Տօնոյեանն Ու Սինանեանը Քննարկած Են Անվտանգութեան Մարզին Մէջ Հայութեան Ջանքերու Համախմբման Նախագիծեր
22 յունիսին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան ընդունած է սփիւռքի գործերու ընդհանուր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը, կը տեղեկացնէ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան մարզերուն մէջ համայն հայութեան ջանքերու համախմբման ուղղուած շարք մը ծրագրային նախագիծեր:
Կարեւոր նկատուած է գիտութեան եւ կրթութեան, նորագոյն արհեստագիտութիւններու ներդրման, ռազմական բժշկութեան, ընկերային ապահովութեան եւ այլ մարզերու մէջ Հայաստանի եւ սփիւռքի տարբեր կառոյցներուն միջեւ համագործակցութեան զարգացումը:
Շնորհաւորելով պատասխանատու պաշտօնին նշանակուիլը, պաշտպանութեան նախարարը յաջողութիւն մաղթած է Զարեհ Սինանեանին համահայկական գաղափարներու կեանքի կոչման եւ Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին մէջ: