Սիւնիքի մէջ սկսած են TRIPP-ի ենթակառոյցներու նախագծման աշխատանքները

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի իշխանութիւնները կը պատրաստուին սկսելու TRIPP («Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման») ծրագիրի երկաթուղային, ճանապարհային եւ ուժանիւթային ենթակառոյցներու նախագծման աշխատանքները՝ Սիւնիքի մարզին մէջ կատարուած տեղազննութենէն ետք։

Հոկտեմբեր 21-ին, փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գլխաւորութեամբ կառավարական պատուիրակութիւն մը այցելած է Սիւնիք՝ ուսումնասիրելու նախատեսուած ենթակառոյցներուն տեղադրութեան եւ նախագծման առնչուող հարցերը։

Հոկտեմբեր 22-ի կառավարութեան նիստին, Գրիգորեան յայտնած է, որ երկաթուղագիծին ուղղութիւնը արդէն ճշդուած է, մինչդեռ ինքնաշարժային ճանապարհի կառուցման եւ ելեկտրահաղորդման գիծերու տեղադրութեան վերաբերեալ շարք մը հարցեր տակաւին կը կարօտին յստակացման։

Ան անհրաժեշտ նկատած է նախագծման նախապատրաստական աշխատանքները սկսիլ՝ առանց սպասելու հայ-ամերիկեան TRIPP Development Company ընկերութեան պաշտօնական հիմնադրութեան։ Անոր ստեղծումէն ետք կատարուած աշխատանքները պիտի փոխանցուին ընկերութեան։

Նիկոլ Փաշինեան իր կարգին յայտարարած է, որ ծրագիրը կը թեւակոխէ իրականացման փուլը՝ զայն ներկայացնելով իբրեւ Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ շրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման կարեւոր նախաձեռնութիւն։

TRIPP-ը կը նախատեսէ Հայաստանի հարաւային տարածքով հաղորդակցութեան կապ հաստատել Ատրպէյճանի հիմնական տարածքին եւ Նախիջեւանի միջեւ՝ միաժամանակ նոր տարանցիկ կարելիութիւններ ստեղծելով Հայաստանի համար։

Սակայն ծրագիրին վերաբերեալ շարք մը էական մանրամասնութիւններ տակաւին վերջնականացած չեն։ Հոկտեմբեր 21-ին արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան խորհրդարանին մէջ հաստատած էր, որ նախատեսուած բոլոր ենթակառոյցներուն ճշգրիտ տեղադրութիւնները որոշուած չեն, եւ համապատասխան հողատարածքներուն չափերն ալ տակաւին անյայտ են։

Այս հանգամանքները կը շարունակեն հարցեր յառաջացնել ծրագիրին տարածքային ընդգրկման, գործնական պայմաններուն եւ Հայաստանի համար նախատեսուած տնտեսական օգուտներուն շուրջ։