Վաստակաշատ գանատահայ ՀՄԸՄ-ականները (Եղբ․ Սեդրակ Պուրսալեան)
- (0)

1992-ին Ծառայութեան եւ 2018-ին Արժանեաց շքանշանակիր
1.- Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս մուտք գործեցիք ՀՄԸՄ-ի շարքերը։
Ծնած եմ 1942-ին, Գահիրէ։ Պատանի տարիքիս՝ տասը տարեկանիս միացած եմ հայ Արիներու միութեան Գահիրէի մէջ եւ հասած մինչեւ Աւագ առաջնորդի պաշտօնին։ Երբ 12 տարեկան եղայ, մաս կազմեցի Արարատ միութեան կողովագնդակի կրտսեր եւ աւելի ուշ երէց խումբին։
1964-ին Գահիրէէն գաղթեցի Մոնթրէալ, Գանատա ու նետուեցայ աշխատանքային եւ գործի ասպարէզ։
2.- Ի՞նչ պաշտօններ վարած էք միութեան մէջ։
1972-ին մաս կազմեցի Մոնթրէալի ՀՄԸՄ-Կամք Սկաուտական խորհուրդին, ստանձնելով շրջան մը հաշուապահութեան ապա ատենապետութեան պաշտօններ։
1977-ին ընտրուեցայ Մոնթրէալի ՀՄԸՄ-Կամք մասնաճիւղի վարչական, ստանձնելով դարձեալ հաշուապահութեան եւ շրջան մը ետք ատենապետութեան պաշտօնները։
1994-ին ընտրուեցայ Շրջանային վարչութեան անդամ, կրկին ըլլալով հաշուապահ եւ ետքը ատենապետ:
1995-2005 մօտաւոր 10 տարի շարունակ մաս կազմեցի համահայկական խաղերու կազմակերպիչ մարմնին իբրեւ Մոնթրէալի ՀՄԸՄ-Կամքի ներկայացուցիչ, ուր 4 տարին անգամ մը, Մոնթրէալի մէջ մարզական խումբերը կը պատրաստէինք Հայաստան մեկնելու եւ համահայկական խաղերուն մասնակցելու։
Մաս կազմած եմ ՀՄԸՄ-ի պատգամաւորական ժողովներուն 1983-ին Յունաստանի, 1995-ին Լիբանանի եւ 2003-ին Հայաստանի մէջ։
Միութենական կեանքի մէջ աւելի քան 40 տարի ծառայութեանս համար արժանացած եմ վարչութեան երկարամեայ գործունէութեան գնահատագրին։
3.- Կրնա՞ք ներկայացնել դրուագ մը, զոր կը յիշէք այդ օրերէն։
Երկարամեայ նուիրումի տարիներուն ունեցած եմ շատ յիշատակներ, որոնք կապուած են անձերու կամ դէպքերու հետ, սակայն կայ իրողութիւն մը եւ նուիրումի կատարելագործական չափանիշ մը, որ մինչեւ օրս յարգանքով եւ խոնարհութեամբ կը պահեմ յիշողութեանս մէջ այդ ալ ատմն․ Վիգէն Մասէրէճեանի նուիրումն էր։ Նորաստեղծ միութիւնը այդ տարիներուն կեդրոն չունէր, կար բոլոր միութիւններուն համար սահմանափակ տարողութեամբ սենեակներ, ուր բոլոր միութիւնները կը փորձէին համագործակցութեամբ օգտագործել այդ վայրը, հետեւաբար բժ․ Վիգէն (այդ օրերուն երկուքս խորհուրդի անդամներ էինք) առաջարկեց, որ իր դարմանատան սպասման սենեակը օգտագործենք որպէս ժողովասենեակ, մինչեւ որ յարմար վայր մը ունենայ միութիւնը։ Հետաքրքրականը այն էր, որ ոչ միայն իր դարմանատունը օգտագործեցինք որպէս ժողովասենեակ, այլ ամէն ժողովի աւարտին կը համտեսէինք իր մօրը յատուկ մեզի համար պատրաստած համեղ կարկանդակները։ Երկար տարիներ այսպէս կատարեցինք ժողովները, իսկ շրջան մը, որ բժիշկ Վիգէնը մաս չէր կազմեր միութեան, շարունակեցինք նոյն ընթացքով, առանց որեւէ փոփոխութեան։ Լոյս Բժիշկին հոգւոյն, որ կատարեալ նուիրումով եւ անշահախնդիր ծառայութեամբ ծառայեց միութեան վերելքին։
4.- Ի՞նչ են ձեր թելադրանքն ու մաղթանքը ներկայ ՀՄԸՄ-ականներուն։
Իմ թելադրանքս եւ մաղթանքս է ներկայ ՀՄԸՄ-ականներուն, որ շարունակեն իրենց զոհաբերական գործը, իսկ պատասխանատուներ ծառայասիրութեամբ եւ նուիրումով պատրաստեն մարմնով եւ հոգիով աշխոյժ եւ գիտակից հայ երիտասարդներ։
Հարցազրոյցը վարեց ՀՈՒՐԻՆԱՆ