Սիսը պարպելէն ետքը՝ թուրք կառավարութիւնը մզկիթի վերածած է Մայրավանքը. «Հայաստան», 18 Յուլիս, 1915

Հայոց Ցեղասպանութեան վաւերագրութիւններու աղբիւր եղած է Սոֆիայի «Հայաստան» եռօրեան, որ հրատարակուած է 1915-ի Մարտէն մինչեւ նոյն տարուան Սեպտեմբերը եւ հետագային՝ 1919–1925։ Ստորեւ կը հրապարակենք 18 Յուլիս 1915-ի թիւէն կարճ լրատուութիւններ.

Հայկական հալածանքը

«Նոր» մզկիթներ

Սիսը պարպելէն ետքը՝ թուրք կառավարութիւնը մզկիթի վերածած է հռչակաւոր պատմական Մայրավանքը:
Կը լսենք, որ ուրիշ վայրերու մէջ ալ նման «նոր» մզկիթներ «շինուած են»:

Մահմետական հայերը

Լուր կայ, թէ կառավարութիւնը այլեւս ուշադրութիւն չպիտի դարձնէ հայերու «հագգը տինի» վրայ եւ մահմետականացած հայերն ալ պիտի ենթարկէ տեղահանութեան ընդհանուր «օրէնք»ին:

Տարօնի մէջ

Իթթիհատական Հիլմին, ինչպէս յայտնի է, Մուշ գացած էր՝ ջարդ կազմակերպելու: Այդ նպատակով հոն ժողված են 3000 քիւրդ:
Վերջին պահուն կ’իմանանք, որ բանակի թիկունքին, Մուշի շրջանի մէջ, հայերու ըմբոստութիւնը հետզհետէ աւելի կը ծաւալի:

Ամերիկեան Միսիօնը

Գրած էինք, որ ամերիկեան միսիօն մը եկած էր Պոլիս՝ կարօտեալներուն նպաստ բաշխելու
համար:

Ստացանք հետեւեալ մանրամասնութիւնները:

Ամերիկացի միլիառատէր Ռօքֆէլլէր, ինչպէս յայտնի է, կոմիտէ մը կազմած է, դնելով անոր տրամադրութեան տակ 100 միլիոն տոլար՝ բոլոր երկիրներու մէջ մեծ աղէտներէ վնասուածներուն օգնելու համար:

Այդ կոմիտէն, ընդհանուր պատերազմը սկսելէն ետք, յանձնաժողով մը ղրկած էր Սերբիա՝ ազգաբնակութեան նպաստներ տալու: Ամիսներ վերջ, լսելով թուրքահայերու տառապանքի մասին, յանձնաժողովը Պոլիս մեկնեցաւ՝ տեղին վրայ ուսումնասիրելու համար աղէտը: Բայց թուրք կառավարութիւնը թոյլ չտուաւ անոր՝ երկրին ներսերը երթալու: Ուստի յանձնաժողովէն երեք հոգի Պոլիս մնալով, այս պահուս կը ջանան հասկնալ կարօտեալներուն պէտքերուն չափը, տեղեկագիր ներկայացնել Ամերիկայի կոմիտէին եւ ըստ այնմ պէտք եղած նիւթական օժանդակութիւն ստանալ:

Աւելորդ չենք նկատեր յիշել հոս հետաքրքրական պարագայ մը:

Թուրքերը փորձած են համոզել յանձնաժողովի անդամները՝ թէ միայն հայերը չեն որ կարօտ են օգնութեան. կան նաեւ թուրք գաղթականներ, որոնց ալ անհրաժեշտ է նպաստ տալ:

Թուրք կառավարութիւնը նկատի ունի այն մահմետական մուհաճիրները, որոնք ռուսական նահանջի ատեն աւերած ու կոտորած էին սահմանակից հայ զիւղերը եւ ռուս բանակի վերադարձէն ետք՝ թուրք զօրքերու հետ Անատոլու եկած էին, լայնօրէն վայելելով թուրք կառավարութեան հոգատարութիւնը եւ ստանալով հայերէ պարպուած զիւղերը՝ իրենց ամբողջ ստացուածքով:

Ասոնք են, որ թուրքերը կը համեմատեն այն տասնեակ հազարաւոր տարագիր հայերու հետ, որոնք՝ կողոպտուելէ ետք՝ ղրկուած են անմարդաբնակ անապատներ…