Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային Յանխնախումբի Սրտի Խօսքը Վարդգէս Տոլապճեանի Յուղարկաւորութեան

Յարգելի սգակից հարազատներ

Սիրելի ընկերներ եւ ընկերուհիներ

Հայ Դատի կառոյցն ու անոր տարած ազգանուէր աշխատանքները կ’իմաստաւորեն ու կը հարստացնեն անոր առաքելութեան անմնացորդ կերպով նուիրուած համակիրները։

Կամաւոր նուիրեալներու ու անխոնջ համակիրներու մեր բանակն է, որ տասնամեակներու վրայ երկարող մեր աշխատանքը խարսխած է այնպիսի ամուր հիմերու վրայ, որուն պատճառով մենք այսօր կրնանք հնարաւորինս ներկայացնել ու պաշտպանել մեր ժողովուրդի հաւաքական շահերը՝ այս օտար ափերուն մէջ։

Սոյն համակիր կամաւորները յաճախ կը գործեն լռելեայն եւ իրենց տարած անձնուէր աշխատանքին համար կը սպասեն ոչ մէկ վարձատրութիւն կամ մեծարանք։ Անոնք կը գործեն համոզուած ըլլալով, որ մեր փրկութեան միակ ճանապարհը մեր հաւաքական ուժի կիրառումն է ու մեր ազգային սկզբունքներէն ոչ մէկ ձեւով չշեղելու անհրաժեշտութիւնը։

Պրն. Վարդգէս Տոլապճեան այդպիսին էր։ Ան ամբողջական մարմնացումն էր այն նուիրուած կամաւորին, որ իր լայն կարողութեանց սահմաններուն մէջ ոչ մէկ ջանք չխնայեց ծառայելու իր ազգին ու անոր դարաւոր դատին։

Սկսեալ 1980-ական թուականներէն եւ ատկէ առաջ ալ, Վարդգէս Տոլապճեան մեծ ներդրում ունեցաւ Գանատայի պետութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին ու Գանատահայ երիտասարդներու դաստիարակման ու քաղաքականացման կարեւոր աշխատանքին։ Իր ունեցած բարձր ուսումով ու լեզուական կարողութիւններով, Պարոն Տոլապճեան յատուկ բծախնդրութեամբ աշխատեցաւ տարատեսակ ակադեմական եւ փաստագրական նիւթերու պատրաստութեամբ, որ յետագային մեծապէս օգտակար դարձան Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ տարուած իրազեկման աշխատանքներուն մէջ։ Այս ծիրէն ներս, ան նաեւ քարոզչական գետնի վրայ տարաւ կարեւոր աշխատանք, յետեւողական կերպով աշխատակցելով Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի հրատարակած “Le Cause Armenienne” պարբերաթերթին։

Այս բոլորի կողքին, նաեւ պարտ է նշել Պարոն Տոլապճեանի տարած լայնածաւալ աշխատանքը Գանատահայ երիտասարդներու քաղաքական պատրաստութեան աշխատանքին մէջ։ Ան իր գործունէութեան ընթացքին, յատուկ ջանքերով հիմնեց փորձավարժական ծրագիր մը, որուն հետեւեցան մեծ թիւով երիտասարդներ, որոնցմէ շատերն այսօր կը շարունակեն ծառայել հայ դատին ու հայ ժողովուրդին։

Այսպիսի յիշատակներով է, որ այսօր մեր հրաժեշտի վերջին խօսքը կը փոխանցենք հայ ազգի այս նուիրեալին, որ իր ամբողջ գործունէութեան ընթացքին համակ նուիրոմով ծառայեց իր ազգին ու համայնքին։

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի անունով կու գամ մեր խորին ցաւակցութիւնները յայտնելու Տոլապճեան ընտանիքին ու բոլոր հարազտներուն, ինչպէս նաեւ հանգուցեալի ընկերներուն եւ բարեկամներուն։

Աստուած հոգին լուսաւորէ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.