Հարցազրոյց Ահունցիք-Գարթիէրվիլ տարածաշրջանի քաղաքապետի թեկնածու Յարութ Շիթիլեանի հետ

«Ես կոչ կ’ուղղեմ մեր երիտասարդներուն, որ հետեւին քաղաքական կեանքին եւ փորձեն մուտք գործել այդ շրջանակներուն մէջ, որպէսզի այդպիսով նպաստեն թէ՛ գանատացի ժողովուրդին եւ թէ մե՛ր ժողովուրդին: Այս մէկը առիթ կ’ընծայէ նոր փորձառութիւններ ունենալու եւ այդ փորձառութիւնները ներմուծելու մե՛ր շրջանակներուն մէջ»

Հ.- Պարո՛ն Յարութ, ե՞րբ մտած էք քաղաքական ասպարէզ, ինչպէ՞ս, եւ ի՞նչ եղած է ձեր գործունէութիւնն ու ներդրումը այդ ծիրէն ներս:

Յ.Շ.- Ութը տարի առաջ, 2009-ին, երբ 28 տարեկան էի, առաջին անգամ ըլլալով մասնակցեցայ քաղաքական ընտրութիւններուն որպէս թեկնածու, իսկ երկրորդ անգամ՝ 2013-ին: Այդ միջոցին վարեցի տարբեր պաշտօններ թէ՛ որպէս խորհուրդի անդամ, թէ՛ որպէս ներկայացուցիչ Պորտօ Գարթիէրվիլ ընտրատարածքին եւ թէ՛ քաղաքապետարանէն ներս: Առաջին չորս տարիներուն վարեցի խորհուրդին նախագահի պաշտօնը, իսկ վերջին չորս տարիներուն՝ Գործադիր վարչութեան փոխ նախագահի պաշտօնը: Պատասխանատուութիւններս մասնաւորաբար առնչուած կ’ըլլային ճարտարարուեստի, երիտասարդութեան վերաբերող, ինչպէս նաեւ քաղաքի բարելաւման աշխատանքներուն: Բաւական զբաղ տարիներ էին վերջին չորս տարիները: Այս ութը տարուան գործունէութիւնս ինծի համար առիթ եղաւ ծանօթանալու ոչ միայն հայ գաղութի ներկայացուցիչներուն, այլեւ՝ ամբողջ ընտրատարածքի ներկայացուցիչներուն, զանազան կազմակերպութիւններու, ժողովուրդին, անոնց մտահոգութիւններուն, ինչպէս նաեւ մաս կազմելու անոնց նախաձեռնութիւններուն եւ իրազեկ ըլլալու իրենց ծրագիրներուն: Ամենէն հետաքրքրականը հայկական մեր նախաձեռնութիւններուն մասնակցիլս էր որպէս քաղաքական անձնաւորութիւն, ինչպէս՝ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ անցեալ տարուան Հայաստանի վերանկախացման տօնին նուիրուած ձեռնարկներուն:

Հ.- Այս բազմազբաղ շրջանին եղա՞ն իրագործումներ, որոնց մէջ մեծ ներդրում ունեցաք դուք անձնապէս:

Յ.Շ.- Իւրաքանչիւր քառամեակէ ետք մենք որպէս քաղաքական գործիչներ պարտաւոր ենք վերանայելու մեր տարած աշխատանքներուն: Կրնամ ինքնավստահ ու մեծ ուրախութեամբ յայտնել, թէ եղան նման իրագործումներ ուղղակի իմ ջանքերովս. օրինակ՝ Պորտօ Գարթիէրվիլ շրջանին մէջ ես ծրագիրներ առաջադրած էի, որոնց մեծամասնութիւնը իրագործուեցան. ինչպէս՝ Լուի Պուրկի հանրային պարտէզի բարենորոգումը, քաղաքին մուտքին (Լա Շափէլի եւ Լօրանսէնի շրջան) վերանորոգումը, ինչպէս նաեւ մշակութային կեդրոնի մը ապահովումը: Այս բոլորը ունեցան իրենց դրական անդրադարձը շրջանի ժողովուրդին վրայ:

Հ.- Ի՞նչ մտադրութեամբ եւ նպատակով առաջադրած էք ձեր թեկնածութիւնը ԱհունցիքԳարթիէրվիլ շրջանի քաղաքապետի ընտրութիւններուն:

Յ.Շ.- Ապագայի իմաստով մտքիս կան կարգ մը օգտաշատ ծրագիրներ, որոնց իրականացման կը ձգտիմ: Հետեւաբար, սոյն պաշտօնը, որուն թեկնածութիւնս առաջադրած եմ, առիթը կրնայ ընծայել ինծի շրջանիս ժողովուրդին հետ քննարկելու այս ծրագիրներս եւ իրագործելու: Առաջին եւ ամենակարեւոր ծրագիրս պիտի ըլլայ շրջանի երիտասարդութեան ընծայել միջոցներ, որպէսզի անոնք ծրագրաւորեն իրենց ապագան, ոչ միայն իրենց յատկացնելով զբօսավայրեր ու լողաւազաններ, այլեւ՝ աւելի հեռուն երթալով եւ նկատի առնելով նիւթական տագնապին ազդեցութիւնը մեր երիտասարդութեան վրայ, մշակել նպատակաուղղուած ծրագիրներ՝ զիրենք մղելու դէպի փայլուն ապագայ: Ասկէ բացի ունիմ այլ ծրագիրներ՝ ճարտարարուեստի, մեր բնաշխարհին, գիւղատնտեսական, սննդառական, կենսամակարդակի բարելաւման եւ մշակութային մարզերուն առնչուած: Զիս շատ կը հետաքրքրէ 5-12 տարեկան պզտիկներուն ուղղուած ծրագիրներ մշակելը, որովհետեւ անոնք են մեր ապագայ երիտասարդութիւնը: Տնտեսական մարզին վերաբերեալ փոքր եւ միջակ դասակարգի գործարարներու (թաղային) ուղղուած ծրագիր մը մշակած եմ՝ անոնց աջակցելու եւ իրենց գործելակերպը արդիականացնելու միտումով: Ծրագիր մըն ալ ունիմ, որուն նպատակն է շրջաններուն պատմականը պահպանել, որպէսզի իւրաքանչիւր շրջանի ժողովուրդ ծանօթանայ իր ապրած շրջանին պատմական իրադարձութիւններուն, կազմաւորման եւ զարգացման գործընթացին:

Հ.- Ներկայ էիք Մոնթրէալի 100-ամեակին առթիւ կազմակերպուած պատմական քայլարշաւին, որուն մասին թէ՛ քաղաքապետը եւ թէ՛ Մոնթրէալի մամուլը նշեցին, թէ չափազանց կարգապահ էր. ի՞նչ են ձեր յիշատակները այդ օրէն:

Յ.Շ.- Նախ շատ տպաւորիչ էր ինծի համար համագործակցութիւնը մեր ժողվուրդին եւ այս մակարդակի քայլարշաւի մը իրագործումը, որ իսկապէս պատմական էր: Նշեմ, որ առաջին անգամ ըլլալով քաղաքին հիմնական պողոտան փակուած էր, որպէսզի իրագործուի 100-ամեակի այս քայլարշաւը: Տպաւորիչ էր մանաւանդ քաղաքապետին եւ այլ քաղաքական անձնաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդին մեծ թիւով մասնակցութիւնը: Հարկ է նշել, որ մենք եւս քաղաքական ներքին մակարդակի վրայ անձայն աշխատանք տանելով յաջողեցանք անմոռուկ տեղադրել քաղաքապետարանի մուտքին, որ այդտեղ մնաց մէկ տարուան տեւողութեամբ, տակը ծանօթագրութեամբ մը՝ ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն: Այս մէկը յաճախ քննադատութեան առարկայ դարձաւ քաղաքապետարանի շրջանակներէն ներս, սակայն մենք յաջողեցանք տրամադրութիւնները ի նպաստ մեզի հունաւորել:

Հպարտութեան առիթ է մեզի համար նաեւ քաղաքապետին տպաւորութիւնը հայ ժողովուրդին նկատմամբ, որպէս քաղաքակիրթ եւ պահանջատէր ժողովուրդ, որ նաեւ օրինակ կը հանդիսանայ այլ ազգերու, որոնք նոյնպիսի անարդարութեանց զոհ եղած են: Անոնք վերջերս յաճախ կը խմբուին մեր շուրջ եւ մասնակից կը դառնան մեր պահանջատիրական նախաձեռնութիւններուն:

Հ.- Երբ համայնքը ձեզի դիմած է՝ ընդառաջա՞ծ էք. օրինակ՝ յուշարձան մը կանգնեցնելու գծով:

Յ.Շ.- Անշուշտ, սակայն իմ կարծիքովս յառաջիկայ տարիներուն ոչ միայն ցեղասպանութիւնը յուշող յուշարձաններ պէտք է զետեղենք քաղաքին մէջ, այլ մեր մշակոյթէն պատառիկներ պէտք է հրամցնենք Մոնթրէալի քաղաքացիին, ինչպէս կ’ընեն այլ ժողովուրդներ: Այս առթիւ կ’ուզեմ յիշեցնել, թէ ես միշտ ալ պատրաստակամութիւն ցուցաբերած եմ նման ծրագիրներու պարագային օժանդակելու իմ ժողովուրդիս:

Հ.- Դաշնակցային յետագայ ընտրութիւններուն առումով հետապնդելի նպատակներ ունի՞ք:

Յ.Շ.- Ներկայիս քաղաքային մակարդակի վրայ են առաջադրանքներս, սակայն ունիմ կապեր դաշնակցային մակարդակի անձնաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ այլ շրջաններու ներկայացուցիչներուն հետ: Քաղաքականութիւնը դուն չես ընտրեր, այլ քաղաքականութի՛ւնը կ’ընտրէ քեզ. ես տեղ մը չեմ դիմած այս հարցով, այլ իրենք ընդհանրապէս կը մօտենան եւ կ’առաջարկեն այս կամ այն գործին նուիրուիլ… հետեւաբար, հիմակուհիմա չունիմ նման մտադրութիւն, սակայն ապագային՝ կարելի է:

Հ.- Ի՞նչ ըսելիք ունիք «Հորիզոն»ի մեր ընթերցողներուն:

Յ.Շ.- Հայ թերթը իմ հասկացողութեամբս առաջին հերթին հայ լեզուի պահպանում է, որովհետեւ թերթը նաեւ հայապահպանման մեր ազդու միջոցներէն մէկն է: Ես անձնապէս կը քաջալերեմ թերթն ու կը գնահատեմ անոր աշխատակիգցները: Իսկ մեր ընթերցողներուն, որոնք կը բնակին ընտրատարածքիս մէջ, կոչ կ’ուղղեմ ոչ թէ անպայման ինծի քուէ տալու, այլ որպէս գանատայի քաղաքացի իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը կատարելու եւ 5 Նոյեմբերին՝ ընտրութեան օրը ներկայանալու ընտրական կեդրոնները եւ քուէ տալու այն թեկնածուին, որուն հանդէպ համոզում եւ համարում ունին:

Այս առթիւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ նաեւ ընտրաշրջանիս մէջ ապրող մեր ժողովուրդին, որ միշտ ալ իր աջակցութիւնը ցուցաբերած է ինծի հանդէպ:

Ինչ կը վերաբերի մեր հայ երիտասարդութեան, ես կոչ կ’ուղղեմ, որ անոնք հետեւին քաղաքական կեանքին եւ փորձեն մուտք գործել այդ շրջանակներուն մէջ, որպէսզի այդպիսով նպաստեն թէ՛ գանատացի ժողովուրդին եւ թէ մե՛ր ժողովուրդին: Այս մէկը առիթ կ’ընծայէ նոր փորձառութիւններ ունենալու եւ այդ փորձառութիւնները ներմուծելու մե՛ր շրջանակներուն մէջ:

Հարցազրոյցը վարեց՝ Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.