Ֆոն տէր Լայէնի այցի օրակարգին վրայ պիտի ըլլայ հայկական գիւղմթերքի արտահանումը դէպի ԵՄ
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Նիկոլ Փաշինեան հաստատեց, որ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լայէն մօտ օրերուն պիտի այցելէ Հայաստան։ Ըստ Փաշինեանի, այցի օրակարգին վրայ պիտի ըլլայ հայկական գիւղմթերքի արտահանումը դէպի Եւրոպական Միութիւն։
Փաշինեան նշեց, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի վերջերս Պրիւքսէլ կատարած այցէն ետք ստեղծուած են նոր հնարաւորութիւններ այս ուղղութեամբ։ Ան յոյս յայտնեց, որ ֆոն տէր Լայէնի երեւանեան այցի ընթացքին կողմերը պիտի կարենան համատեղ յայտարարութիւն կատարել համապատասխան ծրագրին շուրջ։
Ան նաեւ անդրադարձաւ տարածաշրջանային համագործակցութեան հեռանկարներուն՝ նշելով, որ Հայաստան ԹՐԻՓ ծրագրի ծիրէն ներս անխուսափելիօրէն պիտի ներգրաւուի տարածաշրջանային նախաձեռնութիւններու մէջ։ Ան ընդգծեց, որ Հարաւային Կովկասի երկիրները պէտք է սկսին տարածաշրջանը դիտարկել իբրեւ ընդհանուր շահեր ունեցող ամբողջութիւն։
Այս զարգացումները կը պատահին այն ժամանակ, երբ Ռուսիա սահմանափակումներ կիրառած է Հայաստանի արտադրանքներուն նկատմամբ։ Վերջին շաբաթներուն արգելքներ եւ սահմանափակումներ հաստատուած են «Ջերմուկ» հանքային ջուրի, ծաղիկներու, կարգ մը ոգելից խմիչքներու, ինչպէս նաեւ շարք մը գիւղատնտեսական ապրանքներու՝ լոլիկի, վարունգի, ելակի, կեռասի, ծիրանի, դեղձի, սալորի, խաղողի, սմբուկի, գետնախնձորի եւ չիրերու ներմուծման կամ տարանցման վրայ։