«Եթէ այսօր տակաւին ոճիրներ կը գործուին‚ ապա հին ոճիրներ չեն կրնար ճանչցուիլ». Հարցազրոյց Կարօ Փայլանի հետ

13 Յունուար 2017-ին Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն‚ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի անդամ Կարօ Փայլանին ժամանակաւորապէս արգիլուեցաւ խորհրդարանի նիստերուն մասնակցիլ‚ երբ երկրին սահմանադրութեան փոփոխութիւններու քննարկման ընթացքին անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան։

1 Մայիս 2017-ին‚ Կարօ Փայլան այցելեց Մոնթրէալ‚ Գանատա, ներկայացնելու համար սահմանադրական փոփոխութիւններու շուրջ հանրաքուէէն ետք տիրող մթնոլորտը‚ ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ բնակող հայերու եւ այլ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն ու ազատութեանց վերաբերեալ շարունակական անորոշութիւնն ու մտահոգութիւնները։

Մոնթրէալի Հայ համայնքի կեդրոնին մէջ նախքան իր ելոյթը, «Հորիզոն» Կարօ Փայլանի հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը։ Հարցազրոյցը վարեցին Վահագն Գարագաշեան եւ Տիանա Սքայա։

«Հորիզոն» – Ի՞նչ է ձեր կարծիքը արդի Թուրքիոյ մէջ քաղաքացիական հասարակութեան մասին։

Կարօ Փայլան – Հինգ տարի առաջ Թուրքիոյ մէջ աւելի ազատ քաղաքացիական հասարակութիւն մը գոյութիւն ունէր, երբ ժողովրդավարութեան յոյսեր եւ խաղաղութեան հոլովոյթ գոյութիւն ունէին։ Սակայն անցնող երկու տարուան ընթացքին նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան ազգայնական կուսակցութեան հետ նոր դաշինք մը կազմած է, եւ այդ դաշինքը բռնաճնշումի կ’ենթարկէ ամբողջ հասարակութիւնը‚ ներառեալ քաղաքական կուսակցութիւնները‚ ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները‚ ակադեմականներն ու լրագրողները։ Անոնք գրաքննութեան կ’ենթարկեն լրատուամիջոցները եւ կը փակեն ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները։ Հարիւր հազարաւոր ոստիկաններ վտարուած են իրենց գործէն։ Այդ դաշինքը Թուրքիոյ ամբողջ տարածքին վախի մթնոլորտը կ’ամրապնդէ‚ ուստի քաղաքացիական հասարակութիւնը այս իրավիճակին յարմարելու լուրջ դժուարութիւն ունի։ Ներկան Թուրքիոյ համար սեւ օրեր են։

«Հ» – Պրն. Փայլան‚ 15 Յուլիս 2016-ը Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան մեծ հարուած մը եղաւ։ Յուլիսի յեղաշրջման փորձէն ետք Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութիւնը ի՞նչ ընթացք ունեցաւ։

Կ.Փ. – Անցեալ տարի‚ յեղաշրջումի փորձ կատարուեցաւ։ Քանի մը առիթներով զգուշացուցի իշխող կուսակցութիւնը‚ թէ եթէ խաղաղութեան հոլովոյթ չամրապնդուի եւ քիւրտերու եւ այլ ազգային փոքրամասնութիւններու հետ պատերազմ ծագի‚ Թուրքիոյ մէջ անգամ մը եւս յեղաշրջում տեղի պիտի ունենայ։ Յեղաշրջումի մը ընթացքին կը ստեղծուին հակամարտութիւններ, եւ ընկերութիւնը այդ հակամարտութիւնը կը շահագործէ։ Բարեբախտաբար‚ յեղաշրջումի փորձը ձախողեցաւ։ Բայցեւայնպէս‚ յեղաշրջումէն դասեր չքաղեցինք, եւ թրքական քաղաքականութիւնը տակաւին նոյնն է։

«Հ» – Անցնող տասնամեակին‚ Թուրքիոյ մէջ թաքնուած հայերուն մասին շատ գրուած է։ Հրանդ Տինք եւ «Ակօս»-ի խմբագրակազմը առաջիններն էին, որոնք գրեցին այդ պատմութիւններուն մասին, այն հայերու մասին‚ որոնք իսլամացած էին ցեղասպանութենէն փրկուելու համար։ Խնդրենք, մեզի խօսեցէք Թուրքիոյ մէջ թաքնուած հայերուն մասին։

Կ.Փ. – Փոքր տարիքիս Թուրքիոյ զանազան քաղաքներ այցելած եմ։ Երբ մարդիկ անդրադարձան‚ որ հայ եմ‚ ինծի մօտեցան եւ փսփսացին‚ թէ իրենց մեծ հայրերը հայեր են‚ թէ իրենց գիւղը իսլամացած է‚ եւ իրենց իսկական ինքնութեան վերադառնալու համար քրիստոնէութիւնը ընդունելու քաջութիւնը չունին։ Հրանդ Տինքէն‚ ժողովրդավարութեան հաստատումէն եւ Արդարութիւն ու բարգաւաճում կուսակցութեան հիմնադրութենէն ետք‚ մարդիկ քաջութիւնը ունեցան խոստովանելու իրենց հայկական արմատներուն մասին։ Ես անդամ էի Տիգրանակերտի հայկական եկեղեցին նորոգելու յանձնախումբին։ Նորոգութեան ընթացքին յակնարծ մարդիկ մեզի մօտեցան եւ խօսեցան իրենց կորսուած արմատներուն, կորսուած ինքնութեան, կորսուած ժառանգութեան մասին։ Հարիւրաւոր ոչ հայեր մասնակցեցան եկեղեցւոյ բացումին‚ ինչ որ շատ կարեւոր քայլ էր մեր համայնքին համար։ Տակաւին այդ թաքնուած հայերուն մասին տարակարծութիւններ շատ կան։ Մեր պատրիարքական փոխանորդը կ’ըսէ. «Ան որ քրիստոնեայ չէ‚ չի կրնար հայ ըլլալ»։ Այդ մէկը ճիշդ չէ։

Հայերուն կ’ըսեմ‚ որ պէտք է այդ իսլամացած հայերը մեր համայնքին մէջ ընդունինք‚ որովհետեւ չորս սերունդ առաջ իսլամացածներու համար շատ դժուար է յանկարծ քրիստոնեայ դառնալ։

«Հ» – Ի՞նչ է Թուրքիոյ հայ համայնքին ներկայ կացութիւնը։

Կ.Փ. – Թուրքիոյ հայերը երեք սերունդ լուռ մնացին։ Ցեղասպանութենէն վերապրած մեծ մայրս առաջարկեց‚ որ ես ալ լուռ մնամ։ Ան չէր ուզեր ցեղասպանութեան մասին խօսիլ։ Օր մը‚ Հրանդ Տինքը յայտնուեցաւ եւ յայտարարեց‚ որ ահաւոր բան մը պատահած է, եւ թուրքերն ու հայերը վէրքերու բուժման կը կարօտին։ Թուրք ժողովուրդին համակրանքը կը վայելէր‚ բայց դժբախտաբար զինք սպաննեցին։ Տինքի սպանութենէն ետք հայերու նոր սերունդը քաջութիւնը ունեցաւ իր գաղափարաբանութիւնը տարածելու։ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան հաստատումէն օգտուեցանք եւ քաջութիւնը ունեցանք մեր ձայնը լսելի դարձնելու։ Դժբախտաբար‚ վերջին երկու տարիներուն ընթացքին‚ այս ազգայնական դաշինքին գոյացմամբ‚ ստեղծուած է «նոր բնական» մը‚ որ ոչ-թուրքերուն լուռ մնալ պարտադրելու «հին բնական»ն է։ Այլապէս անոնց բանտարկութեամբ կամ ապանութեամբ կը սպառնան։ Վախի ազդակը սեղանի վրայ է։ Հայերու եւ այլ ազգային փոքրամասնութեանց համար հասկնալի է‚ որ այս վախի ազդակը եռապատկուած է‚ որուն իբրեւ հետեւանք՝ անոնք կը նախընտրեն լուռ մնալ։ Ինծի նման կարգ մը հայեր կը փորձեն որոշ չափով ձայն բարձրացնել։ Անոնց կու տամ օրինակներ Հրանդ Տինքէն‚ որ քաջաբար ձայն կը բարձրացնէր‚ սակայն նաեւ օրինակը Սեւակ Պալըճիի՝ լռակեաց երիտասարդին‚ որ քաղաքական ենթահող չունէր եւ հայկական հարցին մասին երբեք չէ արտայայտուած‚ սակայն նոյնպէս սպանուեցաւ։ Ցեղասպանութեան բազմաթիւ զոհեր եւս լուռ են։

«Հ» – Պրն. Փայլան‚ երկու շաբաթ առաջ Օթաուայի մէջ կ’ոգեկոչէինք Հայոց ցեղասպանութիւնը‚ եւ մեր բանախօսներէն մէկը՝ Գանատայի խորհրդարանի անդամ Կառնեթ Ճինըսը, յստակ պատգամ մը յղեց ներկաներուն։ Ան ըսաւ. «Արեւմտեան Գերմանիան 1952-ին՝ ողջակիզումէն հազիւ 7 տարի ետք‚ առաջարկեց Իսրայէլի փոխհատուցում վճառելու սկսիլ»։ 1969-ին Գերմանիոյ վարչապետ Ուիլի Պրանտ այցելեց Վարշաւայի համակեդրոնացման ճամբար եւ լուռ ներողութիւն խնդրեց։ Կը կարծէ՞ք‚ թէ օր մը թրքական կառավարութեան ղեկավարներէն մէկը Ուիլի Պրանտթ օրինակին պիտի հետեւի։

Կ.Փ. – Այդ է պատճառը‚ որ կը զբաղիմ քաղաքականութեամբ։ Կուսակցութեանս նպատակը այդ է՝ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ցեղասպանութեան զոհերու թոռներէն ներում հայցել։ Տակաւին ատոր իրագործումէն շատ հեռու ենք։

Ոչ-ժողովրդավար Թուրքիա մը երբեք պիտի չճանչնայ ցեղասպաութիւնը եւ ներում պիտի չհայցէ։ Թէեւ ժողովրդավարութեան հաստատումով եւ խաղաղութեան հոլովոյթի ճամբով իրապէս կարեւոր քայլեր առնուած են ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ։ Հասարակութիւնը ցեղասպանութեան մասին իմացաւ‚ եւ առանց զայն այդ անունով կոչելու‚ պատրաստ էին ըսելու‚ որ 102 տարի առաջ ահաւոր բան մը պատահած է։ Նոյնիսկ նախագահը ցաւակցութիւն յայտնեց Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին տեղի ունեցած հայկական «հարց»-ի զոհերուն։

Միշտ հետեւեալը կ’ըսեմ. «Եթէ այսօր տակաւին ոճիրներ կը գործուին‚ ապա հին ոճիրներ չեն կրնար ճանչցուիլ»։ Թուրքիոյ մէջ իւրաքանչիւր օր ցեղասպանութիւն կը գործուի։ Իւրաքանչիւր օր մեր համանախագահներն ու երեսփոխանները կը սպաննուին‚ կը բանտարկուին‚ ճիշդ ինչպէս պատահեցաւ 1915-ին։ Առաջին հերթին պէտք է վերջ տանք արդի ոճիրներուն‚ ապա թերեւս կրնանք վերադառնալ ժողովրդավարութեան հաստատման եւ խաղաղութեան‚ միայն այն ատեն Թուրքիան կրնայ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Այդ իւրայատուկ ոճիրը տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ մէջ‚ ուստի մենք այդ ոճիրին հետ պէտք է առերեսուինք Թուրքիոյ մէջ։ Այդ ոճիրին հետ պիտի առերեսուինք նոր ղեկավարներով կամ նոր կազմակերպութեամբ մը‚ որ այն պատկերացումը ունի‚ թէ հողը կը պատկանի բոլորիս՝ թուրքերուն‚ քիւրտերուն‚ հայերուն‚ ասորիներուն‚ յոյներուն։ 2-3 տարի առաջ այդ մէկը իրագործելու շատ մօտ էինք‚ սակայն Էրտողանի ազգայնական դաշինքը երբեք պիտի չճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը։

Հարցազրոյցը վարեցին Վահագն Գարագաշեան եւ Տիանա Սքայա

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.