Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց Հայկական Եկեղեցին Եւ Յուշահամալիրը Վերանորոգելու Որոշում Տրուած Է

«Դեկտեմբեր 2016-ին Հալէպի ազատագրումը անկիւնադարձային եղաւ սուրիահայերուն համար. ներկայիս Հալէպը շատ աւելի կայուն վիճակի մէջ Է: Կային կենցաղային դժուար պայմաններ, որոնք այսօր արդէն տարբեր միջոցներով յաղթահարուած են, ճամբաները օրըստօրէ կը բացուին, լուծուած է ջրամատակարարման ու վառելանիւթի խնդիրը, քիչ տատանումներով վերականգնած է ելեկտրականութիւնը», «Հայերն այսօր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Սուրիոյ խորհրդարանի հայ անդամ, երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեանը` աւելցնելով, որ սուրիահայերը բնականոն ձեւով կ՛ապրին, զբաղած են իրենց առօրեայ աշխատանքներով եւ տուները վերանորոգելով:

Ան նշած է նաեւ, որ ազգային հաստատութիւնները, եկեղեցիները, ակումբներն ու դպրոցները ամէնէն ծանր օրերուն անգամ չեն դադրեցուցած ազգապահպան գործունէութիւնը: Զգալի վնասներ կրած Քարէն Եփփէ ազգային ճեմարանի երկու շէնքերէն մէկը այս տարեշրջանին վերանորոգուած է, յաջորդին շինարարական աշխատանքներ պիտի կատարուին Հալէպի հայ ազգային պատսպարանի, Սուրիոյ օգնութեան խաչի հիւանդանոցին եւ շարք մը ազգային կառոյցներու վերականգման ուղղութեամբ:

«Կը կարծեմ` մօտ օրէն, անվտանգութեան որոշ հարցերու լուծուելէ ետք իր աշխատանքներուն կը սկսի նաեւ Սուրիոյ օդակայանը. Սուրիոյ կառավարութիւնը լուրջ աշխատանքներ կը կատարէ այդ առումով: Որոշ շրջաններու մէջ տակաւին կան զինեալ ահաբեկչական խումբեր, եւ բնականոն թռիչքներու պարագային անվտանգութեան հարցեր կրնան ծագիլ», ըսած է Ժիրայր Ռէյիսեանը:

Իր խօսքին մէջ երեսփոխանը նաեւ ընդգծած է, որ Քեսապի եւ Լաթաքիոյ հայերն ալ կ՛ապրին սովորական կերպով: Անոնք, որոնք Հալէպէն տեղափոխուած էին Լաթաքիա կամ Քեսապ, այսօր կը վերադառնան իրենց տուները, Դամասկոսը նոյնպէս կարելի է ազատագրեալ տարածք նկատել:

«Ճիշդ է, ազատագրուեցաւ նաեւ Տէր Զօրը, բայց այնտեղ հայ բնակիչ գրեթէ չմնաց, սակայն ունինք խոնարհուած Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցին: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին` մարտ ամսուն Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներու հետ Տէր Զօր կատարած այցելութենէ ետք եկեղեցին եւ յուշահամալիրը վերանորոգելու որոշում տրուած է», զրոյցը ամփոփած է Ժիրայր Ռէյիսեանը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.