Սփիւռքագիտական Շահեկան Գիտահրատարակութիւն

«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԸ ՅԱՐԱՓՈՓՈԽ ԱՇԽԱՐՀՈՒՄ»

Հեղինակ՝ Հրանոյշ Յակոբեան

Երեւան – 2017

Սփիւռքը պատմութիւն է, գիտութիւն, ուսմունք, միանգամա՛յն, որուն նկատմամբ անհրաժեշտ է տածել առարկայական եւ իրապաշտական, տրամաբանական ու գիտակցական մօտեցում, հեռու մակերեսային եւ անհիմնաւոր փորձութիւններէ, որոնք ոչինչով կը նպաստեն անոր համայնական ճանաչողութեան։

Կը շեշտենք այս անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ Սփիւռք հասկացողութիւնը միշտ կը կրկնուի ու կը հոլովուի, ամէն կողմէ եւ առիթով, նկատի ունենալով անոր «կենդանի» գոյութիւնը հայ իրականութեան մէջ, ինչպէս երէկ, նաեւ այսօր ու, վստահաբար, վաղը։

Շատեր, հայաստանցի թէ արտերկրացի, կը յաւակնին, որ Սփիւռքը՝ իր տարածքով, հատուածներով, կազմակերպութիւններով, կեանքով, գործունէութեամբ ու մշակոյթով, իրենց համար անծանօթ (՞) գոյավիճակ մը չէ, հետեւաբար, իրաւունք ունին արտայայտուելու անոր մասին, իր անցեալով թէ ներկայով, յաճախ դատապարտելի տհասութեամբ։

Այս առընչութեամբ, իմ հրապարակագրութեանս մէջ, յաճախ անդրադարձած եմ Սփիւռք կոչուած հաստափոր թղթածրարին, քննադատելով (երբեմն սուր ոճով) բոլոր անոնց, որոնք կը յոխորտան թէ՝ իրենք Սփիւռքը կը ճանչնան կամ Սփիւռքը իրենց համար թափանցիկ… հայելի մըն է։

Մինչդեռ, Սփիւռքը ինքնին ԲԱՐԴ համակառոյց մըն է, հանգուցաւոր ու խճճուած ծալքերով, դարձդարձիկ ու խորտուբորտ արահետներով, երբեմն ալ՝ անտեսանելի, անհասանելի եւ անշօշափելի ցուցանիշերով, նկատի ունենալով անոր բազմաշերտութիւնը, բազմաերեսութիւնը եւ բազմակողմութիւնը։

Եթէ ա՛յս եղած է (եւ է՛) չոր իրականութիւնը, ապա ինչո՞վ կ’արդարացուի Սփիւռքի նկատմամբ այսքան թափթփածութիւն, անտարբերութիւն եւ անտեսութիւն, երբ չկայ լուրջ ու պատմագիտական ուսումնասիրութիւն, սերտողութիւն կամ հետազօտութիւն։

Մեր խօսքը բնաւ չի վերաբերիր սիրողական կամ կողմնակիական փորձերուն, որոնք կրնան, որոշ չափով, ըլլալ օգտակար, բայց ոչ-լիակատար, այնքան ատեն որ ատոնք չեն արտացոլեր Սփիւռքը որպէս ՀԱՄԱՊԱՐՓԱԿՈՒԹԻՒՆ, իր խայտաբղէտ գունաւորումներով ու ձեւաւորումներով։

Մատնանշելի է, որ Սփիւռքը երբեք չգտնուեցաւ (ու չի գտնուիր) լճացած կամ կաղապարուած ընթացքի մէջ, ընդհակառակը, ան յարատեւ շարժի մէջ է, վերելքային (թէ անկումային) գոյավիճակով, ինչ որ աւելի կը դժուարացնէ անոր հետ վերաբերուիլը, յարմարուիլը ու հաղորդուիլը, յատկապէս մասնագիտական եւ արհեստագիտական մակարդակներով։

Պատահական չէ, որ Գ. Հանրապետութեան կազմաւորման շրջանին, երբ Սփիւռքի հետ յարաբերութիւնը դարձաւ «բաց օրակարգ», ամէն առիթով յիշեցուցի ու պահանջեցի կապերը զգացականէն ու պարագայականէն բարձրացնել կամ փոխադրել նոր որակի, այսինքն՝ սփիւռքագիտութեան աստիճանի, համալսարանին մէջ բանալով յատուկ ճիւղ կամ բաժին, հոն պատրաստելով սփիւռքագէտներ, իրենց համապատասխան ուղղուածութիւններով ու թեքումներով։

Բարեբախտաբար, այսօր, կայ այդ բաժանմունքը, կը գործէ, սակայն, ի՞նչ ընթացքի մէջ է, ի՞նչ արդիւնք ձեռք ձգած եւ ի՞նչ իրագործում արձանագրած, այնքան ալ զգալի չէ, քանի, վերջին հաշուով, պատրաստուած ու շրջանաւարտուած քատրերը ո՞ւր են, ինչո՞վ կը զբաղին, չէ՞ որ անոնք կոչուած են Սփիւռքի հետ շաղուելու ու մերուելու։

Ի դէպ, վերջին իշխանափոխութեան ղեկավարութիւնը, իր վարչապետով, կարծես թէ շրջանցած է սփիւռքագիտութեան ուսումնական տարբերակը եւ, յանկարծ, գործող Սփիւռքի նախարարութիւնը ջնջելով, զայն վերածած «գրասենեկային լուսամուտ»ի մը, առաւել՝ Սփիւռքէն հրաւիրելով ոմն անձնաւորութիւն մը, վարելու այդ պաշտօնը։

Առանց խորանալու այս փաթեթին մէջ, որ այլապէս ալ հրատապ է, Սփիւռքը կը մնայ այն հայաշխարհը, որ կարիքն ունի հոգածու ուշադրութեան, պայմանաւ որ ան չենթարկուի մասնատումներու ու բաժանումներու հեւքին, ոչ ալ դառնայ վերիվայրումներու թիրախ, իսկ այս բոլորը համադրելու ու համակարգելու, դասաւորելու ու ներդաշնակելու համար, անյետաձգելի է, պետական կամ նախարարական համակարգով զայն օժտելու, ձեռնհասական ու շրջահայեացական վարքագիծով գործելու ու մօտենալու Սփիւռքի ԲԱԶՄԱԳԼԽԱՆԻ իրականութեան։

***

Այս անմիջական ընդգծումներն ու մտորումները կատարեցի, երբ օրին ստացած էի յատենի ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան նախարարուհի՝ Հրանոյշ Յակոբեանի հրատարակութիւնը.

«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԸ ՅԱՐԱՓՈՓՈԽ ԱՇԽԱՐՀՈՒՄ»

Խօսուն խորագիրը արդէն ցոյց կու տայ, թէ՛ նախարարուհիին գիրքը գերազանցապէս նուիրուած է բազմաճիւղ Սփիւռքին, մեկնելով իր շուրջ տասնամեայ փորձառութիւններէն, ուղղակի թէ անուղղակի կամրջումներու միջոցով։

Նախարարուհի Հրանոյշը, իր հզօր անհատականութեամբ, մասնագիտական փորձերով, գործնամիտ ներդրումներով, վարչական կարողութիւններով, տեսլապաշտ ծրագիրներով եւ ընդհանրապէս հարուստ իրագործումներով, կրցաւ ապացուցել, որ ինք՝ պետական-ազգային մտածողութեան եւ իր առաքելութեան կառչած պատասխանատու ղեկավար մըն է եւ լծուած՝ գոյութիւն ունեցող կարելիութիւններուն ու հնարաւորութիւններուն հիմամբ, Սփիւռքի նախարարութիւնը առաջնորդել ու նաւարկել, իրեն յատուկ ջանադրութեամբ, նուիրուածութեամբ եւ արդիւնաւէտութեամբ։

***

Այս գիրքը, որ մակագրուած օրինակով մը ինծի նուիրուած էր, անշուշտ, արգասիքն է տարիներու իր ծառայութեանց ընդմէջէն ուրուագծուած Սփիւռքի համապատկերին, իր կողմէ դիտուած, նկատուած, ձեւակերպուած ու խորաչափուած, նաեւ՝ մեկնաբանուած, վերլուծուած, հետազօտուած ու բնութագրուած երանգային երեսներով, հո՛ն՝ ուր պէտք էր կատարուէր գնահատում կամ միջամտութիւն։

«Նախաբան»ին մէջ (7-12), կը յիշուին այն խորհրդաժողովային համագումարներն ու քննարկումները, որոնք նուիրուած էին Սփիւռքին, հաստատելով որ «Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութիւնը այլեւս կայացած իրողութիւն է», իսկ այս գիրքով «առաջին անգամ փորձ է արւում գիտական, փաստագրական, արխիվային, վերլուծական ու վիճակագրական տուեալների հիման վրայ ներկայացնել Հայրենիք-Սփիւռք բազմաբնոյթ յարաբերութիւնները»։

Հատորը բաղկացած է ԵՐԵՔ հիմնական գլուխներէ, որոնք իրենց հերթին ունին իրենց բաժանումներն ու ենթաբաժանումները, ուր համապարփակ ու մանրամասնական դիտարկումներով ու մտորումներով, ոչ միայն ցուցանշային կէտեր փոխանցուած են, այլեւ անդրադարձներ՝ մարտահրաւէրային, կիրարկային, ինքնակերտային ու մշակութային հիմնահարցերու մասին, լայնահունչ, լայնածիր ու լայնաբնոյթ սլաքներով եւ յղացքներով, որոնք բարենշային ու չափանշային արժէքներով համեմուած ու համալրուած են, այսպէս.

«Հայկական Սփիւռքի պատմութիւնը եւ արդի բնութագիրը» ընդարձակ բաժինով (էջ 13-255), լուսարձակի տակ առնուած է, հմուտ գիտահետազօտողի սուր աչքով ու սթափ տրամաբանութեամբ, «Հայկական Սփիւռքի ձեւաւորման փուլերը», այժմու ընդհանրական պատկերով, նաեւ տալով իւրաքանչիւր սփիւռքահայ գաղութի աշխարհագրական դիրքը, հայութեան կեանքը, ունեցած դերակատարութիւնը, բերած նպաստը, ազգային կազմակերպութիւնները, կրօնական տեղավայրերը։

ԱՊՀի երկիրներ, Վրաստան, Աբխազիա, Հիւսիսային, Կեդրոնական եւ Հարաւային Ամերիկաներ, Արեւմտեան Եւրոպայի երկիրներ, Մերձպալթեան երկիրներ, Պալքանեան երկիրներ, Թուրքիա, Մերձաւոր ու Միջին Արեւելք, Արեւելեան եւ Հարաւ-արեւելեան Ասիա, Աւստրալիա, Նոր Զելանտա, Ափրիկէ, համայնքային պատկանելիութեանց խճանկարային վաւերականութիւններով ու վկայութիւններով հարստացուցած են այս բաժինը։

Սփիւռքի կազմաւորման ընթացքը սկսուած է՝ հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ 1894ը, ապա՝ 1894էն 1923, 1923էն 1948, 1948էն 1991, 1991էն 2008, 2008էն 2011, ուր հանրագումարի բերուած են այս ժամանակաշրջաններու մէջ արձանագրուած նուաճումները, որոնք պատկան համայնքներու գոյութեան ու զարգացումներու ընթացաշարը կը հիմնաւորեն։

«Հայաստանի եւ Սփիւռքի ներկայ մարտահրաւէրները» բաժինով (էջ 256-412), աշխարհաքաղաքական դրոյթներով ու հիմունքներով ներկայացուած են Հայաստանի, Ղարաբաղի ու Սփիւռքի առջեւ ծառացած խնդիրներու մարտահրաւէրները, դիպուկ քննարկումներու եւ մտորումներու ուսանելի ու խորհրդածելի արժեչափերով։

Խիստ ուշագրաւ բաժիններ կը պարզեն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած նիւթերը, կապուած Հայկական Սփիւռքին, անոնց միջազգային ճանաչման եւ 100րդ տարելիցին առիթով (էջ 280-304) կատարուած զարգացումներուն, աշխատանքներուն եւ արդիւնքներուն, որոնց յաջորդած է՝ «Թուրքիոյ հայ համայնքը եւ իսլամացած հայերը (էջ 305-321), պատմական յուշարձանները (էջ 324-325), հայկական գոյքի ժառանգութեան հիմնախնդիրները (էջ 334-340), հայ ինքնութեան հիմնահարցեր – լեզու, դպրոց, ընտանիք, մշակոյթ, եկեղեցի, պատմական յիշողութիւն (էջ 341-381) բաժանումները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ինքնին պատմանորութիւն մըն է։

Վիճակագրական թուանշաններով ու պատկերներով տրուած են «Սփիւռքի Ներդրումներ»ը (էջ 382-412), որոնք տնօրինուած են Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր ճգնաժամերուն, օժանդակութեան եւ օգնութեան առումներով, այլապէս ալ՝ անոնց բարգաւաճումին ու շէնացումին նպաստելու պատրաստակամութեամբ, յիշատակելի ու նշելի օրինակներու միջամտութեամբ։

«Պետական քաղաքականութիւնը Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ոլորտում» (էջ 413-473) բաժինով, հետաքրքրական, վաւերական, դատողական, հայեացքներով ու մէջբերումներով տրուած են 2008-2016ի այն գործունէութիւնները, առաջարկութիւնները ու կազմակերպուածութիւնները, որոնց միջոցով Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները դէպի առողջացում ու բարեկարգում կ’ընթանան, յիշելով՝ երկքաղաքացիութեան, հայերէնպահպանութեան, հայրենադարձութեան եւ հայրենագործութեան ոլորտներէն ներս իրագործուած եւ իրագործելի նմոյշները, նաեւ՝ կարեւորելով Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան արդիւնաւորման կարելիութիւնները ու նպաստող ծրագիրներու իրականացման կարեւորութիւնները։

«Յաւելուածներ» բաժինը (էջ 495-637) զուտ թուանշական պատկերազարդ ու գունաւոր սիւնակներով օժտուած է, ուր կարելի է գտնել բազմաբնոյթ տեղեկութիւններ սփիւռքահայութեան թիւին, կազմակերպութիւններու, գործարարներու, բարերարներու, եկեղեցիներու, հայագիտական կեդրոններու, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող պետութիւններու եւ այլ գործօններու մասին։

Այնուհետեւ, կցուած են համահայկական համաժողովներու ազգային հռչակագիրները (2011, 2014), (էջ 625-633), որոնց յաջորդած է օգտագործուած գրականութեան ցանկը (էջ 638-650), իսկ աւարտին՝ հեղինակին կենսագրութիւնը (էջ 651)։

Գիրքը համալրուած է պատկերազարդ, գունատիպ, լուսանկարային-վիճակագրական ցուցատախտակներով, որոնք աւելի կը ճոխացնեն, կը վաւերացնեն ու կը գիտականացնեն զայն։

***

Անտարակոյս, Յակոբեանը, իր այս համագիտական մենագրութեամբ, բազմաշնորհակալ գործ մը կատարած է սփիւռքագիտական մարզէն ներս, «սխրագործութիւն» մը կատարած ըլլալու արժանի մեծագոհութեամբ։

Մեր այս գնահատականը խորապէս գիտակցուած է, պարզապէս անոր համար, որ ասիկա ԻՐ ՏԵՍԱԿԻՆ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ԼՈՒՐՋ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆ Է, ուր Սփիւռքը կը ներկայացուի ու կը նկարագրուի, գոհացուցիչ ու համոզիչ յատկանշութիւններով եւ էախնդիրներով։

Յակոբեանի հեղինակութեամբ, իրատեսութեամբ ու լրջահայեացութեամբ գիտնական մը միայն կրնար Սփիւռքի գոյավիճակն ու հոլովոյթը դիտել այս համոզկերութեամբ, գիտակցութեամբ ու նշանակելիութեամբ։

Եթէ, ոմանց համար, կան որոշ «բացթողումներ» կամ կարգ մը «շրջանցումներ», ատոնք ոչինչով կը վնասեն կամ կ’անշքացնեն այս գիտահատորին բարձրարժէքութիւնը, որովհետեւ, ինչպէս ըսինք ու կը հաստատենք, Սփիւռքի ուսումնասիրութիւնը, հուսկ՝ համատեղութիւնը, կը կարօտի, տեղ-տեղ հաւաքական մասնակցութեան, տեղ-տեղ ալ՝ սփիւռքեան զօրակցութեան։

Այդուհանդերձ, սփիւռքագիտութեան մէջ այս գիրքին վերապահուած դերն ու տեղը անվիճելի է, նոյնիսկ համալսարանական դասագրքային մակարդակով, իսկ սփիւռքագէտներուն մօտ՝ ուղեցուցային հարուստ սկզբնաղբիւրով։

Սփիւռքահայ կոչումնաւոր մտաւորականութիւնը եւ ազգային ղեկավարութիւնը, վստահաբար, ամենէն աւելի կարիքը ունին այս գիրքին ծանօթացման, ոչ միայն ընթերցելու զայն, այլեւ սատարելու անոր օգտակարութեան եւ նպաստաւորութեան գերարժէքին, նաեւ շատ բան «սորվելու» անոր հարուստ բովանդակութենէն։

Կ’անգիտանամ, թէ այս բազմաշահեկան եւ եզակիական հրատարակութիւնը ի՞նչ արձագանգի հանդիսացած է հայրենի թէ սփիւռքահայ պատկան կողմերուն մօտ, բայց, կասկած չկայ որ անիկա իր ուրոյն հորիզոնականը պէտք է ունենայ սփիւռքագիտական-ակադեմական հարթակներուն վրայ, յօրինակ ու հետեւողութիւն սփիւռքագէտներու փաղանգներուն։

(Վերջին պահուն կը տեղեկանամ, որ այս հատորին լիարժէքութեան մասին, շուրջ 12 յօդուածներ տպագրուած են ՀՀ ԳԱԱ ակադեմիկոսներու ու պատմագէտներու կողմէ, ինչ որ, իրապէս բարացուցական է)։

Հանրագիտակային խորքով, բազմերանգութեամբ ու պերճագրութեամբ հրատարակուած այս գիրքը, բարձրագոյն բարենիշ մըն է հեղինակին վարկին ու սփիւռքագիտութեան տարածման հաշւոյն, որուն համար, իրօք, շնորհաւորելի է Հրանոյշ Յակոբեան-գիտնականը։

Մեր տեղեկութիւններուն համաձայն, այս հրատարակութեան կարեւորութիւնը ու հանրօգուտութիւնը տարածելու համար, օտար լեզուներով (ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն) եւս լոյս տեսած է անիկա։

Սփիւռքագիտութիւնը, գործնական եւ ուսումնագիտական մակարդակներով, մեծ ու գերգնահատելի շահոյթ մը ապահովեց այս հրատարակութեան լոյս ընծայման առիթով, որուն պատիւը կ’երթայ ականաւոր գիտնական՝ Հրանոյշ Յակոբեանի, անոր մաղթելով, այս եւ այլ բնագաւառներէն ներս, նորանոր յաջողութիւններ։

Պարոյր Յ. Աղպաշեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.