«Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժումի Բողոքի Հերթական Կանգառը Քննչական Կոմիտէն Էր

Յունիս -3ի «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման անդամները Բագրատ արք. Գալստանեանի գլխաւորութեամբ երթով ուղղուեցան դէպի Քննչական կոմիտէի շէնք: Անոնք պահանջեցին, որ Քննչական կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քեարամեանը կամ քննչականէն ոեւէ ներկայացուցիչ իջնէ` հանդիպելու քաղաքացիներուն հետ:

«Ամբողջ ընթացքին արձանագրուած միջադէպերուն հետ կապուած մեր ընդվզումը կ՛արտայայտենք` հասկնալու համար, թէ Քննչական կոմիտէն միայն քաղաքացիներուն դէ՞մ կը գործէ, թէ՞ նաեւ այն ոստիկաններուն, որ քաղաքացիներու նկատմամբ բռնութիւն կ՛իրականացնեն», ըսաւ շարժման ղեկավար Բագրատ սրբազանը:

Քննչական կոմիտէի շէնքի մօտ ոստիկանական ուժեր կուտակուած էին:

«Անհասկնալի է` այսքան շարքերով ոստիկանները ահաբեկելու համա՞ր են: Ոչ մէկը կրնայ մեզ ահաբեկել», յայտարարեց Բագրատ արքեպիսկոպոսը` շարունակելով. «Ան [Նիկոլ Փաշինեանը] կ՛ուզէ արիւն տեսնել, Անոր սիրտը այդ կ՛ուզէ: Ես տեսած եմ իր արիւն ցանկալու դէպքերն Իջեւանի մէջ, ուր մտած եւ առեւանգած են մարդիկ, մենք քեզի այդ հաճոյքը պիտի չպատճառենք, խաղաղ մարդիկ կու գան եւ հազարաւոր ոստիկաններ կը լեցուին»:

Բողոքի ցոյցին մասնակիցները Քննչական կոմիտէի շէնքին մօտ նաեւ շղթաներով ու հայելիներով կենդանի պատկեր մը ներկայացուցին` ի աջակցութիւն իրենց ձերբակալուած ընկերներուն: Անոնք նշեցին, որ հայելիները անոր համար են, որ ոստիկանները տեսնեն իրենց գործողութիւնները եւ ամչնան:

Քննչական կոմիտէի շէնքին մօտ շուրջ երեք ժամ սպասելէ ետք ցուցարարները լուր ստացան, որ անցեալ ուրբաթ օր արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ ձերբակալուածները ազատ պիտի արձակուին: Բագրատ սրբազանի առաջնորդած շարժումը երթով հեռացաւ Քննչական կոմիտէին մօտէն: Երեկոյեան բոլոր 27 ձերբակալուած անձերը ազատ արձակուած էին:

Comments are closed.