Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի 50-ամեակի հունձքերու ամավերջի հանդէսներ

«Բաստրմաճեան» երկրորդականի 54 շրջանաւարտներ, «Վ. եւ Ա. Սարաֆեան» նախակրթարանի 57 աւարտականներ եւ Ծաղիկ դասարանի 75 աշակերտներ վկայուեցան

Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանը, որ այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 50-ամեակը, յաջորդական հանդէսներով վկայեց իր երկրորդականի, նախակրթարանի եւ մանկապարտէզի աշակերտները։

Շաբաթ, 14 Յունիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Բաստրմաճեան» երկրորդականի շրջանաւարտներու ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի ՀՄԸՄ-Կամք «Հայկ Մարգարեան» մարզասրահէն ներս, ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տէր Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեանի ներկայացուցիչ՝ Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Տէր Յակոբ Վրդ. Եագուպեանի, հոգեւոր հայրերու, բարերարներու, վարչական խորհուրդի, հոգաբարձութեան, հիմնադրամներու, հաստատութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, ծնողներու եւ ուսուցչական կազմի անդամներու։

Շրջանաւարտներու հանդիսաւոր մուտքէն ետք հանդէսը մեկնարկեց Գանատայի, Հայաստանի, Արցախի եւ Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի քայլերգներով։ Հանդիսավար Մհեր Գարագաշեան իր բացման խօսքով ողջունեց ներկաներն ու Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի 2025 տարուան հունձքը, նշելով որ դպրոցի խորհրդանշական ոսկեայ տարեդարձի՝ 50-ամեակի հունձքը նուիրուած է համայնքի վաստակաշատ երախտաւոր հովիւ, դպրոցի հիմնադիր սերունդի անդամ Տէր Արմէն Աւագ Քհն. Իշխանեանի յիշատակին։ Այնուհետեւ բեմ բարձրացան խումբ մը շրջանաւարտներ, որոնք ներկայացուցին Տէր Արմէնի կենսագրականը եւ անոր «Կեանքէն էջեր» հատորէն քաղուած մտորումներ, որոնք կ’առնչուին Մոնթրէալի հայ համայնքին, Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանին, ՀՅԴ-ին, ՀՕՄ-ին եւ ՀՄԸՄ-ին։ Շրջանաւարտները այս ձօնով յարգանքի տուրք մատուցեցին անոր յիշատակին։

Ապա վարժարանի փոխ տնօրէնուհիներ Տիան Պայկըն եւ Մարիքա Լանկլուա, միասնաբար բեմ բարձրացան ներկայացնելու այս տարուան ուսուցիչներու «Գերազանցութեան եւ մանկավարժական նորարարութեան մրցանակ»ի թեկնածուները, անոնց ծրագիրները, ինչպէս նաեւ այս տարուան դափնեկիրները։ Տոքթ. եւ տիկ. Արի եւ Փաթիլ Մկրտիչեաններու կողմէ, տարիներ առաջ հաստատուած այս մրցանակին նպատակն է վեր առնել դպրոցի ուսուցչական կազմի այն անդամներուն ներդրումը, որ կ’առանձնանայ իր որակով, դասաւանդման մօտեցումներու գերազանցութեամբ ու նորարարութեամբ։ Այս տարեշրջանին ներկայացուած 5 ծրագիրներէն, դատական կազմը դափնեկիր հռչակած էր նախակրթարանի աշակերտներուն համար մշակուած զոյգ ծրագիրներ։ Առաջինը՝ տիկ. Զեփիւռ Հաճեանի «Հայերէն առածները», իսկ երկրորդը՝ տիկ. Շարլօթ Ժամպլէնի «Գրելու ճաշակի զարգացումը նախակրթարանի աշակերտներուն մօտ» ծրագիրները: Այս երկու ծրագիրները ընտրուած են իրենց բանաւոր եւ գրաւոր արտայայտութիւնը քաջալերելու, բառապաշարը հարստացնելու, ստեղծագործութիւնը խթանելու եւ աշակերտներուն ինքնավստահութիւնը ամրապնդելու իրենց յատկութեամբ: Անոնք վարպետօրէն կրցած են միատեղել լեզուն, մշակոյթը, արհեստագիտութիւնը եւ գործակցութիւնը՝ միաժամանակ ամրապնդելով մշակութային պատկանելութեան զգացումը:

Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի տնօրէնութեան խօսքը փոխանցեց դպրոցի ընդհանուր տնօրէն Լորի Ապրաքեան, որուն ընթացքին ան անդրադարձ կատարեց Տէր Արմէն Աւագ Քհն. Իշխանեանի, որուն անունով մկրտուած է տարուան հունձքը, եւ խօսքը ուղղելով դպրոցի 40-րդ հունձքի շրջանաւարտներուն, ըսաւ. «Մեր յոյսն է, որ Տէր Արմէնի կեանքի օրինակէն մեկնած դուք ալ միշտ հաւատքն ունենաք հայ դպրոցին, հայ եկեղեցւոյ եւ հայ համայնքին նկատմամբ։ Միշտ ձգտումը ունենաք աւելի բարձր վկայականներու տիրանալու եւ կատարելագործելու ձեր մասնագիտութիւնները։ Բայց, ինչ յաջողութեան ու դիրքի ալ հասնիք, եղէք իր նման հաւատարիմ ձեր ընտանիքին, ձեր համայնքին, ձեր ազգին, որպէսզի Հայը միշտ ապրի եւ գոյատեւէ։ Եղէ՛ք միշտ հեռատես եւ ոչ կարճատես, եղէ՛ք ինքնավստահ եւ գիտակից ձեր որոշումներուն, եւ վերջապէս եղէք համախմբող եւ ոչ պառակտող, մեր ժողովուրդը առողջ, հեռատես եւ համախմբող ղեկավարներու պէտք ունի»։ Տնօրէնուհին երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ դպրոցի վարչական խորհուրդին, անոր յարկին տակ գործող բոլոր միութիւններուն եւ Սարաֆեան եւ Բաստրմաճեան հիմնադրամներուն, Հայ վարժարանին նեցուկ կանգնող բոլոր բարերարներուն, որոնց նուիրական աշխատանքին եւ աջակցութեան շնորհիւ վարժարանը կը գոյատեւէ 50 տարիներէ ի վեր։

Տնօրէնուհին նաեւ շնորհաւորեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն, որոնք ո՛չ մէկ ճիգ խնայեցին այս հունձքի կազմաւորման ու դաստիարակութեան համար։

Այնուհետեւ, վկայականներու եւ մրցանակներու բաշխումը կատարուեցաւ ընդհանուր տնօրէնուհի Լորի Ապրաքեանի եւ Հոգաբարձութեան ատենապետ Սարօ Տէր Պետրոսեանի ձեռամբ: Պատուոյ գերազանց յիշատակութեան, Սուրբ Յակոբ արժանեաց գնահատագրի, ուսումնական ու յատուկ դասանիւթերու գերազանցութեան, հայերէն լեզուի ու գրաւոր արտայայտութեան, համայնքային յանձնառութեան, կամաւոր աշխատանքի, ինքնագերազանցման, ղեկավարի յատկանիշներու, վարժարանի դեսպանի, մարզական, Համազգայինի Ֆորումի, «Նոր Ծաղիկ» երգչախումբի եւ Կիրակնօրեայ դպրոցի, ինչպէս նաեւ միութենական բազմաթիւ մրցանակներու ու կրթանպաստի կողքին, յանձնուեցաւ նաեւ Գանատայի ընդհանուր կառավարիչի մետալը, որ շնորհուեցաւ բարձրագոյն միջին ապահոված աշակերտուհի Գառնի Քէշիշեանին։

ֆրանսերէն, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով աշակերտական ուղերձները յաջորդաբար արտասանեցին Դալար Բաբախեան, Սէրլի Օգճեան եւ Գառնի Քէշիշեան, որոնք պատմեցին իրենց անցած ուղիին, Սուրբ Յակոբ վարժարանէն ներս ստեղծած յիշատակներուն եւ ապրած փորձառութիւններուն մասին, եւ երախտագիտութեան խօսքեր յղեցին իրենց ծնողներուն ու ուսուցիչներուն։

Եւ վերջապէս Տէր Յակոբ Վրդ. Եագուպեան փոխանցեց իր սրտի խօսքն ու Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տէր Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեանի պատգամը, եւ «Պահպանիչ»ով փակեց հանդէսը։

Նշենք, որ բոլոր շրջանաւարտները Քեպէգի Ազգային Ժողովի գնահատագրեր ստացան, տրամադրուած՝ Սէն Լորան շրջանի երեսփոխան Մարուա Րիզքիի կողմէ, ինչպէս նաեւ անոնք ստացան յիշատակի գրիչներ, տրամադրուած Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի վարչական խորհուրդին կողմէ, «ՆԱՐԵԿ» աղօթագիրք, տրամադրուած Հայ Առաքելական Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ քոյրերուն կողմէ, «Բժիշկին Խօսքը» գիրքէն օրինակներ, նուիրուած Հարպոյեան ընտանիքին կողմէ, ի յիշատակ տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանի, ինչպէս նաեւ Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի նախկին աշակերտներու միութեան կողմէ պատրաստուած կերպասէ պայուսակներ։

Հանդէսէն ետք, շրջանաւարտներուն պատուին հիւրասիրութիւն մը կազմակերպուած էր «Ահարոնեան» սրահին մէջ, ուր անոնք հատեցին իրենց կարկանդակը եւ յիշատակի լուսանկարներ առին իրենց հարազատներուն եւ ուսուցիչներուն հետ։

Ծառատնկում

Իսկ Հինգշաբթի, 5 Յունիսի կէսօրին, Ծաղիկ դասարանի աշակերտները վարդեր նուիրեցին շրջանաւարտ 11-րդ դասարանի աշակերտներուն, ապա բոլորը միասնաբար իրենց հունձքին կողմէ տնկեցին ծառ մը, որպէս խորհրդանիշ՝ ջահի փոխանցման, երկրորդականը աւարտող շրջանաւարտներէն գալ տարեշրջանին առաջին դասարան բարձրացող փոքրիկներուն, որոնք տարիներու ընթացքին պիտի արմատաւորուին, աճին ու ծաղկին, ինչպէս ծառը, այն պարարտ ու հարստացնող միջավայրին մէջ, որ իր աշակերտներուն կը շնորհէ Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանը։ Այս տարուան 50-ամեակի հունձքին ցանած ծառը եղաւ առաջինը, դպրոցի մայր մուտքը եզերող տարածքին մէջ։

«Վ. Եւ Ա. Սարաֆեան» նախակրթարանի հանդէս

Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի «Վարդգէս եւ Աստղիկ Սարաֆեան» Նախակրթարանի Զ. դասարանը աւարտող աշակերտներուն ամավերջի հանդէսն ու վկայագրերու բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 15 Յունիս 2025-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3։00-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի ՀՄԸՄ-Կամք «Հայկ Մարգարեան» մարզասրահէն ներս, ներկայութեամբ Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Տէր Յակոբ Վրդ. Եագուպեանի, որ կը ներկայացնէր Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տէր Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեանը, ինչպէս նաեւ Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամներու, բարերարներու, հաստատութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, ծնողներու եւ ուսուցիչներու:
Աշակերտներուն եւ անոնց ուսուցիչներուն հանդիսաւոր մուտքէն ետք, հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Գանատայի, Հայաստանի, Արցախի եւ Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի քայլերգներով, որ մեկնաբանուեցաւ աշակերտներուն կողմէ։
Օրուան հանդիսավարն էր վարժարանի փոխ տնօրէնուհի Տիան Պայկըն, որուն ողջոյնի խօսքէն ետք ընթացք առաւ հանդէսի գեղարուեստական յայտագիրը։ Առաջին բաժնով խումբ մը աշակերտներ ասմունքեցին Մուշեղ Իշխանի «Հայ լեզուն տունն է հայուն» բանաստեղծութիւնը։ Այնուհետեւ աշակերտները միասնաբար կատարեցին Արտեմի Այվազեանի «Հայաստանը», ժողովրդական երգ «Իմ հայրենիք Վան»ը, ինչպէս նաեւ Սելին Տիոնի «Destin» եւ ABBA-ի «Thank you for the music» երգերը, խմբավարութեամբ Դալար Հարպոյեան Գալլօղլեանի։ Երգեցողութեան ընթացքին խումբ մը աշակերտներ հարուածային զանազան գործիքներու նուագակցութեամբ ընկերակցեցան երգերու կշռոյթին։

Երկրորդականի աշակերտներ Ը. կարգէն՝ Մերի Մելիքեան եւ Է. կարգէն՝ Մովսէս Ադամեան իրենց խօսքը փոխանցեցին նախակրթարանի աւարտականներուն, նշելով որ նոր առօրեայ մը կը սպասէ իրենց երկրորդականէն ներս, հետեւաբար պէտք է նախապատրաստուիլ դպրոցական նոր արկածախնդրութիւններու։

Տնօրէնութեան խօսքը փոխանցեց վարժարանի ընդհանուր տնօրէնուհի Լորի Ապրաքեան, որ իր խօսքը ուղղելով աշակերտներուն, ըսաւ. «Դուք կը ներկայացնէք վարժարանիս նախակրթարանի 44-րդ հունձքը, որ պատրաստ է անցնելու երկրորդական վարժարան, շարունակելու իր ուսումը: Այսօր, այս բեմէն, ուրախ եմ յայտարարելու, որ այս յիսնամեայ վարժարանէն աւարտած են աւելի քան հազար հինգ հարիւր պատանիներ, որոնցմէ շատ շատերը մեծ յաջողութիւն արձանագրած են զանազան ասպարէզներէ եւ համայնքի կեանքէն ներս: Ուրախ ենք նաեւ հաստատելու, որ մեր շրջանաւարտներէն շատերն ալ ձեր ծնողներն են, ուսուցիչները կամ տնօրէնը։ Դուք կը քալէք ձեզի համար անոնց կողմէ կերտուած դէպի լուսաւոր ապագայ առաջնորդող լուսաւոր ճամբայէն»: Ան յոյս յայտնեց, որ աշակերտները ամուր քայլերով կ՚անցնին դէպի երկրորդական, շարունակելու իրենց ուսումը, նոյն թափով եւ գերազանց ճիգով, որպէսզի իրենց աշխատանքով հասնին փայլուն ապագայի, ըլլան աշխատասէր եւ ինքնավստահ, միշտ ձգտին լաւագոյնին, փառք ու պատիւ բերեն իրենց ծնողներուն, ազգին ու հայրենիքին»։
Տնօրէնուհին նաեւ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց ծնողներուն եւ նախակրթարանի ուսուցիչներուն, որոնց անսակարկ նուիրումին շնորհիւ, մայրենի լեզուն կը ծաղկի աշակերտներու շուրթերուն վրայ, եւ հայ ժողովուրդին պահանջատիրութեան ոգին անոնց հայեացքով կը փոխանցուի երեխաներուն։ Ընդհանուր տնօրէնուհին երախտագիտութեան խօսք ուղղեց նաեւ Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան եւ դպրոցի վարչական խորհուրդին, անոր յարկին տակ գործող բոլոր միութիւններուն եւ հայ վարժարանին նեցուկ կանգնող բոլոր բարերարներուն, որոնց նուիրական աշխատանքին եւ աջակցութեան շնորհիւ այս վարժարանը կը գոյատեւէ աւելի քան 50 տարիէ ի վեր։

Վկայագրերու եւ մրցանակներու բաշխումը կատարուեցաւ ընդհանուր տնօրէնուհի Լորի Ապրաքեանի եւ Հոգաբարձութեան ատենապետ Սարօ Տէր Պետրոսեանի ձեռամբ: Մրցանակներ յանձնուեցան պատուոյ գերազանց յիշատակութեան համար, ինչպէս նաեւ յանձնուեցան ուսումնական գերազանցութեան, իւրաքանչիւր դասանիւթի գերազանցութեան, համայնքային յանձնառութեան, Ազգային Առաջնորդարանի հայեցի դաստիարակութեան, ՀՅԴ ԳՊՄ-ի «Մհեր Ջուլհաճեան», ՀՕՄ-ի Գանատայի «Ծաղկի՛ր հայերէն», ՀՄԸՄ ԿԱՄՔ-ի, ՀՄԸՄ Լաւալի, մարզական ու ինքնագերազանցման կրթանպաստներ, ինչպէս նաեւ Կիրակնօրեայ վարժարանի մրցանակները։ Իսկ բոլոր աւարտականները ստացան «Նոր Կտակարանը», տրամադրուած Հայ Առաքելական Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ քոյրերուն կողմէ։

Հանդէսի եզրափակիչ բաժնով Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի վարիչ Տէր Յակոբ Վրդ. Եագուպեան մեծապէս գնահատեց վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը եւ մանաւանդ ծնողները, որոնք ճիգ չեն խնայեր նորահաս սերունդին հայեցի կրթութիւն ու դաստիարակութիւն ջամբելու։ Ան շնորհաւորեց բոլոր աշակերտները իրենց նախակրթարանի ուսումը յաջողութեամբ աւարտելու եւ վկայուելու առիթով։

Հանդիսութեան յաջորդեց աւարտականներուն եւ անոնց ընտանիքներուն համար կազմակերպուած ճաշկերոյթ մը, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահէն ներս։

75 աշակերտներ աւարտեցին Ծաղիկ դասարանը

Երեքշաբթի5 17 Յունիս 20256ին, կէսօրէ ետք ժամը 2։306ին, Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի 2024-2025 տարեշրջանի Ծաղիկ դասարանի աշակերտներուն կը սպասէր անակնկալ մը, երբ անոնք անցնող տաս ամսուան իրենց ամբարած գիտելիքներով զինուած, 50-ամեակի խորհրդանիշով աւարտականներու գլխարկներ կրած5 սկսան հպարտօրէն տողանցել նախակրթարանի միջանցքներուն մէջ, ուր ջերմ ծափողջոյններով եւ քաջալերական կանչերով դիմաւորուեցան դպրոցի աշակերտներուն կողմէ։ Անոնց տողանցքը աւարտեցաւ դպրոցի «Բաստրմաճեան» թատերասրահ, ուր համախմբուած էին իրենց ծնողները, մեծ անակնկալ մատուցելով իրենց։ Փոքրիկները խանդավառութեամբ իրենց տեղերը գրաւեցին, իրենց աշխատանքներով զարդարուած բեմահարթակին վրայ եւ սկսան յաջորդաբար կատարել դպրոցական տարեշրջանի ընթացքին սորված փունջ մը հայերէն ու ֆրանսերէն երգեր։ Գեղարուեստական յայտագրի աւարտէն ետք, տնօրէնութիւնը գնահատական խօսքեր արտասանեց ուսուցչական կազմին` իր տարած աշխատանքին համար, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց ծնողները։ Ապա, աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ձեռամբ ստացան Ծաղիկ դասարանը ամբողջացնելու իրենց վկայագրերը։
Հանդիսութեան աւարտին վարժարանի ընդհանուր տնօրէն Լորի Ապրաքեան, իր կարգին, շնորհաւորեց աշակերտներն ու ծնողները, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցչական կազմին՝ անոնց ջանքերուն եւ բեղուն ուսումնական տարեշրջան մը բոլորելու համար։ Ապա բոլոր ներկաները ուղղուեցան «Աննա եւ Մանուկ Չուխաճեան» խմբավայր, ուր իւրաքանչիւր դասարանի աշակերտները համախմբուեցան հատելու իրենց դասարանի կարկանդակը, իսկ ծնողներուն համար պատրաստուած էր պատշաճ հիւրասիրութիւն մը։
Նշենք նաեւ, որ այս առիթով աշակերտները որպէս նուէր ստացան իրենց անուններով պատրաստուած Իզապէլ Լըպլանի հեղինակած յիշատակի ֆրանսերէն պատկերագիրք մը, խորագրուած «Ծովահէններուն դպրոցը» (L’ecole des Pirates), որուն մէջ իւրաքանչիւր աշակերտ իր գիրքին հերոսն էր, իր դաս

Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի Տեղեկատուական գրասենեակ