Ատրպէյճանցիները Ոչնչացուցած Են Ստեփանակերտի «Հերոսներու Պանթէոն»ը

Ատրպէյճան պետական մակարդակով կը շարունակէ ոչնչացնել բռնագրաւուած Արցախի մէջ գտնուող եւ յանուն հայրենիքի նահատակուած հերոսներուն նուիրուած համալիրները։ Այս մասին  ահազանգ կը հնչեցնէ «Հայք» մշակոյթի պաշտպանութեան միութեան ներկայացուցիչ, իրաւաբան Յովիկ Ավանէսով։

«Պաքուի քաղաքականութեան հերթական թիրախը դարձաւ Ստեփանակերտի «Հերոսներու պանթէոն»ը։ Սոյն տեղեկութիւնը տարածուած է «Թելեկրամ»ի ատրպէյճնական ալիքներով», նշած է ան։

Comments are closed.