Մարտիկ Թասլաքեան պատասխանատու պաշտօն ստանձնեց Bombardier ընկերութեան մէջ

Մարտիկ Յովհաննէս Թասլաքեան վերջերս նշանակուեցաւ Գանատայի օդանաւաշինական յայտնի Bombardier ընկերութեան զարգացման եւ ռազմավարական ծրագիրներու բաժնի տնօրէն։

Լիբանանէն Գանատա հաստատուած Թասլաքեան իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Պէյրութի Մ․ եւ Հ․ Արսլանեան Ճեմարանին մէջ, զոր աւարտած է 2006-ին։ Այնուհետեւ համալսարանական ուսումը շարունակած է Մոնթրէալի ՄըՔկիլ համալսարանին մէջ, ուրկէ ապրիլ 2010-ին վկայուած է մեքենական ճարտարագիտութեան ճիւղէն՝ օդանաւային ճարտարագիտութեան մասնագիտութեամբ։

Ուսումը աւարտելէ ետք Թասլաքեան աշխատանքի անցած է Bombardier-ի փորձարկումներու բաժինին մէջ, ուր տարիներու ընթացքին ստանձնած է պատասխանատու պաշտօններ։ Ան հետագային դարձած է Airbus A220 օդանաւի փորձարկումներու պատասխանատու։

Մասնագիտական փորձառութեան զուգահեռ, Թասլաքեան շարունակած է իր բարձրագոյն կրթութիւնը։ 2017-ին ՄըՔկիլ համալսարանէն ստացած է մագիստրոսի վկայական՝ «Զարգացում եւ ռազմավարութիւն» մասնագիտութեամբ։

2017-2019 տարիներուն ան աշխատած է KPMG ընկերութեան մէջ՝ զբաղելով տարբեր ընկերութիւններու զարգացման ռազմավարութիւններու մշակման աշխատանքներով։ 2019-2022-ին Թասլաքեան աշխատած է գանատական COOP FÉDÉRÉE ընկերութիւններու համախմբումին մէջ՝ իբրեւ ռազմավարական ծրագիրներու պատասխանատու։

2022-ին ան վերստին գործի հրաւիրուած է Bombardier, այս անգամ՝ իբրեւ ընկերութեան վերակազմակերպման աշխատանքներով զբաղող խորհուրդի անդամ։

Թասլաքեան 2025-ին նաեւ Մոնթրէալի համալսարանէն ստացած է «Business Law»-ի վկայական։

Իր նոր պաշտօնին մէջ Մարտիկ Թասլաքեան պիտի շարունակէ իր փորձառութիւնը ներդնել Bombardier-ի զարգացման եւ ռազմավարական ծրագիրներու իրականացման աշխատանքներուն մէջ։