Ռոպերթ Քոչարեան 2 Միլիառ Դրամ Գրաւի Դիմաց Կալանքէ Ազատ Պիտի Արձակուի
1614
0
Վերաքննիչ քրէական դատարանի դատաւոր Արսէն Նիկողոսեան բաւարարեց ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպաններու` իրենց պաշտպանեալի խափանման միջոցի հարցով վերաքննիչ բողոքը: Քոչարեան ազատ պիտի արձակուի գրաւի դիմաց:
Դատարանը որոշեց Քոչարեանի նկատմամբ կիրառել 2 միլիառ դրամի չափով գրաւ:
Վերաքննիչ քրէական դատարանը` դատաւոր Արսէն Նիկողոսեանի նախագահութեամբ կը քննէր ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպաններու` նախագահի խափանման միջոց կալանքը փոխելու միջնորդութիւնները մերժելու մասին Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի որոշման դէմ բողոքը: