Տէժա վիւ մը՝ քանի մը ռըթուշով
- (0)

Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ անոնց արդիւնքին մեկնաբանութիւն մը՝ սփիւռքեան դիտանկիւնէն
Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Հայաստանեան քաղաքական իրադարձութիւններուն քիչ թէ շատ հետեւող սփիւռքահայ հանդիսատեսին համար, 7 յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններու ոչ այնքան անակնկալ արդիւնքէն մէկ ամիս յետոյ, Սահմանադրական դատարանի որոշումը եւ խորհրդարան անցած երկու ընդդիմադիր ուժերու՝ առանձին յայտարարութիւններով մանդատները վերցնելու որոշումը սպասելի էին. 2021-ի պատկերով տէժա վիւ մը՝ քանի մը ռըթուշներով։
Տէժա վիւ՝ որովհետեւ իշխանափոխութիւն տեղի չունեցաւ, իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը (ՔՊ), որպէս առանձին կուսակցութիւն, Ազգային ժողովին մէջ ունի կառավարութիւն կազմելու տոկոսի ներկայացուցչութիւն, եւ ընդդիմադիր դաշտը կը մնայ դաշինքի կարգավիճակով երկու քաղաքական ուժերու ձեռքերուն մէջ։ Ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւններու համագործակցութիւնը կամ միացեալ ճակատով հանդէս գալը առայժմ, լաւագոյն պարագային, բաղձանք է, միգուցէ՝ օդին մէջ ինչ-որ խոստում։
Ինչ կը վերաբերի ռըթուշներուն, անոնցմէ ամենէն ակնբախը Ազգային ժողովին մէջ անցնող հինգ տարիներուն «ամենամեծ ընդդիմադիր ուժ»-ի կարգավիճակով հանդէս եկող «Հայաստան» դաշինքի առաջատարի դիրքի զիջումն է նորաստեղծ եւ ինքզինք շատ շուտ հաստատած «Ուժեղ Հայաստան»-ին։ Այս վերջինը, հետեւաբար, պիտի ըլլայ ընդդիմութեան ուղիին առաջնային ճշդողը, եթէ երբեք երկու խմբակցութիւններուն միջեւ համագործակցութեան բաղձանք-խոստումը նուազագոյն հայեցակարգով մը ամրագրուի։ Եւ քանի որ նման համագործակցութիւն անցնող հինգ տարիներուն չարձանագրուեցաւ, եթէ երբեք այս անգամ իրականանայ, ապա պիտի արձանագրուի նաեւ ընդդիմադիր դաշտի որակական փոփոխութիւն։
Երկրորդ ռըթուշը կը վերաբերի ՔՊ-ի ձայներու տոկոսային համեմատութեան, որ նուազ եղաւ 2021-ի՝ յիսուն տոկոսի շեմը անցնելու թոյլ տուած ձայներու տոկոսէն։ Միեւնոյն ժամանակ, սակայն, զուտ թուային իմաստով, այս անգամ աւելի շատ քաղաքացիներ քուէարկած են ի նպաստ իշխող ուժին։ Գործնականին մէջ, հետեւաբար, յստակ չէ, թէ տոկոսային իմաստով նուազ ձայներ ստացած ՔՊ-ն, այնուամենայնիւ, պիտի չկարենա՞յ իր ուզած օրէնսդրութիւնը անցընել՝ առանց ընդդիմութեան կողմէ որեւէ հակակշիռ բանեցնելու, կամ պիտի չյաջողի՞ ձախողեցնել ընդդիմութեան իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն, թէկուզեւ պարզ յայտարարութեան մը կարգով, ինչպէս պատահեցաւ անցնող հինգ տարիներուն։
ՔՊ-ն նաեւ ձախողեցաւ ունենալ «սահմանադրական մեծամասնութիւն»՝ հակառակ պատերազմի անխուսափելիութեան սպառնալիքին, որ Փաշինեանը հնչեցուց ընտրապայքարի ժամանակ։ Բայց, դարձեալ, գործնականին մէջ ի՞նչ կը նշանակէ այդ մէկը կամ ինչպէ՞ս կը մեկնաբանուի՝ հաւանաբար միայն սահմանադրական օրէնքի մասնագէտները կարենան բացատրել։ Ամէն պարագայի, այդ մէկն ալ կարծես այլեւս այնքան ալ չի մտահոգեր երրորդ հետեւողական անգամն ըլլալով ընտրութիւնները շահած ՔՊ-ին՝ որպէս կառավարման կամ, անկէ անդին, իր ծրագիրները առաջ տանելու լուրջ արգելք։
Նորընտիր Ազգային ժողովի յաջորդ գումարման այս առաջին պատկերը չի՛ նշանակեր անտեսել ընդդիմութեան առաջ քաշած բոլոր փաստերը, որոնք հարցականի տակ կը դնեն ընտրութիւններու արդիւնքներուն օրինականութիւնը։ Պետական ամէն միջոցի անթաքոյց շահագործումն ու չարաշահումը, ներառեալ այն միջոցառումները, որոնք առիթ կրնային տալ կաշառակերութեան ամբաստանութեամբ դատական գործեր յարուցելու, օրէնսդրութեան վերջին պահու փոփոխութիւնները եւ, ի մասնաւորի, ընդդիմադիր գործիչներու դէմ աննախընթաց հալածանքները իրողութիւններ են, որոնց ժխտումը ոեւէ չէզոք դիտորդի համար կարելի է միայն կոյր ձեւանալով։ Ոչ ալ գաղտնիք է արտաքին այն զօրակցութիւնը, որ իշխող ուժը ստացաւ եւ որ իր տեսակին մէջ աննախընթաց էր անկախութեան յաջորդած բոլոր ընտրութիւններուն ընթացքին։ Ներառեալ՝ Մոսկուայի կողմէ դէպի ռուսական շուկայ հայաստանեան արտածումներուն վրայ դրուած արգելքները, որոնք շատ հաւանաբար պիտանի եղան իշխող ուժին՝ աւելի քան ընդդիմութեան։
Ընտրութեան մասնակցած բոլոր քաղաքական ուժերէն՝ առանձին կուսակցութիւն թէ դաշինք, իւրաքանչիւրէն տոկոսային իմաստով աւելի ձայն ստացած ՔՊ-ն, պետական կառոյցին վրայ ամբողջական վերահսկողութեան եւ արտաքին զօրակցութեան այս երկու գործօններուն վստահութեամբ, հաւանաբար ցուցմունք տուաւ նախ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին (ԿԸՅ), ապա նաեւ Սահմանադրական դատարանին, որպէսզի բացառուի երրորդ ընդդիմադիր ուժի մը՝ «Բարգաւաճ Հայաստան»-ի անցնումը խորհրդարան։ Պէտք չէ բացառել նաեւ, որ ո՛չ ԿԸՅ-ը, ո՛չ ալ Սահմանադրական դատարանը պէտք ունեցած ըլլային նման ցուցմունքի։ ՔՊ-ի դրածոյ այդ երկու կառոյցներուն մէջ հանրային ծառայողները, անմիջապէս որ անդրադարձան, որ ՔՊ-ն իր ստացած ձայներով եւ արտաքին զօրակցութեամբ այսպէս կամ այնպէս պիտի մնայ իշխանութեան վրայ, պարզապէս հետեւեցան իրենց պաշտօններու պահպանման բնազդի թելադրանքին։
Ինչ կը վերաբերի նուազագոյն տոկոսի շեմը անցած ընդդիմադիր երկու ուժերուն, ընտրութիւններու խնդրայարոյց արդիւնքներու բողոքարկումի որոշումէն յետոյ սահմանադրական կարգը պահպանող բոլոր օրինական քայլերուն դիմելը ոչ միայն բանական, այլեւ ողջունելի քայլ էր, որ կը բացայայտէ պետականութեան օրինականութեան պահպանման իրենց նախանձախնդրութիւնը։ Միւս կողմէ, սակայն, ի բացակայութիւն միասնական պայքարի ռազմավարական նուազագոյն յայտարարի, թէկուզեւ նախընտրական մէկ յայտարարութեան տեսքով, եւ ի գիտակցումն 1995-ի, 2008-ի, 2013-ի եւ 2018-ի օրինակով ժողովրդային զանգուածային զօրաշարժի նախանշաններու բացակայութեան՝ քաղաքական խաղին մէջ մնալու միակ խաղաթուղթը, որ իրենց ձեռքերուն մէջ կը մնար, մանդատները վերցնելն ու Ազգային ժողով երթալն էր։
Թէ ինչ խօսոյթով կը բացատրուի այդ մէկը կամ ինչ բառամթերքով կը նկարագրուի ընդդիմութեան քաղաքական առաքելութիւնը՝ երկրորդական է։ Կամ թերեւս արդէն ծանօթ՝ եթէ ականջալուր ըլլանք երկու ուժերու գործածած բանաձեւումներուն՝ մանդատներու գործիքականութիւն, իշխանութեան օրինականութեան չճանաչում, խորհրդարանական եւ փողոցային պայքարներու խոստում… Մէկ խօսքով՝ ամէն ինչ, որ վերիվարոյ լսուեցաւ հինգ տարի առաջ՝ ի խնդիր իշխանափոխութեան, որ չիրականացաւ։
Ազգային ժողովին մէջ երկրորդ ընդդիմադիր ուժի դիրքին իջած «Հայաստան» դաշինքի պարագային այդ մէկը սպասելի էր, ի մասնաւորի՝ որովհետեւ կայ այն համոզումը, որ, հակառակ անցնող հինգ տարիներուն խորհրդարանական գործունէութեան եւ փողոցային զօրաշարժի ձեւաչափով իշխանափոխութեան ձախողութեան, այնուամենայնիւ, իշխող ուժին կողմէ յիսուն տոկոսէ պակաս քուէներու ստացումը յաջողութեան փաստ է՝ խրախուսիչ միեւնոյն նպատակին համար պայքարի շարունակման, ընդ որում՝ նոյն սցենարով, նոյն հանրային խօսոյթով եւ նոյն դէմքերով։
Իսկ թէ ինչո՞ւ խորհրդարանին մէջ ընդդիմադիր առաջին ուժի տեղը զբաղեցնող «Ուժեղ Հայաստան»-ն ալ փաստօրէն նոյնը, գրեթէ նոյն բառամթերքով, յայտարարեց որպէս նաեւ իր քաղաքական գործունէութեան արեւելումը, երեւի պատճառը պէտք է փնտռել, գոնէ առայժմ, իր կողմէ այլընտրանքային առաջարկի մը կամ տարբեր խօսոյթի մը բացակայութեան մէջ։ Կը մնայ տեսնել, թէ այս միեւնոյն բառամթերքի գործածումը իր համապատասխան գործնականացումը պիտի ունենա՞յ ե՛ւ Ազգային ժողովէն ներս, ե՛ւ, մանաւանդ, փողոցային պայքարի ժամանակ։
Ընտրութիւններու արդիւնքներու այս պատկերին հետեւելով՝ դժուար չէ ենթադրել, թէ քաղաքական գործընթացի ընդհանուր տրամաբանութիւնը այնքան ալ պիտի չփոխուի։ Այսինքն՝ ներքաղաքական դաշտին երկփեղկումը պիտի շարունակուի «յաղթողը ամէն ինչ կ’առնէ» սկզբունքով, ուր կը բացառուի փոխհասկացողութեան եւ նուազագոյն համաձայնութիւններու հասնելու դոյզն նախանձախնդրութիւն։ Ժողովրդավարութիւնը կը վերածուի «մեծամասնութեան բռնակալութեան», ինչպէս դեռեւս 1788-ին բանաձեւած է ԱՄՆ-ի Հիմնադիր հայրերէն եւ երկրորդ նախագահ Ճոն Ատամս։ Եւ եթէ Միացեալ Նահանգներու կազմաւորման գործընթացի խորհրդածութեանց ծիրին մէջ բանաձեւուած այդ յղացքը զգուշացում էր հակակշռի բացակայութեամբ իշխանութեան բացարձակացման վտանգին մասին, անցնող հինգ տարիներուն, եթէ ոչ դեռեւս 2018-ի իշխանափոխութենէն ի վեր, ան հետզհետէ աւելի կը յատկանշէ ժողովրդավարութեան հայաստանեան «բրենդ»-ը։ Փաստօրէն, Սահմանադրական դատարանին կողմէ ընտրութեանց արդիւնքներու բողոքարկման բոլոր պահանջներու մերժումէն անմիջապէս յետոյ իշխանութիւններուն կողմէ արդէն իսկ գործադրութեան դրուած բռնատիրական հալածանքները ազդանշանէ մը աւելի՝ վարչակարգի բռնակալացման գործընթացի սկիզբն են։
Հայաստանի մէջ, ինչպէս հիւսիսային կիսագունդի բոլոր երկիրներուն պարագային, ամառնային արձակուրդներու եղանակն է։ Կլիմայական փոփոխութեան հետեւանքով պատմականօրէն բարձր ջերմաստիճանն ու անոր հետեւանքները՝ լայնածաւալ հրդեհներէն մինչեւ տօթին պատճառով արձանագրուած մահեր, շատ հարցականներ կը ստեղծեն արձակուրդներու ընթացիկ եղանակին մասին։ Ամէն պարագայի, Ուքրանիոյ եւ Ծոցի մէջ շարունակուող պատերազմները արձակուրդ չեն առներ։ Ոչ ալ՝ անոնց առնչակից մեծապետական մրցակցութեան ծրագիրները եւ, անոնց շարքին, յատկապէս Կովկասի մէջ ներկայութեան, ազդեցութեան գօտիներու հաստատման եւ հաղորդակցութեան ճանապարհներու վերահսկողութեան նախաձեռնութիւնները, որոնց կիզակէտին է Զանգեզուրի թուրանական միջանցքը կամ դիւանագիտական կոռեկտութեան համապատասխանող ԹՐԻՓՓ պաշտօնական անուանակոչումը։
Այդ ծրագիրը, փաստօրէն, կը զարգանայ՝ հակառակ իր ստեղծած բոլոր հակասութիւններուն եւ լարուածութիւններուն։ Անկախ անկէ, թէ ինչպէս պիտի աւարտի, ԹՐԻՓՓ-ն ամենէն աւելի բախտորոշ ծրագիրն է Հայաստանի հողային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան ճակատագրին համար, ընդ որում՝ որոշումներով, որոնք Հայաստանէն դուրս կ’առնուին՝ Երեւանին ձգելով միայն հակազդեցութեան սահմանափակ կարելիութիւն։ Ինչ որ անցնող հինգ տարիներուն տեսանք եւ ՔՊ-ի՝ իշխանութեան վրայ մնալով պիտի շարունակուի, ամէն ճնշումի դիմաց տեղի տալու եւ զիջելու քաղաքականութիւնն է։ Առանց որեւէ պատասխանի՝ «մինչեւ ո՞ւր» հարցումին, որովհետեւ չկայ ոչ մէկ կարմիր գիծ, ոչ մէկ ներազգային համաձայնութիւն, որ ի մի բերէր քաղաքական դաշտի բոլոր ուժերը՝ վայելելով հասարակական լայն զօրակցութիւն եւ, իտէալականօրէն, ունենալով Սփիւռքի աջակցութիւնը։
Արտաքին ճնշումներուն դէմ զիջողական քաղաքականութեան աներկբայ շարունակման նպատակով է նաեւ, որ խորհրդարանական մեծամասնութեան տիրացած եւ իշխանութիւնը պահած ՔՊ-ն ամառնային արձակուրդ չի տար իրաւապահ համակարգին՝ ընդդիմութիւնը ահաբեկելու համար։ Կարգ մը դիտորդներու համաձայն՝ բռնաճնշումները կրնան միտիլ ընդդիմութեան ճամբարէն իշխանական ճամբար տանելու այն չորս-հինգ ձայները, որոնց պէտք ունի «սահմանադրական մեծամասնութիւն» ունենալու համար։
Նշենք, որ հակառակ ուղղութեամբ, այսինքն՝ իշխանութեան ճամբարէն ընդդիմութեան ճամբար, ձայներու տեղաշարժ չեղաւ անցնող հինգ տարիներուն, եւ իշխանութիւնը յաջողեցաւ ՔՊ-ի խմբակցութեան բոլոր անդամները համոզել, որ իրենց հաւաքական եւ անհատական շահերու պահպանումը կը պահանջէ կուսակցապետ-վարչապետին առած բոլոր որոշումներուն ենթարկուելու կուռ կարգապահութիւն։
ՔՊ-ն ունի՞ ժողովրդային զօրաշարժի այն կարողութիւնը, որ ցուցաբերեց 2018-ին եւ իշխանափոխութիւն իրականացուց, կամ մինչեւ իսկ 2021-ին, երբ ընդդիմութեան ժողովրդային զօրաշարժի առաջին փորձերուն հակազդեց իր հետեւորդներու զօրաշարժով։ Հարցումը հաւանաբար շատ իմաստ չունի, որովհետեւ փողոցը կարգի բերելու համար իշխանութիւնը արդէն ամրագրած է ոստիկանապետական ճնշումի համակարգ։
Ինչ կը վերաբերի ընդդիմութեան, անցնող տարիները ցոյց տուին, որ ժողովրդային ամենազանգուածային զօրաշարժն իսկ, ի մտի ունենալով թերեւս ամենամարդաշատ Դիմադրութեան շարժումը՝ 2022-ին, ամառնային եղանակին կը դադրի՝ «թէժ աշուն»-ի մը խոստումներով։ Նման խոստումներ չկան ընտրութիւններուն յաջորդած այս արձակուրդներուն։ Շատ հաւանաբար՝ որովհետեւ չկայ զօրաշարժ։ Ոչ ալ, ըստ երեւոյթին, կը նախատեսուի Ազգային ժողովի գումարման զուգահեռ առաջին զօրաշարժի ազդանշան մը։ Ընդդիմութեան ղեկավար դէմքերու յայտարարութիւնները կը վերաբերին երկար ժամանակի վրայ երկարող պայքարի՝ յանուն իշխանափոխութեան։ Կը մնայ հարց տալ, թէ որքա՞ն երկար կը նախատեսուի այդ ժամանակը՝ ի մտի ունենալով Քէյնզի՝ 1923-ին կատարած յիշեցումը. «Երկար ժամանակի վրայ բոլորս մեռած ենք»։
Սփիւռքի յանձնառու հանդիսատեսին համար ընտրութիւններու եւ անոնց արդիւնքներուն այս առաջին պատկերը անպայմանօրէն կրնայ պատմութեան կրկնութիւն չնշանակել։ Կեանքի մէջ անակնկալները աւելի յաճախական են, քան ապագայի կանխատեսումներու եզրայանգումով կատարուած բոլոր վերլուծումները։ Ոչ ալ սփիւռքեան դիտանկիւնէ որեւէ մեկնաբանութիւն պիտի հաւակնի այնքան առարկայական ըլլալ, որ բացառէ մեկնաբանողին քաղաքական դիրքորոշումը։
Սփիւռքեան դիտանկիւնը, սակայն, եթէ գիտակցի իր սահմանափակումներուն, յատկապէս՝ ընտրութիւններուն սփիւռքահայերու մասնակցութեան մեքանիզմի բացակայութեան՝ բացառեալ շատ սահմանափակ կարելիութիւնները, զորս իշխող վարչակարգը խոստացաւ առաւել եւս սահմանափակել, թերեւս միջոց ստեղծէ քննական այլընտրանքային քաղաքական մտածողութեան մը զարգացման։ Հայաստանի մէջ ընտրութիւններու արդիւնքին անդրադարձը Սփիւռքի մէջ, օրինակի համար, կրնայ քննական բանավէճի դրուիլ՝ առանց հայրենի ներքաղաքական երկփեղկումի հայելումին։ Ոչ ալ սփիւռքեան տարբեր հատուածներու միջեւ տարակարծութիւնը կը յանգի ներհամայնքային ոլորտներու մէջ թէ համասփիւռքեան ինչ-որ հարթակներու վրայ երկխօսութեան եւ համագործակցութեան բացառումին։