«Հորիզոն»ի 40-ամեակին առթիւ Կէօնճեան ընտանիքի ընդունելութեան ընթացքին հանգանակուեցաւ 10.000 տոլար

Ուրբաթ, 5 Յուլիս 2019-ին, Կէօնճեան ընտանիքին յարկէն ներս տեղի ունեցաւ յատուկ ընդունելութիւն՝ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի 40-ամեակին առթիւ, ընդունելութեամբ տիկին Շաքէի եւ իր զաւակներուն՝ Նորա եւ Զաւէն Կէօնճեաններու:

Ներկայ էին «Հորիզոն» շաբաթաթերթի վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեան, խմբագրակազմէն անդամներ եւ «Հորիզոն»ի առաքելութեան հաւատացող ու աջակցող հայ թէ օտար հիւրեր:

Ընթացքին Կէօնճեան ընտանիքին անունով բարի գալուստ մաղթեց օրդ. Նորա Կէօնճեան, որմէ ետք խօսք առաւ «Հորիզոն»ի տարիներու աշխատակից եւ Մանկապատանեկանի խմբագրակազմի անդամ տիկ. Անահիտ Պալեան, որ «Հորիզոն»ին նուիրուած կտոր մը ներկայացուց՝ իր ստեղծագործութեամբ:

Խօսք առաւ խմբագիր Վահագն Գարագաշեան, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ «Հորիզոն»ի առաքելութեան, ներկայ մարտահրաւէրներուն եւ ապագայի ծրագիրներուն. ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Կէօնճեան ընտանիքին՝ տարիներ շարունակ «Հորիզոն»ի նեցուկ ըլլալուն եւ սոյն ընդունելութեան կազմակերպման համար, ինչպէս նաեւ բոլոր ներկաներուն, որոնք եկած էին անգամ մը եւս իրենց անվարան աջակցութիւնը հաստատելու «Հորիզոն»ին:

Նշենք, որ կատարուած նուիրատուութիւններէն գոյացաւ 10.500 տոլարի գումար մը: Երեկոն խանդավառեց The Highway նուագախումբը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.