ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆ՝ «ԻՄ ՍԻՐԵԼԻ ՍՓԻՒՌՔՍ». ԺԲ․ – Ընտրանին Կամ Մտաւորականութիւնը՝ Ելքի Համար…

Գառնիկ Աւ․ Ք․ Գ․

ԺԲ․ – Ընտրանին Կամ Մտաւորականութիւնը՝ Ելքի Համար…

Նախորդ գլուխին կէտերէն մէկը կը վերաբերի աշակերտութեան մէջէն «հարիւրէն տասն»ին ընտրումին, ջոկումին եւ պատրաստումին, հեռանկարով՝ թէ անոնք պիտի կազմեն ապագայ «ղեկավար տարր»ը կամ ընտրանին։

Իր «Ընտրանիի Հարցը» (ԸՀ) յօդուածով (1980), Սփիւռքեան գաղութի մը ինչ «կաղապարի մէջ թափուած» ըլլալը՝ տեսած է առհասարակ երեք մակարդակներէ բաղկացած։ Առաջին մակարդակը՝ հայերու «սովորական զանգուած»ը, որուն իւրաքանչիւր անդամը «պատահմամբ հայ ծներ ու մնացեր է», եւ «կը քալէ իր երջանիկ ճամբան», կամ՝ դժբախտ։ Երկրորդ մակարդակը՝ գաղութի «մշակութային» (իրն է չակերտը, որ կը թելադրէ կարծեցեալ) կեանքով «կամայ-ակամայ հետաքրքրուած/հետաքրքրուող խաւը։ Երրորդ մակարդակը՝ «ինքնուս, ինքնակոչ, աղմկոտ, անպաշտօն, միակ ղեկավարութիւնը» կամ «մանր մտաւորականութիւն»ը, որուն մէջ՝ քահանաներ, ճարպակալած հարուստներ (ոչ-ճարպակալածներ չկայի՞ն․․․), ազգային հռետորներ եւայլն (ՃԽ)։ (Չեմ կարծեր, որ «ինքնուս» ըլլալը՝ իրեն համար խնդիր մըն էր․ շատ լաւ գիտէր, թէ իր հայրը՝ Յակոբ Օշականն ալ ինքնուս մըն էր։ Բառով՝ ի մտի ունեցած էր շրջապատէն որոշ յաւակնոտ մարդիկ։ Իսկ այսօր՝ կան համալսարաններէ անցածներ, որոնք «ինքնուս»ներէ առջեւ չեն։ «Ինքնակոչ»ը՝ արդար չէ, որովհետեւ այսպէս կամ այնպէս մարդիկ հասած, աւելի ճիշդ՝ հասցուած էին եւ են՝ մաս կազմելու «ղեկավար տարր»ին։

«Աղմկոտ»ը կարելի չէ ընդհանրացնել․ այնքան շատ էին, եւ դեռ են անոնք՝ որոնք հնազանդօրէն գլուխ կը շարժեն, եւ կ’աշակերտին ու կը հետեւին սակաւ աղմկարարներու։ «Անպաշտօն»ը կ’ենթադրեմ նկատի ունեցած է «պաշտօնական» համարուած ղեկավարութիւնը, այսինքն՝ ան որ կը գտնուի բուրգի գագաթին։ «Միակ ղեկավարութիւն»ը՝ իր թելադրութեան մէջ կը ծփայ ժխտական եւ կիսա-դրական գնահատականներուն միջեւ…)։

Արդ, հարց կրնանք տալ, թէ իր օրերուն այլ մակարդակ մըն ալ չէ՞ եղած։ Փակագիծերուն միջեւ ակնարկեցի «պաշտօնական» ղեկավարութեան, զոր յուսադրող չէ ճանչցած։ Իր յօդուածին մէջ, գրած է․ «Մարդ այն տպաւորութիւնը կ’ունենայ, թէ թուրքերու սարքած ցեղասպանութիւնը յաջողած է (…)։ Հայութիւնը փրկել՝ կը նշանակէ նախ դառնալ մշակութային ուժի կեդրոն մը, ապրիլ որպէս արդի, մշակուած մարդիկ, որոնք խելքով ու սրտով իրենց ազգային, մարդկային ժառանգութիւնը կ’արժեւորեն։ Սահմանափակ են մեր ուժերը (…)։ Ներկայիս այդ որակի փրկութիւնն է միայն կարեւորն ու կարելին – զանգուածը, «սուրբ ժողովուրդ» կոչուած վերացական ճիւաղը կրնայ իր երջանիկ-դժբախտ ճամբան երթալ․ շատ ալ մեծ կորուստ մը չէ, տեղը միշտ նորը եկած է։ / Թէ այդ մտաւորական ընտրանին պիտի լծուի անիրաւուած մարդկութեան դատին, պիտի պայքարի յանուն ազգի ու մարդու արժանապատուութեան՝ անկասկած մաս կը կազմէ նոր քաղաքականութեան – բայց ներկայ հանգրուանին ու յատկապէս մեր ազգին պարագային՝ կը մնայ երկրորդական մակարդակի»։ Այս երկար մէջբերումով, ըսուածը այն է, թէ թուրքը գլխատեց հայ ընտրանին կամ մտաւորականութիւնը, եւ այն արհաւիրքէն ասդին՝ հայութիւնը անգլուխ վիճակի մէջ է։ Նաեւ թէ՝ մեր պարագային մշակութային ընտրանին նախադասելի է քան քաղաքականը։ Առանց անոր՝ «խոշոր պարապ» մը միայն կը տիրէ։ «Մշակութային» յորջորջուող կեանքը մեր քով՝ «խոշոր պարապ»ի մը վրայ է, ընդհանրապէս, եւ լոկ «մշակոյթ» անունին տակ շրջան կ’ընեն «հռետորական ու հրապարակախօսական կարգախօսներ»։ Եթէ սփիւռքահայութիւնը պիտի կարենայ «գլուխը վեր պահել խուժաններու հեղեղէն», ապա հետամուտ պիտի ըլլայ որակի ստեղծման։ Այն որակին ստեղծումը՝ կը կարօտի ընտրանիի մը, որ, ըստ իրեն, նոր սերունդներու բացառիկներէն, զարտուղիներէն, գլխու-փորձանքներէն պիտի հաւաքուի, քանի որ անոնք են լաւագոյնները։ Բայց զանոնք անհրաժեշտ է դաստիարակել «մտածումի ազատութեան, գաղափարներու անկաշկանդ երթեւեկի մէջ»։ Հաստատ՝ առարկելի է մշակոյթի մը ստեղծումը միայն նոր սերունդներու բացառիկներով, զարտուղիներով եւ գլխու-փորձանքներով։ Նաեւ առարկելի է, թէ անոնք են լաւագոյնները։ Նոյնիսկ եթէ ընդունինք, թէ անոնք լաւագոյններն են, մշակոյթ մը միայն լաւագոյններով չի ստեղծուիր։ Կան նաեւ շնորհալի, կամ այս ու այն մշակութային կալուածին հանդէպ հետաքրքրութիւն եւ սէր ունեցողներ, խոստմնալից եւ զուսպ պատանի-պատանուհիներ, որոնք եւս արժանի են հոգատարութեան, պատրաստութեան, ուղղորդումի, եւ քաջալերանքի։ Իրաւ մշակոյթ մը բարդ ամբողջութիւն մըն է, եւ մշակութային սպասաւորները տարբեր նկարագիրներ, տարբեր մակարդակներ, եւ տարբեր կարողութիւններ կրնան ունենալ։

«Ընտրանիի Հարցը» յօդուածէն 14 տարիներ ետք, գրած է յօդուած մը՝ «Մտաւորական»ը (Մ) տիտղոսով։ Այնտեղ ներկայացուցած է զանազան սահմանումներ, ապա առաջարկած է իր սահմանումը։ Կը կարդանք․ «Իրականութեան մէջ, դժուար է մտաւորականը սահմանել, որովհետեւ ան կը տարբերի երկրէ երկիր ու դարէ դար։ Բայց մենք հայերս մօտաւորապէս նոյնն ենք աշխարհի քիչ մը ամէն կողմը։ Մեր լեզուն է հասարակաց հայրենիքը մեր մտքին («ցանկամ տեսնել» մը կ’ըսես ինքզինքիդ, առաւել՝ կը յիշես հայերէնի մասին իր ըսածները, որոնց վրայ հակած եմ), ու հայերէնով մենք մօտաւորապէս նոյն իմաստը կ’արտայայտենք ուր ըլլանք, եւ զիրար շատ լաւ կը հասկնանք (քիչ մը կ’ապշիս այսքան դրականութեան վրայ, սակայն չես ուզեր յամենալ)։ Ահա, ուրեմն, երեք սկզբունքներ, որոնք շատ ընդհանուր կերպով կրնան բանաձեւել ժամանակակից մտաւորականին տիպարը»։ Եւ տուած է «երեք սկզբունքներ»ը։

Ըստ առաջին սկզբունքին, մտաւորականը հաւատացողն է գաղափարի ուժին։ Ան կը հաւատայ, թէ գաղափարը «մղիչ տարր»ն է պատմութեան։ Ուստի՝ «իր ամբողջ կարողութիւնը ատոր յաջողութեան կը տրամադրէ»։

Ըստ երկրորդ սկզբունքին, ան իր առաջնահերթ պարտականութիւնը կը համարէ ճշմարտութեան փնտռտուքն ու արտայայտութիւնը։ Ան գիտակցութիւն է եւ խիղճ, եւ որպէս այդպիսին կը քննադատէ ընկերութիւնը եւ մշակոյթը։

Ըստ երրորդ սկզբունքին, ան իր ազատ կամքով կ’ընտրէ իր «բնոյթ»ը, այսինքն՝ իր յանձնառութեան ազգայի՞ն թէ միջազգային, քաղաքակա՞ն թէ ապաքաղաքական, ըմբո՞ստ թէ հաւատաւոր, աւանդապա՞շտ թէ նորարար, կամ այլ տեսակի ըլլալը։ «Այս ազատ ընտրութիւնը՝ իր պատիժներն ու վարձատրութիւնները ունի»։ Ընտրութիւնը՝ մեծ վտանգի ստանձնում մըն է իր կողմէ, սակայն այն ստանձնումով է, որ կը կայանայ իր «վարկին եւ արժանապատուութեան մէկ կարեւոր բաժինը»։

Յայտնապէս, Վ․ Օշական յանձնառու մտաւորականի տիպար մը գծած է։ Այսօրուայ աշխարհը «երեւութական քաոս»ի մը մէջ է․ գաղափարաբանութիւն, գաղափարապաշտութիւն, բացարձակ յանձնառութիւն «մասամբ» տեղի տուած են «աւելի պատրանաթափ, իրատես ու անձնապաշտ հոգեբանութեան»։ Եւ իր ալ տարուբերելովը «քաոս»ին մէջ, վերջ ի վերջոյ հասած է այն համոզումին, թէ հայ մտաւորականը իր «անձնական շահը» պիտի զոհէ, որպէսզի ճշմարտութիւնը որոնէ եւ յայտնէ, քանի որ՝ «միայն ճշմարտութիւնը կ’ազատագրէ»։

Հայ մտաւորականին պարտականութիւնն է «դրական դեր մը խաղալ պատմութեան կերտումին մէջ, բանիւ եւ գործով»։ «Դեր մը խաղալ»՝ տէր կանգնելով արեւմտահայ մշակութային ժառանգութեան, իր ներդրումը ունենալով սփիւռքեան կառոյցներու զօրացման մէջ, սատարելով միջ-կուսակցական հակամարտութիւններու փարատման, լծուելով համերաշխ սփիւռքահայութեան մը յառաջացման, եւ Հայաստանի մտաւորականութեան ու ժողովուրդին «եղբայրական ձեռք» երկարելով։

Ընտրանին կամ մտաւորականութիւնն է, որ մեզ պիտի առաջնորդեն «խոշոր պարապ»ին գերութենէն ելքին, պիտի անցընեն Կարմիր ծովէն եւ փորձութիւններուն անապատէն, ուր պիտի տան ինքնականգնումի Օրէնքը եւ քայլ առ քայլ տանին դէպի իմացական ու բարոյական տենչալի լինելավայրը։ Ընտրանին կամ մտաւորականութիւնը՝ սփիւռքահայութեան մարգարէական դասն է։