ տեղի ունեցած է վերջին տարուան ընթացքին այն է, որ առաջնագիծը որակապէս փոխուած է, արհեստագիտական սարքաւորումներու եւ տեսադիտարկման սարքերու տեղադրումով: Այս ձեւով հայ դիրքապահ զինուորի ծառայութիւնը աւելի ապահով դարձած է:

Նախարարը յիշեցուց նաեւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իւրաքանչիւր 40-րդ քաղաքացին զինուած ուժերուն մէջ ծառայող է։ Ան ըսաւ, որ այս իրողութիւնը, թուային առումով մեզ արդէն կը դարձնէ Ազգ-բանակ:

Հաւաքի աւարտին նախարարը պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.