Փութինն ու ԵԱՏՄ-ի ղեկավարները յայտարարութիւն փոխանցեցին Երեւանին, Մհեր Գրիգորեան վերահաստատեց՝ Հայաստանը դուրս գալու մտադրութիւն չունի
- (0)

Ասթանայի մէջ կայացած Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) գագաթնաժողովին ընթացքին Ռուսիոյ, Ղազախստանի, Պելառուսի եւ Ղրղըզստանի ղեկավարները յայտարարութիւն մը փոխանցեցին Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանին։ Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովը՝ նշելով, որ քննարկուած է Հայաստանի դիրքորոշման շուրջ ստեղծուած իրավիճակը։ Յայտարարութեան բովանդակութիւնը առայժմ չէ հրապարակուած։
Գագաթնաժողովէն առաջ Մոսկուան յայտարարած էր, թէ պիտի քննարկուի ԵԱՏՄ-ի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ Հայաստանի կողմնորոշման հարցը։ Սակայն բաց նիստի ընթացքին Հայաստանի հասցէին ուղղակի քննադատութիւններ չհնչեցին։ Պելառուսի նախագահ Ալեքսանդր Լուքաշենքօ միայն ակնարկեց, որ միութիւնը պէտք է աւելի արդիւնաւէտ գործէ, որպէսզի անդամ պետութիւնները հեռանալու մտադրութիւն չունենան։
Իր հերթին, Մհեր Գրիգորեան վերահաստատեց Երեւանի դիրքորոշումը՝ շեշտելով, որ Հայաստանը մտադիր չէ դուրս գալ ԵԱՏՄ-էն եւ պիտի շարունակէ բարեխղճօրէն մասնակցիլ միութեան աշխատանքներուն՝ հիմնուելով փոխադարձ յարգանքի, իրաւահաւասար գործընկերութեան եւ անդամ պետութիւններու ազգային շահերու նկատառման վրայ։
Հայաստանի փոխվարչապետը նաեւ ընդգծեց արհեստական բանականութեան, ազատ առեւտուրի եւ երրորդ երկիրներու հետ տնտեսական կապերու զարգացման կարեւորութիւնը՝ նշելով, որ փոխադրամիջոցային կապերու բազմազանեցումը կրնայ զգալի խթան հանդիսանալ ԵԱՏՄ-ի մէջ ապրանքաշրջանառութեան աճին։