Վերյիշելով Վեհանոյշ մեծմայրս

Յապաղումով կը գրեմ այս վերյուշը, եւ կ՚արժէ գիտնալ ինչպէ՛ս եղաւ, որ այս մասին ա՛յժմ միայն կը գրեմ։

Մխրճուած եմ նամակներուս մէջ եւ նկատեցի, որ Յակոբ Կարապենցին 1966-ին ուղղուած նամակի մը մէջ ըսեր էի, թէ մեծմօրս մասին պատմուածքի պէս բան մը կար մտքիս մէջ, որ տակաւին գրի չէի առած։ Իսկ Իշխան Չիֆթճեանը, որ կ՚օգնէ ինծի նամականիս առցանց հրատարակելու համար, հարց տուաւ, թէ ի վերջոյ գրուեցա՞ւ այդ պատմուածքը։

Խոստովանիմ, որ ոչ, մտքէս ալ ամբողջովին ելեր էր այդ մտադրութիւնս, քանի որ այդ այն տարին էր, ուր կը պատրաստուէի ամուսնանալու, ապա Գանատա գաղթելու։
Եւ բնականաբար մտածեցի, թէ ինչո՞ւ ոչ, երբեք ուշ չէ, «ուշ լինի, նուշ լինի», կարելի է հիմա՛ արտայայտուիլ մօրենական Վեհանոյշ մեծմօրս մասին, մի՛շտ կարելի է արտայայտուիլ, որովհետեւ վստահ եմ, որ ան իր անջնջելի հետքը ձգած է կեանքիս վրայ։

Նոյնը պիտի չկարենայի ըսել հօրենական մեծմօրս մասին, որ Գահիրէ չէր ապրեր այլ Աղեքսանդրիա, եւ ես քիչ անգամ տեսած եմ զինք. ան մահացած է 48 տարեկանին, երբ ես հազիւ 5 տարեկան էի։ Ոչ ալ մեծհայրերուս մասին. Մօրս հայրը այս աշխարհէն բաժնուած է ծնունդէս առաջ, հօրս հայրն ալ պարբերաբար կը տեսնէի միայն, երբ ինք Գահիրէ կու գար մեզ տեսնելու կամ մենք Աղեքսանդրիա կ՚երթայինք, յատկապէս ամառնային արձակուրդի օրերուն։

Վեհանոյշ մեզի հետ ապրած է, ու թէեւ ինքն ալ կանուխ բաժնուած է այս անցաւոր կեանքէն, հաւանաբար 65 չեղած, բայց 9 տարի նոյն տան մէջ գտնուած ըլլալը ու իր ներկայութիւնը վայելած ըլլալը կարելի է անպայման վերյիշել։ Ուրախութեա՛մբ. նոյնիսկ հպարտութեամբ։

Եթէ մեծմօրս մահուան թուականը գիտենք, գիտենք նաեւ, որ ան թաղուած կը մնայ հին Գահիրէի Մարմինայի հայոց գերեզմանատունը, – ո՞վ կը սրբէ արդեօք անոր շիրմաքարի փոշին, – չենք գիտեր, սակայն, թէ ան ե՞րբ ծնած է։ Մայրս կը հպարտանար, որ ան ծնած է Սամաթիա՝ Հրաչեայ Աճառեանի ծննդավայրը, սակայն բան չեմ լսած թուականին մասին։ Անհրաժեշտ է ենթադրութիւններ ընել։

Անոր ամուսինը՝ Մեսրոպ Նորատունկեան, Սեբաստիոյ Բրգնիկ գիւղէն, դասընկերն էր Դանիէլ Վարուժանի։ Գէթ ատո՛վ ալ կը հպարտանար մայրս։ Վարուժան 1884-ի ծնունդ էր։ Մեսրոպն ալ կրնար նոյն տարին ծնած ըլլալ։ Իսկ Վեհանո՞յշ։ Այդ կռահելու համար ստիպուած եմ դիմելու մեր ընտանեկան ժառանգութեան շատ կարեւոր մէկ նմուշին, որ գեղատիպ, պատկերազարդ, մեծադիր էջերով ու կարծրակազմ գիրք մըն է՝ Lettres choisies – Madame de Sévigné (Հատընտիր նամակներ – Մատամ տը Սեվինիէ), տպուած Թուր (Tours) ու Alliance Française-ի Պոլսոյ մասնաճիւղին կողմէ նուիրուած օրդ. Վեհանոյշ Քրիսեանին՝ աշակերտուհի Սամաթիոյ Ն. Վարդուհեան վարժարանի, որպէս Պատուոյ առաջին պարգեւ։ Թուականը՝ 30 սեպտեմբեր 1899։

Օրին հարց տուած եմ, թէ «Մէկը գիտէ՞ ո՛վ է Վեհանոյշ Քրիսեանը» (այդ խորագրով յօդուածով մը «Հորիզոն»-ի 29 յունուար 2001-ի թիւին մէջ), ու ենթադրած ենք, որ խօսքը մեծմօրս կը վերաբերի, հակառակ որ ինք Ստեփանեան էր, բայց թերեւս Քրիսեան անուանուած է հօր՝ Քրիստափորի անունով։ Այլապէս այդ գիրքը ինչո՞ւ այդպէս գուրգուրանքով պահուած պիտի ըլլար մեր գրադարանին մէջ։ Իսկ նման գիրք մը հաւանական է, որ աւարտական դասարանի աշակերտուհիի մը պիտի տրուէր։ Այսինքն՝ 15-16 կամ, շատ շատ, 17 տարեկանի մը։ Իսկ 1999-ին 15 տարեկան մէկը արդէն ծնած պիտի ըլլար նոյն այդ 1884 տարին, ուրեմն՝ մեծհօրս հասակակից։

Ուրիշ ի՛նչ գիտենք մեծմօրս կենսագրութենէն։ Մրցանակը կը ստանար անկասկած լաւ ֆրանսերէն սորված ըլլալուն համար. ան յետոյ շրջան մը ուղարկուած է Վառնա (Պուլկարիա)՝ որպէս ֆրանսերէնի ուսուցչուհի։ Ո՞վ ուղարկած է զինք, ո՞ր տարիներուն՝ դարձեալ յստակ չէ։ Նշանածը, իբր ուսուցիչ, Եգիպտոս գացած է, քիչ մը դրամ շահելու եւ Պոլիս վերադառնալու համար։ Տասը տարի ապրած են իրարմէ հեռու, ապա Վեհանոյշ գացած միացած է Մեսրոպին, Աղեքսանդրիա, եւ ամուսնացած են 1915-ին, սգաւոր՝ իրենց դասընկերներէն ու հարազատներէն շատերու տարագրման ու սրածման պատճառաւ։ Գիտէինք նաեւ, որ Վեհանոյշ ունէր հինգ քոյրեր, մէկը միայն մնացած է Պոլիս, միւսները հեռացած են անկէ։

Երբ կը նայիմ քանի մը լուսանկարներուն, որ նոյնպէս մեր ընտանեկան հարստութեան մաս կը կազմեն, կը տեսնեմ գեղադէմ կին մը՝ ըլլայ հարսանեկան զգեստով, ըլլայ քանի մը տարի ետք՝ պաշտօնական զգեստաւորումով, այս մէկը՝ ուղիղ կանգնած, մազերը գլխուն վերեւ ամփոփուած, թախծոտ ժպիտով մը, որ կը մատնէ ինքնավստահութիւն մը, կեանքէն ակնկալութիւն մը։

Իրմէ ժառանգած եմ նաեւ գեղեցիկ ասեղնագործութիւն մը, որուն մէջտեղը ոսկեթել արեւ մըն է, գունաւոր թելերով հայկական նախշերով իր շուրջ, իսկ արեւին մէջտեղ՝ իր սկզբնատառերը՝ ՎՍ՝ ընդելուզուած իրարու։ Մեր նստասենեակին պատին վրայ, ոսկեզօծ շրջանակի մը մէջ՝ իր արժանի տեղը գրաւած, ինչպէս եղած է միշտ մանկութենէս ի վեր։

Իսկ ի՞նչ կը յիշեմ իրմէ։ Իրապէս՝ ոչ շատ բան։

Մանկութեանս լուսանկարներէն մէկը պարտէզի մը մէջ է, նստարանի մը վրայ իր երկու կողմերը նստած ենք կրտսեր եղբայրս ու ես. հանրային պարտէզ մըն է, ուր մայրս մեզ պահ մը ձգեր էր հաւանաբար, մօտակայ շուկան երթալու համար։ Կ՚երեւի եղբայրս թիթեռնիկ մը կամ սկիւռ մը հալածելու համար վազած հեռացած է, ու մեծմայրս, խենթեցած, ահաբեկուած, որ կորսուեցաւ եղբայրս, սկսած է ինքն ալ հոս-հոն վազվզել՝ զինք գտնելու համար։ Մտքէս չի հեռանար այդ յուզմունքը, որ կարծես Մեծ եղեռնէն պահ մը ըլլար։ Այս մէկ։

Երկրորդ վերյուշը կը պատկանի ուսուցչուհի մեծմօրս։ Ան համբերութեամբ ինծի սորվեցուցեր է հայերէն բոլոր տառերը՝ մանկապարտէզ երթալէս առաջ։ Եւ թուանշանները, որոնցմով կրնայի տարուան թուականն ալ կարդալ։ Անգամ մը որ ուսուցիչ եղար, ամբողջ կեանքդ ուսուցիչ կը մնաս, կ՚ըսէ ասոյթը, եթէ չեմ սխալիր։ Այս երկու։

Իսկ ամենէն աւելի մտքիս մէջ դրոշմուած յիշատակը մեծմօրս դէմքն է, մազերը միշտ ամփոփ, խորաթափանց ու տխուր նայուածքով, որ ամեն գիշեր կարմիր աղօթագիրքը ձեռքին ու մեր սենեակի կարմիր խաչի մը ձեւով ցայգալոյսին ներքեւ աղօթք մը կը կարդար մեր վրայ, որ հանգիստ քուն մտնենք։
Կը յուսամ ան տակաւին կ՚աղօթէ մեզի համար…

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ