Տէր Ասողիկ. «Հիթլերն ալ կը հաւատար Ս. Գեղարդի առասպելական ուժին»
Վերջերս «Նոր Հայաստան, Նոր Հայրապետ» նախաձեռնութեան անդամները ներխուժած էին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի դիւանատուն եւ պահանջած՝ ցոյց տալ գանձատան մէջ պահուող սուրբ մասունքները: Անոնք ամբաստանած էին Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը՝ Ս. Գեղարդի վաճառմամբ: Նշենք, որ դիւանապետ Արշակ Սրբազանը պարզաբանած է, որ Սուրբ Գեղարդը չէ վաճառուած, սակայն մասունքներէն հատուած մը նուիրուած է Սան Փեթերսպուրկի քաղաքապետին:
Հայաստանի մէջ պահուող Սուրբ Գեղարդը կը տարբերի եւրոպական կրկնօրինակներէն։ Տէր Ասողիկ քահանայ Կարապետեանը Սփութնիք լրատուական գործակալութեան հետ խօսած է գեղադրներու բարի ու չար ընկալումներուն մասին։
Յիսուս Քրիստոսի կողը խոցած հռոմէացի զինուորին գեղարդին դարերէ ի վեր վերագրուած են գերբնական յատկութիւններ։ Այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի թանգարաններու եւ արխիւներու տնօրէն Տէր Ասողիկ քահանայ Կարապետեան:
«Աշխարհի տարածքին «Ճակատագրի Գեղարդ» կամ «Ղունկիանոսի Գեղարդ» անունով ծանօթ գեղարդները մարդոց, հիմնականօրէն` թագաւորներու, իշխաններու համար եղած են աշխարհին տիրելու յուռութքներ (talisman)։ Անոնք հաւատացեր են, որ եթէ այդ գեղարդը իրենց ձեռքը անցնի, իրենք կը դառնան աշխարհի տիրակալ», ըսած է Տէր Ասողիկը եւ կը յիշեցնէ, որ այդ առասպելին կը հաւատար նաեւ աշխարհին տիրելու մարմաջ ունեցող Ատոլֆ Հիթլերը։ Երկրորդ Աշխարհամարտի ընթացքին, Հիթլեր Վիեննայի մէջ պահուող Ս. Գեղարդը իր հետ կը տանի Գերմանիա, հաւատալով որ այդ մէկը կրնայ զինք աշխարհակալ դարձնել:
«Այս մէկը ընդամէնը մարդկային խաբէութիւն է եւ սնապաշտութիւն։ Մենք մեր գեղարդին հանդէպ երբեք նման մօտեցում չենք ունեցած», ըսաւ քահանան։ Անոր խօսքով` Հայաստանի մէջ պահուող Սուրբ Գեղարդը բարութեան գեղարդն է, միւսը` մարդկային ընկալման չարութեան գեղարդը։
Նշենք, որ աշխարհի տարածքին կը պահուին չորս Սուրբ Գեղարդներ, որոնք կը գտնուին Վատիկան, Քրաքով, Վիեննա եւ Էջմիածին։