Հայ Դատը Կը Զօրակցի Պաքուն Պատժելու Նպատակով Ներկայացուած Քոնկրեսականներու Առաջարկներուն

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 2025ի Ազգային պաշտպանութեան արտօնութիւններու օրինագիծին (NDAA) մէջ ներկայացուած յաւելուածներու միջոցաւ, կարգ մը քոնկրեսականներ կը ջանան կասեցնել Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն տրամադրուող ամերիկեան ռազմական աջակցութիւնները։ Օրէնսդրական առաջարկներուն մէջ կան նաեւ միջոցառումներ, որոնք կը միտին Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը եւ ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակով ամերիկեան աջակցութեան ձեւաւորման, ներառեալ՝ Հայաստան հաստատուած Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ամերիկեան աջակցութիւն:

Առաջարկներ ներկայացուած են նաեւ Ամերիկա-Թուրքիա յարաբերութիւններուն վերաբերեալ,  ապահովելու համար վերահսկողութիւն եւ թափանցիկութիւն՝ Ամերիկայի կողմէ Թուրքիոյ վաճառուած զէնքերուն գծով, միաժամանակ հետաքննելու համար, թէ արդեօք տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ ապակայունացնող կեցուածքը կը համապատասխանէ՞ ՆԱԹՕի շահերուն:

Արցախի մէջ ցեղասպանութեան եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու բռնագրաւման համար Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու նպատակով, Հայ Դատը կը զօրակցի ստորեւ ներկայացուած 10 յաւելուածներուն.

1. Թիւ 396. ներկայացուած Մայք Լոլըրի եւ Ֆրենք Փալոնի կողմէ։ Յաւելուածը կ՛առաջարկէ ժամանակաւոր արգելք սահմանել Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան օժանդակութիւնը բացառող օրէնքի չեղարկելու իրաւունքին (waiver authority) վրայ։

2. Թիւ 568. ներկայացուած Էտըմ Շիֆի կողմէ։ Յաւելուածը Ատրպէյճանին կոչ կ՛ընէ՝ անյապաղ վերադարձնելու բոլոր հայ ռազմագերիները։

3. Թիւ 570. ներկայացուած Շիֆի կողմէ։ Յաւելուածը կ՛արգիլէ յարձակողական բնոյթի բոլոր սարքերու Ատրպէյճան արտածման բոլոր նոր արտօնութիւններուն տրամադրումը:

4. Թիւ 1048. ներկայացուած Աննա Էշուի կողմէ։ Յաւելուածը պաշտպանութեան նախարարութեան կը յանձնարարէ մշակել յատուկ ռազմավարութիւն՝ ամրապնդելու համար ապահովութեան ոլորտին մէջ Ամերիկա-Հայաստան համագործակցութիւնը եւ զսպելու Ատրպէյճանին ապագայ յարձակումները։

5. Թիւ 1110. ներկայացուած Քէյթի Փորթըրի կողմէ։ Յաւելուածը կը յանձնարարէ զեկոյց պատրաստել միջազգային պատժամիջոցներու ենթակայ ռուսական եւ իրանեան ընկերութիւններու հետ Ատրպէյճանի գործակցութեան վերաբերեալ:

6. Թիւ 120. ներկայացուած Կաս Պիլիրաքիսի եւ Քրիս Փափասի կողմէ։ Յաւելուածը արտաքին գործոց, ելեւմուտքի եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններէն կը պահանջէ զեկուցում ներկայացնել ռուսական S-400 հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր գնելու համար Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներուն ազդեցութեան եւ Ամերիկայի ազգային ապահովութեան համար անոնց սպառնալիքներուն վերաբերեալ։

7. Թիւ 122. ներկայացուած Պիլիրաքիսի եւ Փափասի կողմէ։ Յաւելուածը Ամերիկայի կառավարութեան պատասխանատուութեան գրասենեակէն (USGAO) կը պահանջէ վերանայիլ եւ հաստատել պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն արտակարգ իրավիճակներու ծրագիրները՝ Թուրքիա գտնուող Ամերիկայի զգայուն տուեալներուն եւ սպառազինութիւններուն վերադիրքաւորման վերաբերեալ:

8. Թիւ 313. ներկայացուած Պիլիրաքիսի կողմէ։ Յաւելուածը կը պահանջէ զեկուցում ներկայացնել այն մասին, թէ արդեօք Թուրքիոյ կառավարութիւնը էականօրէն կը խախտէ՞ ՆԱԹՕի պայմանագիրը:

9. Թիւ 318. ներկայացուած Պիլիրաքիսի եւ Փափասի կողմէ։ Յաւելուածը կը պահանջէ զեկուցում՝ պատժամիջոցներէ խուսափելու հարցով Թուրքիա-Իրան գործակցութեան վերաբերեալ։

10. Թիւ 744. ներկայացուած Ռաշիտա Թլայպի կողմէ։ Յաւելուածը կ՛արգիլէ ապահովական օժանդակութիւն տրամադրել որեւէ երկրի, որ վերջին տասը տարիներուն ռազմական ուժ կիրարկած է բժշկական հաստատութիւններու, ՄԱԿի, գաղթականներու ճամբարներու, մարդասիրական կազմակերպութիւններու աշխատողներու կամ լրագրողներու դէմ։

«Անցեալ տարի, Արցախի մէջ իրականացուած ցեղային զտումներուն համար Ամերիկայի կողմէ համապատասխան պատժամիջոցներու ենթակայ չըլլալով, Պաքու այսօր գոյութենական սպառնալիք կը ներկայացնէ Հայաստանին։ Քոնկրեսը պէտք է յստակ քայլերու դիմէ հոն, ուր Ամերիկայի վարչակազմերը ձախողած են՝ պատասխանատուութեան ենթարկելու Պաքուն եւ ապահովելու Արցախի բնիկ բնակչութեան ապահով վերադարձը իր պատմական հայրենիքը՝ միջազգային պաշտպանութեան տակ», յայտնեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:

Ներկայացուած առաջարկներուն վաւերացման ջանքերուն աջակցելու համար, այցելել այս նպատակով Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին տրամադրած կայքէջը։

Comments are closed.