Սարդարապատ Յուշահամալիրին Մէջ Զետեղուեցան Արամ Մանուկեանի Եւ Նիկոլ Աղբալեանի Կիսանդրիները

ԵՐԵՒԱՆ.- Հինգշաբթի, 31 Մայիսին տեղի ունեցաւ բացումը «Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Անկախութիւնը Ֆրանսական Դիւանագիտական Արխիւային Վաւերագրերում» ժամանակաւոր ցուցահանդէսը՝ Սարդարապատ յուշահամալիրի Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան թանգարանին մէջ, ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժոնաթան Լաքոտի:

Ցուցահանդէսին ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ Գանատահայ արուեստագէտ եւ հասարակական գործիչ Յակոբ Ճանպազեանի քանդակած Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը կերտող Արամ Մանուկեանի եւ Նիկոլ Աղբալեանի կիսանդրիներու պաշտօնական բացումը՝ ձեռամբ դեսպան Լաքոտի եւ արուեստագէտի հարազատներուն:

Իր ելոյթին ընթացքին դեսպանը կարեւոր նկատեց Հայաստանի Հանրապետութեան եւ համայն հայութեան երկարամեայ բարեկամութիւնը եւ շարունակական համագործակցութիւնը Ֆրանսայի Հանրապետութեան եւ ֆրանսացի ժողովուրդին հետ: Ան մասնաւոր ուշադրութիւն դարձուց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիանի վերջերս կատարած այցելութեան եւ անոր ներկայութեամբ Մուսա լերան հերոսամարտի յուշահամալիրին մէջ հայ-ֆրանսական դարաւոր բարեկամութիւնը խորհրդանշող աղբիւր-յուշարձանի բացման:

Բացման արարողութեան ատեն նաեւ խօսք առաւ Սարդարապատ յուշահամալիրի Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան թանգարանի եւ Մուսա լերան հերոսամարտի պատմութեան եւ Մուսալերցիներու ազգագրութեան թանգարանի տնօրէն Կարէն Արիստակեսեան: Իր խօսքէն ետք, Արիստակեսեան թանգարանին կողմէ դեսպան Լաքոտին յանձնեց զօրավար Մովսէս Սիլիկեանի դիմանկարով զարդարուած արծաթեայ յուշանուէր մը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.