Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանի երեք հատորներու ներկայացում

ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- Կազմակերպութեամբ Համազգային Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբին եւ Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբին, Հինգշաբթի, 24 Սեպտեմբեր 2026-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանի «Armenians In The Modern And Early Modern World / The Politics Of Naming The Armenian Genocide / Language, History And “Medz Yeghern”», «A Woman Of The World: Armen Ohanian / The “Dancer Of Shamakha”» եւ «The Colour Of Choice / The Armenians And The Politics Of Race In The United States And Germany (1890-1945) / Տիպարք Մարդկանց Ցեղերու» գիրքերուն ներկայացումը:

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեան անդամ Կարին Գասապեան, որ իր խօսքին մէջ յայտնեց. «Այս երեկոյին ընթացքին պիտի ծանօթանանք Վարդան Մատթէոսեանի երեք ուշագրաւ աշխատութիւններու, որոնք տարբեր տեսանկիւններէ կը լուսաբանեն հայոց պատմութեան, ինքնութեան, քաղաքականութեան եւ ընդհանուր փորձառութեան կարեւոր երեսները», ապա ներկայացուց հեղինակին հակիրճ կենսագրականը:

Նիւ Եորքէն յատուկ այս առթիւ ժամանած հեղինակը, սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց իր հրատարակած երեք հատորները, մէջընդմէջ ներկաներու հարցումներուն պատասխանելով:

Դոկտ. Մատթէոսեան իր «Armenians In The Modern And Early Modern World / The Politics Of Naming The Armenian Genocide / Language, History And “Medz Yeghern”» գիրքին մասին խօսելով յայտնեց, թէ այս աշխատութիւնը լեզուական, պատմական եւ քաղաքագիտական վերլուծութիւն մըն է «Մեծ Եղեռն» եւ «Ցեղասպանութիւն» (Genocide) եզրոյթներուն մասին, որուն մէջ ան կը քննէ, թէ ինչպէ՛ս հայերէն «Եղեռն» բառը դարերու ընթացքին զարգացած է եւ 1915-ի աղէտէն ետք ստացած հաւաքական ողբերգութեան իմաստ։ Հեղինակը ըսաւ, թէ հայերէն լեզուամտածողութեամբ եւ հայկական սկզբնաղբիւրներու վրայ հիմնուելով, գիրքին մէջ կը ներկայացնէ բառին պատմական ակունքները (գրաբարէն մինչեւ աշխարհաբար), անոր իմաստափոխութիւնը 1915-էն ետք, եւ թէ ինչպէ՛ս այդ բառը օտարներու կողմէ քաղաքականացուեցաւ ու դարձաւ բառախաղի առարկայ։

Ապա իր «A Woman Of The World: Armen Ohanian / The “Dancer Of Shamakha”» գիրքին անդրադառնալով յայտնեց, թէ այն հրատարակուած է համահեղինակութեամբ բանասէր Արծուի Բախչինեանի: Հեղինակը ըսաւ, թէ գիրքը կը ներկայացնէ 20-րդ դարասկիզբի նշանաւոր հայ պարուհի, դերասանուհի, գրող, թարգմանչուհի եւ հասարակական գործիչ Արմէն Օհանեանի (բուն անունով՝ Սոֆիա Փիրպուտաղեան, 1887–1976) կեանքն ու բազմակողմանի վաստակը, ապա աւելցուց, թէ հեղինակները տարիներու արխիւային եւ աղբիւրագիտական որոնումներով ի յայտ բերած են մոռցուած Օհանեանը, որ ծնած է Շամախի (Ատրպէյճան), վերապրած է 1905-ի Պաքուի հայ-թաթարական ջարդերէն, որմէ ետք իր դերասանական եւ պարային ասպարէզը սկսած է Թիֆլիսի, Պաքուի եւ Թեհրանի մէջ, ապա անցած է Եւրոպա (Փարիզ, Լոնտոն), ուր իր ներկայացուցած «արեւելեան պարերով» արժանացած է մեծ հռչակի, աւելի ուշ հաստատուած է Մեքսիքօ, ուր դարձած է տեղւոյն մշակութային եւ թատերական կեանքի կարեւոր դէմքերէն մէկը։ Դոկտորը նաեւ անդրադարձաւ անոր գրական եւ թարգմանչական աշխատանքներուն՝ ֆրանսերէն եւ սպաներէն, ինչպէս նաեւ հրատարակած հայ մշակոյթին նուիրուած ուսումնասիրութիւններուն։

«The Colour Of Choice / The Armenians And The Politics Of Race In The United States And Germany (1890-1945) / Տիպարք Մարդկանց Ցեղերու» գիրքին մասին հեղինակը ըսաւ, թէ այս աշխատութիւնը կը քննէ, թէ ինչպէ՛ս 19-րդ դարավերջէն մինչեւ Բ. Համաշխարհային պատերազմի աւարտը (1890–1945) հայերը ընկալուած, դասակարգուած եւ քննուած են իբրեւ ցեղ՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Նացիական Գերմանիոյ իրաւական ու գիտական դրութիւններուն մէջ։ Հեղինակը բացատրութիւններ տուաւ գիրքին երեք բաժիններուն մասին, որոնց մէջ անդրադարձ կայ Ամերիկեան Դատարաններուն եւ «Սպիտակամորթ»-ութեան հարցին, Նացիական Գերմանիոյ եւ հայերուն Արիական ցեղի պատկանելութեան հարցին, նաեւ «Տիպարք Մարդկանց Ցեղերու» բաժինին, որուն մէջի հայերէն աղբիւրներու եւ լեզուամտածողութեան վերլուծութիւնը ցոյց կու տայ, թէ հայ մտաւորականներն ու մամուլը ինչպէ՛ս ընկալած եւ մեկնաբանած են «ցեղ», «արիւն» եւ «ինքնութիւն» հասկացութիւնները այդ հանգրուանին։

Աւարտին տեղի ունեցաւ գիրքերու մակագրում եւ վաճառք:

ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ ԿԷՏԻԿԵԱՆ
«Հորիզոն Մետիա»