Սերժ Տ. Պուչաքճեան կը նշանակուի Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան նորընտիր գործադիր տնօրէն

ՓԷՐէՄԸՍ, Նիւ Ճըրզի – Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը մեծ հաճոյքով կը հաղորդէ իր նորընտիր գործադիր տնօրէնին՝ Սերժ Պուչաքճեանի նշանակումը։ Պրն. Պուչաքճեան պիտի ստանձնէ իր նոր պաշտօնը Փետրուար 1, 2025-ին։

Պրն. Պուչաքճեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, ուր յաճախած է տեղւոյն Հայ Աւետարանական Գոլէճը, նախքան իր Առեւտրական Կառավարման B.A. վկայականը ստանալը Հայկազեան Համալսարանէն։ 1975-ի վերջերուն, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սրումը ստիպած է զինք գաղթել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ (ԱՄՆ) եւ իր ուսումը շարունակել Պոսթընի (Boston, MA) Northeastern Համալսարանին մէջ, ստանալով Առեւտրական Կառավարման Մագիստրոս (M.A.) վկայականը՝ 1978-ին։ Ան նաեւ ամբողջացուցած է կառավարման ծրագիրներ Harvard, Oxford եւ Northwestern համալսարաններուն մէջ։

Պրն. Պուչաքճեան Աւետարանչական Ընկերակցութեան կը բերէ աւելի քան 35 տարիներու փորձառութիւն միջազգային օդատիեզերական եւ պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտներէն։ Աւելի վաղ ան ղեկավար պաշտօններ ունեցած է, որոնց շարքին են՝ L3 Technologies-ի միջազգային լուծումներու առեւտրական բաժինի փոխ նախագահ եւ գլխաւոր ղեկավար, ինչպէս նաեւ Oshkosh Defense-ի միջազգային ծրագիրներու աւագ փոխ նախագահ եւ գլխաւոր ղեկավար, ուր ան նաեւ եղած է Ընկերութեան կառավարման պաշտօնեայ։ Անոր նախկին պաշտօնավարումները կը ներառեն գործադիր պաշտօններ Honeywell International Inc.-ի մէջ (նախապէս AlliedSignal), չորս տարի անցընելով Լոնտոն, Անգլիա, վերահսկելով գործունէութեան ամբողջ Եւրոպայի, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ, նաեւ ծառայած է անոնց տնօրէններու խորհուրդին։ Ան նաեւ վարած է համաշխարհային առաջնորդի դերեր Smiths Industries Aerospace-ի մէջ (այժմ՝ GE) եւ Lear Siegler Inc.-ի մէջ տարբեր պատասխանատուութիւններով, որոնք կ’ընդգրկեն ամբողջ աշխարհը:

Իր վարած պաշտօններէն անդին Պրն. Պուչագճեան մեծ ներդրում ունեցած է բազմաթիւ հասարակական եւ մասնագիտական կազմակերպութիւններու մէջ, ինչպէս՝ Ազգային Պաշտպանական Արդիւնաբերական Ընկերակցութիւնը (NDIA), ԱՄՆ-ի բանակի ընկերակցութիւնը (AUSA) եւ օդաերիզական արդիւնաբերութեան Ընկերակցութիւնը (AIA): Ան նաեւ ծառայած է ԱՄՆ-Հնդկաստան Առեւտրական Խորհուրդին (USIBC), ուր ան նախագահն էր ԱՄՆ-Հնդկաստան Առեւտրական Յանձնաժողովին, ԱՄՆ-ԱՄԷ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) Գործարար խորհուրդին եւ միջազգային փոխըմբռնման Առեւտրական Խորհուրդին:

Հայ համայնքի նուիրեալ անդամ Պրն. Պուչաքճեան ծառայած է շարք մը հայկական կազմակերպութիւններու մէջ, ինչպէս՝ Հայ Ընկերակիցներու Միութեան (ASOF), Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանի Վարչական Խորհուրդին, Աւետարանչական Ընկերակցութեան Եւրոպայի Յանձնաժողովին եւ Փէրէմըսի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Վարչական Խորհուրդին, որպէս անդամ, եւ ներկայիս որպէս երէց։

Բազմաթիւ լեզուներու տիրապետած, Պրն. Պուչաքճեան բնակած է ԱՄՆ-ի, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Եւրոպայի մէջ։ Անոր գործի կեդրոնը պիտի ըլլայ Աւետարանչականի Կեդրոնատեղին՝ Փէրէմըսի (Նիւ Ճըրզի) մէջ։ Ան ամուսնացած է Անիթայի (Փիլիպոսեան) հետ եւ ունի դուստր մը (Նինա) եւ մանչ մը (Մարք)։

«Պրն. Պուչաքճեանի հետ իմ ծանօթութիւնը կը սկսի Պէյրութի Հայ Աւետարանական Գոլէճի մեր օրերէն։ Ինչպէս մեզմէ շատերու, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը զինք արմատախիլ ըրաւ, եւ ան յայտնուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափը, ուր ան ամբողջացուց իր ուսումը ստանալով M.B.A. վկայականը», ըսաւ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Վարչական Խուրհուրդի ներկայ նախագահ տոքթ. Նազարէթ Տարագճեան։ «Պրն. Պուչաքճեան կը միանայ Ընկերակցութեան կառավարման աշխարհին՝ մեծ փորձառութեամբ, ուր ան կատարելագործած է իր հմտութիւնները որպէս անխոնջ առաջնորդ եւ ընդունակ նորարար եւ վարիչ։ Ան շատ գործունեայ, բայց միեւնոյն ժամանակ շատ համեստ եւ ուշադիր անձնաւորութիւն մըն է։ Պրն. Պուչաքճեան ամուր հաւատքի տէր եւ հայրենասէր անձ է, որոնք զինք ամուր կապերով կը կապեն իր պապենական հայրենիքին՝ Հայաստանին եւ Սփիւռքի հետ։ Ես խորապէս կը հաւատամ, որ Պրն. Պուչաքճեան հնարաւորութիւն պիտի տայ Աւետարանչականին՝ իրականացնելու իր առաքելութիւնը եւ բարձրացնելու Ընկերակցութիւնը նորանոր բարձունքներու»։

Աւետարանչական Ընկերակցութեան Վարչական Խորհուրդի նորընտիր նախագահ Կէրի Ռ. Ֆիլլիփս աւելցուց. «Սերժի մեծ փորձառութիւնը միջազգային ղեկավարութեան մէջ եւ անոր խոր նուիրուածութիւնը Ընկերակցութեան արժէքներուն եւ առաքելութեան, իրեն կու տան եզակի որակաւորում Ընկերակցութիւնը առաջ տանելու դէպի ազդեցիկ ծառայութեան նոր շրջան մը»։

*
Որպէս Քրիստոնէական կազմակերպութիւն, Աւետարանչականը իր ծառայութիւնը կը մատուցանէ բոլոր անոնց, որոնք օգնութեան կարիք ունին՝ առանց խտրութեան։ Աւետարանչականը իր այս համաշխարհային առաքելութիւնը կ’իրականացնէ պահպանելով շարք մը կրթական, աւետարանչական եւ ընկերային ծառայութիւններ աշխարհացրիւ 23 երկիրներու մէջ՝ ներառեալ Հայաստան։ Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել Աւետարանչականի կայքէջը www.amaa.org.

Comments are closed.