«Պէտք Է Ձերբազատուիլ Այս Իշխանութենէն, Որուն Պատճառով Հայութիւնը Ապրեցաւ Անկախ Հայաստանի Նորագոյն Պատմութեան Ամէնէն Աղէտալի Էջերը` Կորսնցնելով Արցախի Մեծ Մասը»

«Չենք Կրնար Ստորագնահատել Դերը Լիբանանահայութեան,
Որ Թէեւ Տագնապահար Է, Սակայն Կը Պահէ Կեդրոնական Դերակատարութիւնը
Ո՛չ Միայն Սփիւռքեան, Այլ Նաեւ Համահայկական Առումով»

«Ազդակ»-ին Տուած Հարցազրոյցին Ընթացքին Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Հաստատեց.

Հարցազրոյցը վարեց` ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Հայաստանի մէջ տիրող նախընտրական կացութիւնը, Արցախի ներկայ կարգավիճակը, լիբանանահայութեան ապրած տագնապը եւ այս բոլորին մէջ Դաշնակցութեան ունեցած դերակատարութիւնն ու տարած աշխատանքը հանդիսացան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ «Ազդակ»-ի կատարած հարցազրոյցին առանցքը: Ան հաստատեց, որ Դաշնակցութեան համար անընդունելի է, որ պարտուած, հայութեան մեծ կորուստ պատճառած ու իր էութենէն պարպուած ղեկավարութիւն մը տակաւին ամէն գնով յամառի կառչիլ իշխանութեան, երբ ինք յստակօրէն պատասխանատուն է այս մեծագոյն աղէտին` աւելցնելով, որ ներկայիս «Հայաստան» դաշինքը կը ներկայացնէ լաւագոյն այլընտրանքը` հայութեան ու Հայաստանի ծառայող իր ծրագիրով: Բիւրոյի ներկայացուցիչը նաեւ լուսարձակի տակ առաւ Արցախին եւ անոր վերականգնման եւ կայունացման ծրագիրներուն կառչած մնալու հրամայականը, նաեւ շեշտեց սփիւռքեան եւ համահայկական առումով լիբանանահայութեան ունեցած կեդրոնական ու կարեւոր դերակատարութիւնը` նշելով, թէ Դաշնակցութիւնը այս առումով իր ուժերը լարած է ու պիտի փորձէ կարելին ընել օժանդակելու գաղութին, որպէսզի ծաղկի ու ազդեցութիւնը բազմապատկուի:

Ստորեւ` հարցազրոյցին ամբողջութիւնը: 

«ԱԶԴԱԿ».- Բնականաբար մեր հարցազրոյցը պիտի սկսինք Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններով: Մեր ընտրական դիրքորոշումները որոշ հոլովոյթ մը ապրեցան: «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»-ի կայացման մէջ մեծ էր դերը Դաշնակցութեան: Մեր պահանջն էր անմիջական հրաժարական եւ անցումի կառավարութեան ձեւաւորում: Ինչո՞ւ չիրականացաւ այդ մէկը. ի՞նչ էին հիմնական պատճառները:

ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ճիշդ էք, որ այսօր տիրապետող օրակարգը Հայաստանի Ազգային ժողովի արտակարգ ընտրութիւններն են, ճիշդ էք նաեւ, որ արցախեան պատերազմէն անմիջապէս ետք մենք կարողացանք համախմբել ընդդիմադիր ուժերը եւ ստեղծել «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»-ը, որ առաջին հերթին կը նախատեսէր Նիկոլ Փաշինեանի եւ իշխող ապազգային ու հողատու խումբին հեռացումը. այս իշխանութիւնը աղէտալի պարտութեան առաջնորդած է ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ այս վերջին երեք տարիներուն ցոյց տուած է, որ ապիկար կառավարական մեքանիզմով եւ առհասարակ հարցերուն անլուրջ մօտեցումով Հայաստանը տկարացուցած է, եւ մանաւանդ ամէնէն ցած մակարդակի հասցուցած Հայաստան-Ռուսիա եւ Հայաստան-Իրան յարաբերութիւնները, կացութիւն մը, որ չօգնեց պատերազմի յաջող ելքի ապահովման:

Եւ զարմանալի չէ ուրեմն, որ այս իշխանութեան պատճառով էր, որ հայութիւնը ապրեցաւ Հայաստանի նորագոյն անկախութեան ամէնէն աղէտալի էջերը` կորսնցնելով Արցախի մեծ մասը: Թշնամին տիրացաւ ազատագրուած հողերուն մեծ մասին, նոյնիսկ` Հատրութին եւ հասաւ մինչեւ Շուշի: Այս իշխանութիւնը կը կրէ պարտութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը եւ մեզի համար իսկապէս անընդունելի է, որ պարտուած ու իր էութենէն պարպուած ղեկավարութիւն մը տակաւին ամէն գնով յամառի կառչիլ իշխանութեան, երբ ինք յստակօրէն պատասխանատուն է այս մեծագոյն աղէտին:

«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»-ը նոյեմբեր-դեկտեմբեր ամիսներուն մեծ թիւով ժողովուրդ համախմբեց հաւաքներով եւ ցոյցերով արտայայտելու իր ցասումը, բողոքն ու պահանջը. նպատակը անյապաղ ու անցնցում կերպով այս իշխանութեան հեռացման ապահովումն էր: Անշուշտ շատ աւելի մեծ թիւ էր հարկաւոր այդ հեռացումը ապահովելու համար, բայց հասկնալի էր նաեւ, որ ժողովուրդը ցնցումի եւ յուսահատութեան մէջ էր, «Քորոնա» համավարակը տակաւին աւեր կը գործէր եւ կ՛արգելակէր ցուցարարներու համախմբումը, իսկ ձմրան ամիսներն ալ կոտրեցին թափը. արդ` հաւանաբար արդար է մտածել, որ ամբողջովին չիրականացաւ մեր ձգտումն ու տեսլականը, այսինքն` «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»-ի ճնշումի ալիքին տակ կառավարութեան փոփոխութիւն իրականացնելն էր, ապա կազմելը ժամանակաւոր կառավարութիւն` Վազգէն Մանուկեանի  ղեկավարութեամբ, որպէսզի կարելի ըլլայ նախ հանդարտեցնել ժողովուրդը, երկրորդ` անոր վերադարձնել իր կորսնցուցած յոյսը, երրորդ` մեղմացնել աղէտին հետեւանքները, եւ վերջապէս` կազմակերպել արդար ու թափանցիկ արտահերթ ընտրութիւններ: Բայց եւ այնպէս կասկած իսկ չունինք, որ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»-ին, ժողովրդային ճնշումներուն, հաւաքներուն, բողոքի ցոյցերուն շնորհիւ է, որ իշխանութիւնը ստիպուեցաւ յայտարարել արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացումը, որպէսզի բոլորով ներկայանանք ժողովուրդին` հնարաւորութիւն ստեղծելով, որ ան տայ իր վճիռը տեղի ունեցած զարգացումներուն լոյսին տակ:

«Ա.».- Եթէ նկատենք, որ անմիջական հրաժարականի տեսք չստացան այս պահանջներն ու բողոքի հաւաքները, այսօր ի՞նչ հանգամանքներ փոխուած են մտածելու, որ իշխանութիւններու հեռացման համար անպայման կը գոյանայ ընտրական անհրաժեշտ  զանգուածը:

Յ.Տ.Խ.- Նախ հաստատեմ, որ կասկած չկայ, թէ իշխանութիւնները փորձեցին ժամանակ գնել: Պատերազմի աւարտէն 1-1,5 ամիս ետք վարչապետ Փաշինեան, երբ պարտութեան անմիջական ցնցումի շրջանը բոլորեց, փորձեց ինքզինք վերագտնել եւ հրապարակեց վեցամսեայ անկապ ծրագիր մը, որպէսզի արդարացնէ ինքզինք, ժողովուրդին մոռցնել տայ պատերազմի աղէտն ու իր անձնական պատասխանատուութիւնը եւ կեդրոնանայ իր իշխանութիւնը վերարտադրելու վրայ: Իսկ առաջադրած իր այլ ծրագիրներէն ոչ մէկը իրականացուցած է: Ինչպէս միշտ, այս իշխանութիւնները շատ կը խօսին, քիչ կը գործեն, իսկ անոնց ճղճիմ իրագործումներն անգամ ընդհանրապէս սխալ ձեւով կը կիրարկուին: Արդ` անհրաժեշտ էր, որ մենք այդ ճնշումի մակարդակը եւ քաղաքացիական անհնազանդութեան թափը բարձր պահէինք, մնալով Սահմանադրութեան եւ օրէնքի ծիրին մէջ: Նպատակը անշուշտ Փաշինեանը բեմէն անցնցում եւ առանց մեծ ընդհարումներու հեռացնելն էր: Ճիշդ է, որ չհեռացաւ, բայց գոնէ կարելի եղաւ հասնիլ  այս փուլին` արտահերթ ընտրութիւններուն:

Ի՞նչն է կացութիւնը այսօր. նկատի ունենալով, որ արցախեան պատերազմի պարտութեան թուականէն արդէն անցած է աւելի քան 7 ամիս, Նիկոլ Փաշինեան կրկին ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ ժողովուրդին ուշադրութիւնը պատերազմէն շեղելու եւ վերադառնալու իր նախասիրած նիւթերուն եւ ապակողմնորոշիչ մօտեցումներուն` ժողովուրդին միջեւ բաժանարար գիծերու ստեղծումով, սեւ ու սպիտակի խնդիրի արծարծումով, նախկինները մեղադրելով, ատելութիւն սերմանելով եւ առհասարակ մթնոլորտը շիկացնելով: Մէկ խօսքով` այս իշխանութիւնները, հակառակ իրենց նախկին սիրոյ եւ հանդուրժողութեան մթնոլորտ ստեղծելու խոստումին, իրենց գոյութեան ամբողջ ընթացքին գործեցին իբրեւ ատելութիւն եւ բաժանում սերմանող իշխանութիւն: Բայց եւ այնպէս պիտի չյաջողին, որովհետեւ մենք կարողացանք ներկայանալ իբրեւ իսկական այլընտրանք` «Հայաստան» դաշինքի դիմագիծով:

«Ա.».- Հրապարակուած վիճակագրութիւններն ալ արդէն կը խօսին այդ մասին` նշելով, որ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան առաջնորդին վարկանիշը անկում կ՛արձանագրէ, իսկ անոր դիմաց «Հայաստան» դաշինքի վարկանշային թիւերու աճ կը նկատուի: 

Յ.Տ.Խ.- Վերջին բոլոր հարցախոյզները, անկախ թէ ովքեր են պատուիրատուները` իշխանական ուժեր թէ ընդդիմադիր, ցոյց կու տան, որ կայ յստակ ընդհանրական գիծ մը. ստեղծուած են երկու մեծ բեւեռներ եւ Հայաստանի ժողովուրդին համար վարչապետի երկու հաւանական թեկնածու կ՛երեւի միայն` Նիկոլ Փաշինեանը, որուն կուրօրէն կառչած կը մնայ զանգուած մը, հակառակ անոր ամէն տեսակ ձախողութիւններուն եւ ստեղծած տագնապալի վիճակին, եւ կայ անոր ընդդիմացող նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը, որ կը ներկայանայ ՀՅԴ-ի եւ Վերածնուող Հայաստանի հետ կազմուած դաշինքով: Այս բեւեռացումը ժողովուրդին համար  երկու հիմնական ուժերուն միջեւ ընտրութեան կարելիութիւն պիտի ստեղծէ, իսկ մնացեալ ուժերը երկրորդական, բայց կարեւոր դերակատարութիւն պիտի ունենան, մանաւանդ եթէ միակցական (քոալիսիոն) կառավարութիւն կազմելու հարց յառաջանայ, երբ առաջին փուլին խորհրդարան մտնեն 2-3 այլ ուժեր եւս. իսկ եթէ կառավարութիւն չկազմուի եւ ընտրական երկրորդ փուլի  անհրաժեշտութիւն ծագի, այդ ուժերէն ոմանք կրնան կրկին համախմբուիլ երկու գլխաւոր խմբաւորումներուն շուրջ եւ ազդել ընտրութեան արդիւնքին վրայ:

Որքան ժամանակը կը թաւալի, այնքան ի յայտ կու գայ սնանկութիւնը այս իշխանութեան, եւ Փաշինեանի խայտառակ յայտարարութիւնները միայն շփոթ եւ ափսոսանք կը ստեղծեն` պատճառ դառնալով անոր վարկանիշի անկման:

Վերջին հարցախոյզերու տուեալներուն համաձայն, ճիշդ է, որ «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ի վարկանիշը կը նահանջէ, իսկ «Հայաստան» դաշինքինը կը բարձրանայ, բայց եւ այնպէս պէտք է ըլլալ զգուշ, որովհետեւ որեւէ վայրկեանի Հայաստանի մէջ կացութիւնը կրնայ կտրուկ փոփոխութեան ենթարկուիլ: Յառաջիկայ օրերուն ճակատագրական է, որ պահենք քարոզարշաւի թափը եւ ժողովուրդին յստակօրէն բացատրենք մեր ընտրական ծրագիրի առաջադրանքները, որպէսզի ընտրողները կեդրոնանան իսկական հարցերուն վրայ եւ տեսնեն, թէ մենք ինչպէ՛ս կը պատկերացնենք ապագան, երբ գործէ վճռական, փորձառու եւ ամուր գաղափարական հիմք ունեցող ղեկավարութիւն մը, որ կը ձգտի Հայաստանը վերածել ուժեղ եւ կայուն պետութեան:

«Ա.».- Կը նախատեսէ՞ք երկրորդ փուլ. խնդրեմ նաեւ որոշ պարզաբանում տալ նաեւ ընտրական օրէնսգիրքին ճշդած այս բաժնին մասին: Ե՞րբ կ՛ըլլայ երկրորդ փուլը, ո՞վքեր կը մասնակցին եւ ի՞նչ համեմատութիւններ նկատի կ՛առնուին խորհրդարանէն ներս թիւերու տեղաբաշխումի առումով:

Յ.Տ.Խ.- Երկրորդ փուլի անհրաժեշտութիւն կրնայ ծագիլ, եթէ առաջին փուլով խորհրդարան անցնող կուսակցութիւնները չկարողանան կազմել կառավարութիւն: Եթէ կարելի չըլլայ կազմել միակցական կառավարութիւն յստակ ժամկէտներու մէջ, կը կազմակերպուի երկրորդ փուլը, որուն կը մասնակցին միայն երկու առաւելագոյն քուէ ստացած յառաջատար ուժերը, անոնց հնարաւորութիւն տալով նաեւ ներառելու այլ խմբաւորումներ եթէ յարմար նկատեն: Երկրորդ փուլին, մեծամասնութիւն ստացող խմբաւորումը կը ձեւաւորէ կառավարութիւնը. իսկ եթէ Ազգային ժողովի մեծամասնութիւնը փոքր է (օրինակ 50 կամ 51 տոկոս), ընտրական օրէնքով յաւելեալ աթոռներ կը տրուին յաղթող կողմին, որպէսզի գոյանայ 54 տոկոսի կայուն մեծամասնութիւն: Թէեւ Ազգային ժողովը աթոռներու նուազագոյն թիւը ճշդուած է (101 + 4 փոքրամասնութիւններու վերապահուած աթոռներ), սակայն ընդհանուր թիւը կը բարձրանայ կայուն մեծամասնութիւն ստեղծելու կամ ընդդիմութեան ընդհանուր տոկոսը ապահովելու հաշուարկումով:

Այս ընտրութիւններուն կայ հաւանականութիւն երկրորդ փուլի, բայց ամէն ինչ կախեալ է անկէ, թէ առաջին փուլով ո՛ր ուժերը կը մտնեն խորհրդարան, այդ ուժերէն որո՛նք պատրաստ են իրարու հետ գործակցելու, որպէսզի ստեղծուի միակցական կառավարութիւն. անշուշտ եթէ «Հայաստան» դաշինքը կամ «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը առանձնապէս չկարողանան ստանալ մեծամասնութեան քուէներ:

«Ա.».- Մտահոգիչ է քարոզարշաւի հռետորաբանութիւնը: Հայհոյանք, մեղադրանք, բռնութիւն ներառող յայտարարութիւններ. արտակարգ ընտրութիւնները մթնոլորտի թուլացման պիտի նպաստէին` ըստ պաշտօնական յայտարարութիւններու, բայց եւ այնպէս ականատես ենք ճիշդ հակառակին:

Յ. Տ. Խ.- Կասկած չկայ, որ սուտերով լեցուն եւ հայհոյախառն բառամթերքով ընտրարշաւի կիրարկումը այս իշխանութիւններուն բնորոշ յատկանիշ է. անոնք մասնագէտ են ժխտական «Փի. Ար.»-ի, ատելութեան սերմանումի, բաժանարար գիծեր ստեղծելու. մասնագէտ են յատկապէս բարկացկոտ, ջղագրգիռ եւ ընդդիմադիր տարազով ներկայանալու, հակառակ անոր որ երեք տարիէ ի վեր իրենք են իշխանութիւնը, սակայն քաղաքական դաշտին մէջ եւ ժողովուրդին հետ կը վարուին իբրեւ բարկացած ընդդիմութիւն: Անոնք կը գործեն ամենայն անպատասխանատուութեամբ, հակառակ անոր որ վերջին երեք տարիներուն Հայաստանի եւ Արցախի մէջ արձանագրուած բոլոր ձախողութիւններուն իսկական պատասխանատուները իրենք են: Իրողութիւնը այլ է անշուշտ. իրենք ալ հին ուժ են արդէն. ուստի, կարելի չէ շարունակ հին ու նորի պատմութիւնը առաջ նետելով` մեղքը միշտ փաթթել ուրիշներու վիզերուն: Երեք տարուան առիթ ունէին ժողովրդային ակնկալութիւնները գոհացնելու, սակայն ակնկալուածին ճիշդ հակառակը փաստեցին` ցոյց տալով իրենց ապիկարութիւնը, անկարողութիւնը եւ շարունակական ձախողութիւնները, որոնցմէ մեծագոյնն ու ահաւորը Արցախի պատերազմի պատուհասն էր:

Այո՛, մթնոլորտը շիկացած է. ես անկեղծօրէն չէի ալ ակնկալեր, որ նախընտրական շրջանին մթնոլորտը մեղմանար. ատիկա կրնայ ըլլալ հաւանաբար ընտրութիւններէն ետք, որովհետեւ մենք համոզուած ենք, որ այս իշխանութեան հեռացումով եւ «Հայաստան» դաշինքի  գլխաւորութեամբ ստեղծուած կառավարութեամբ պիտի կարողանանք  իսկապէս լիցքաթափել ժողովուրդին ապրած հիասթափութիւնը, անմիջապէս ձեռնարկել յուսադրիչ աշխատանքներու, որպէսզի մեր ընտրական ծրագիրով ճշդած բոլոր ոլորտներուն մէջ անմիջական յառաջխաղացք տեղի ունենայ: Շատ կարեւոր է ժողովուրդին վերադարձնել ապագայի նկատմամբ յոյսը, որովհետեւ մտահոգ ենք, որ եթէ այս ցնցումները, այս ժխտական մթնոլորտը շարունակուին, նախ պիտի ունենանք Հայաստանի անվտանգութեան խնդիր, երբ թշնամին մեր դռներուն հասած է, եւ նոյնիսկ ներթափանցած Հայաստանի սահմաններէն ներս, առաւել` կարելի չէ գերզգայուն եւ անորոշ վիճակի մէջ պահել մեր ժողովուրդը: Անոր պարտինք անմիջապէս վերադարձնել հայու վճռակամութիւնը, քաջութիւնը, արժանապատուութիւնը: Այդ աշխատանքը պարտինք սկսիլ անմիջապէս` ապահովելով ազգային գաղափարախօսութեան վերադարձը, որովհետեւ, ինչպէս գիտէք, վերջին տարիներուն մեր ազգային արժէքները շարունակական գրոհի ենթարկուեցան այս ապազգային իշխանութեան կողմէ, եւ անձեւ քաոսի վերածուեցաւ կրթական համակարգը` հայոց պատմութեան, հայ եկեղեցւոյ պատմութեան եւ մայրենի լեզուի ու գրականութեան առարկաներու զեղչման ընդմէջէն. նաեւ` ստորագնահատուեցան բանակի դերն ու հայ երիտասարդութեան մարտունակ ոգին, հարցականի տակ դրուեցան պետական խորհրդանիշները, ծայրայեղ նոր-ազատական ընկերային-տնտեսական քաղաքականութիւն առաջ քաշուեցաւ, եւ ժողովուրդին ուշադրութիւնը փորձեցին կեդրոնացնել միայն, ինչպէս Հայաստանի մէջ կը բնորոշեն` ստամոքսային խնդիրներու վրայ, որպէսզի մոռացութեան ենթարկուին արցախեան պատերազմի հետեւանքները: Անշուշտ, որ կենցաղային հարցերն ալ խիստ կարեւոր են, եւ մենք մեր ընտրական ծրագիրին մէջ ունինք ո՛չ միայն ազգային գաղափարախօսութեան վերադարձի հարց, այլ նաեւ տնտեսական զարգացման յստակ ծրագիր, ընկերային արդարութեան հաստատման ծրագիր, դատաիրաւական  համակարգի վերափոխութեան ծրագիր, ինչպէս նաեւ` Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու բնականոնացման եւ երկքաղաքացիութեան արգելքներու վերացման անհրաժեշտութիւն: Այս բոլոր ոլորտներուն մէջ հրամայական է արագ շարժիլ` կազմելով աշխատունակ եւ նպատակասլաց կառավարութիւն, որուն իւրաքանչիւր նախարարը հանդէս գայ որոշակի նախաձեռնութիւններով` ցոյց տալու համար նախ, թէ ինչպէ՛ս կ՛աշխատի իսկական կառավարութիւն մը, ոչ այն քաոսային պատկերով, զոր կը տեսնենք այսօր, երբ ամէն ինչ կեդրոնացած է մէկ անձի ձեռքերուն մէջ. ապա` ապացուցէ հաւաքական նպատակասլաց աշխատելաոճի արդիւնաւէտութիւնը: Հայրենիքը այս անել վիճակէն դուրս բերելու դեղատոմսը ունինք մենք եւ անոր հիմնական բաժինները արդէն իսկ ամփոփած ենք մեր նախընտրական ծրագիրին մէջ: Կը յուսանք, որ ժողովուրդը կը կարդայ այդ ծրագիրը, ապագայի այլընտրանքները յստակօրէն կը տեսնէ եւ քուէարկելով «Հայաստան» դաշինքին մեզի կու տայ կարելիութիւնը` ստեղծելու կառավարութիւն մը, որ հայրենիքը պիտի առաջնորդէ դէպի անվտանգ, կայուն եւ աւելի պայծառ ապագայ:

«Ա.».- Յետընտրական ցնցումներ կը նախատեսուի՞ն: Ի՞նչ պէտք է ընել բացառելու համար նման իրավիճակներ:

Յ. Տ. Խ. – Կասկած չկայ, որ իրավիճակը բաւական լարուած է, եւ շատ բան կախեալ է այս ընտրութիւններուն ընթացքէն: Այսինքն, եթէ բոլոր ուժերը ունենան այն տպաւորութիւնը, թէ ընտրութիւնները կ՛ընթանան թափանցիկ, արդար, եւ հանդարտ վիճակով, եւ թէ արդիւնքները իսկապէս կ՛արտացոլեն ժողովուրդին կամքը, կը կարծեմ, թէ ցնցումները կը նուազին: Բայց եթէ ի յայտ գայ, ինչպէս որ կը զգացուի արդէն, թէ Նիկոլ Փաշինեանը պետական բոլոր միջոցները օգտագործելով, ժողովուրդի կամքին բռնանալով, իր պաշտօնէութիւնը վախի եւ սպառնալիքի ազդեցութեան տակ պահելով` ստեղծէ այնպիսի մթնոլորտ, ուր ժողովուրդին կամքը կ՛անտեսուի, եւ բռնութեան միջոցով կը վերարտադրէ իր իշխանութիւնը, բնականաբար այլ մթնոլորտ պիտի ստեղծուի: Յառաջիկայ օրերէն շատ բան կախուած է տեսնելու համար, թէ ինչպէ՛ս տեղի կ՛ունենայ ընտրութիւնը, եւ ի՛նչ արդիւնքներ կ՛արձանագրուին:

Իմ յոյսս է, որ մենք կարողանանք այս ընտրական շրջանէն դուրս գալ կարելի եղածին չափ նուազ վնասներով. սակայն, տակաւին մթնոլորտը շիկացնելու, ժխտական տրամադրութիւն ստեղծելու, թշնամութիւն սերմանելու փորձերը կը շարունակուին այս գործելաոճին հմուտ ներկայ իշխանութիւններուն կողմէ: Այլ երկիրներու փորձէն ալ օգտուելով` Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը սորված է, որ երբեմն ժողովուրդին ուշադրութիւնը բուն հարցերէն շեղելը, հայհոյանք եւ անձնական լուտանք տարածելը, լուսարձակը փոխանակ հարցերու լուծման` անհատներու վրայ կեդրոնացնելը աւելի նպաստաւոր է իրենց, քան լուրջ բանավէճը եւ ծրագիրներու վերաբերող վիճարկումը: Մենք պիտի ընենք մեր առաւելագոյնը, որպէսզի յաւելեալ սրում եւ ցնցում չարձանագրուին, մանաւանդ եթէ համոզուինք, որ իսկապէս ժողովուրդին կամքը արտայայտուած է. իսկ եթէ այդ կամքը բռնութեան տակ կամ պետական միջոցներու չարաշահումով խեղաթիւրուած է, այդ ժամանակ կը վճռենք մեր ընելիքը: Համոզուած ենք, որ այս իշխանութեան վերարտադրումով ո՛չ միայն Արցախի կրած մեծ կորուստը կը նուիրականացուի, այլ նաեւ  Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնն ալ կը վտանգուի: Վկայ արտաքին գործոց նախարարութեան հրաժարականներէն հնչող ահազանգը:

«Ա.».- Բարդ եւ ճակատագրորոշ ժամանակներու մէջ ենք: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը պատմութեան ընթացքին ճգնաժամերու եւ օրհասներու փուլերուն միշտ յառաջատար ուժ եղած է: Հիմա ի՞նչ առաքելութիւն պիտի իրականացնէ մեր կուսակցութիւնը այս իսկապէս անկիւնադարձային փուլին:

Յ. Տ. Խ.- Այս հարցին արդէն տարբեր մտածումներու ընդմէջէն անդրադարձանք, պարզապէս կ՛ուզեմ քանի մը շեշտադրումներ կատարել: Մեր հիմնական նպատակներէն է Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին վերադարձնել յոյսը, որպէսզի կանխարգիլուի հաւանական արտագաղթի նոր ալիքը, ինչ որ ազգային յաւելեալ աղէտ կը հանդիսանայ: Նման ալիք մը կանխելու լաւագոյն միջոցը տնտեսական զարգացման ծրագիրներու անմիջական յառաջադրումն է, որպէսզի ժողովուրդը տեսնէ, թէ ունի կարող կառավարութիւն, տեսնէ, որ իշխանութեան փոփոխութիւնը նաեւ ժողովուրդին կեանքին մէջ լուրջ փոփոխութիւններու պիտի առաջնորդէ եւ կեանքի մակարդակը պիտի բարելաւէ: Մենք պիտի աշխատինք նաեւ  Արցախի վերականգնման, պատերազմի հետեւանքներու վերացման եւ Արցախի Հանրապետութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան աշխատանքներուն վրայ: Առաջնահերթութիւններու կարգին է նաեւ բանակի հզօրացման հրամայականը, Հայաստանի անվտանգութեան ապահովումը, ազգային գաղափարախօսութեան վերադարձը, կրթական համակարգի վերականգնումը, սփիւռքի հետ կապերու աշխուժացումը, երկքաղաքացիներու համար սահմանադրական եւ օրէնսդրական արգելքներու վերացումը, որպէսզի երկքաղաքացին լիիրաւ մասնակից դառնայ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքական կեանքին, առողջապահական եւ գիւղատնտեսութեան համակարգերու բարելաւումը եւ ընկերային արդարութեան հաստատումը:

Բարեբախտաբար, թէ՛ նախագահ Քոչարեանը, եւ թէ՛ ՀՅԴ-ն ունին լայն փորձառութիւն` այս ծրագիրները իրականութիւն դարձնելու համար: Էականը գործն է, արդիւնքը, որ ցոյց պիտի տայ մեր նպատակասլաց իրագործումներն ու յաջողութիւնները եւ գօտեպնդէ ժողովուրդը, որպէսզի չկորսնցնէ իր հաւատքը հայրենիքին նկատմամբ: Բնականաբար մեր աշխատանքը պիտի ներառէ նաեւ ամէն գնով սփիւռքն ալ հայրենիքով հետաքրքրուած պահելը, որովհետեւ արցախեան պատերազմէն ետք, լաւ գիտենք, որ յուսախաբութեան մեծ ալիք կայ սփիւռքի մէջ, ինչ որ հասկնալի է, սակայն պէտք չէ թոյլ տալ, որ ասիկա վերածուի ամբողջական յուսահատութեան եւ կապերու խզումի:

Մեզի արգիլուած է յուսահատիլ: Դաշնակցութիւնը միշտ վարժ է շարունակաբար սոթտելու իր թեւերը եւ կրկին լծուելու ժողովուրդի ծառայութեան լուրջ աշխատանքին: Անգամ մը եւս պիտի շեփորենք այն չափազանց կարեւոր իրողութիւնը, թէ յանձնառու սփիւռքը խիստ կարեւոր է հզօր հայրենիքի կերտման համար:

«Ա.».- Խնդրեմ անդրադառնանք Արցախ տուած ձեր այցելութեան եւ ձեր տպաւորութիւններուն: Հայութիւնը 44-օրեայ պատերազմէն ետք մեծ յուսախաբութիւն ապրեցաւ, յանձնուողական յայտարարութիւնը մեծ հարուած էր մեր լաւատեսութեան, կորովին եւ Արցախի նկատմամբ բուռն կապուածութեան: Ի՞նչ է ձեր մօտեցումը, հաւանաբար յանձնարարականը այս առումով:

Յ. Տ. Խ.- Իմ այցելութեանս հիմնական նպատակը Արցախի ժողովուրդին եւ պետութեան հաւաստիացնելն էր, որ Դաշնակցութեան կիզակէտը է ու պիտի մնայ Արցախը` անոր իրաւունքները, անվտանգութիւնը, վերականգնումը, ինքնորոշման իրաւունքի շեշտաւորումը եւ կարգավիճակի ճշդումը: Մենք պիտի շարունակենք ամուր կանգնիլ Արցախի ժողովուրդին կողքին եւ երբեք չսակարկել մեր նուիրումը Արցախի դատին. առաւել` մեզի համար այս աղէտը պարզապէս ճակատամարտի մը պարտութիւն է, ժամանակաւոր նահանջ եւ ոչ թէ պատերազմի վերջնական կորուստ:

Առաջին հերթին մենք պարտինք վերականգնել Արցախը` աշխատելով վերացնել պատերազմի հետեւանքները եւ լուծել անօթեւան ընտանիքներու բնակարանային եւ առօրեայ կարիքներու խնդիրները: Ուրախ եմ ըսելու, որ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը` ուղեկից  միութիւններով արդէն անցած է գործի. թէ՛ ՀՄԸՄ-ը, թէ՛ Համազգայինը, թէ՛ ՀՕՄ-ը, եւ մանաւանդ ՀՕՄ-ը, արցախեան ծրագիրներ մշակած են, իրագործած են, եւ կը շարունակեն իրագործել` մանաւանդ պատերազմի նահատակներուն ընտանիքներուն եւ վիրաւորներուն առողջապահական եւ ընկերային-տնտեսական կարիքներուն հասնելով: Կը փափաքիմ նաեւ շեշտել Բիւրոյի Երիտասարդական կեդրոնական խորհուրդի եւ երիտասարդական-ուսանողական միութիւններու արցախեան նախաձեռնութիւնները երիտասարդութեան ներգրաւման եւ պատանիներու դաստիարակութեան ոլորտներուն մէջ: Մեր ծրագիրները, նախաձեռնուած թէ՛ Դաշնակցութեան եւ թէ՛ ուղեկից կառոյցներուն կողմէ, իրենց արդիւնքը սկսած են տալ, եւ Արցախի իշխանութիւնն ալ տարբեր առիթներով արձանագրած է իր երախտագիտութիւնը:

Վերջին այցելութեանս ընթացքին տեղի ունեցան նաեւ քաղաքական բազմաթիւ հանդիպումներ. Արցախի մօտիկ ապագայի թէ՛ քաղաքական, թէ՛ բարեսիրական, եւ թէ՛ տնտեսական  կարիքներու առաջնահերթութիւնները համադրելու համար յաջող հանդիպում մը կայացաւ Արցախի գործող եւ նախկին երկու նախագահներուն հետ: Հանդիպումներ կայացան նաեւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարին, անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարին եւ մեր գործընկեր կուսակցութիւններու ղեկավարութեանց հետ:

Քաղաքական կեանքը ալեկոծուած է Արցախի մէջ եւս. բնականաբար,  արձանագրուած մեծ աղէտին համար նոյնքան պատասխանատու է Արցախի իշխանութիւնը, որքան Հայաստանինը. նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանն ու իր գլխաւորած կառավարութիւնը մեզի համար անընդունելի իշխանութիւն են, որովհետեւ պատերազմին ընթացքին ապակողմնորոշեցին ժողովուրդը, սատարեցին մարտական դաշտի վրայ կազմակերպական քաոսային վիճակին եւ մեզ առաջնորդեցին այս նուաստացուցիչ պարտութեան: ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն արդէն իսկ պահանջած է նախագահ Յարութիւնեանի հրաժարականը: Բայց եւ այնպէս, զգուշաւորութեամբ կը մօտենանք Արցախին, որովհետեւ ան կը գտնուի շատ նուրբ կացութեան մէջ, շրջապատուած է թշնամիով, որ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ իր գրաւած հողերը ո՛չ միայն վերջնականապէս պահելու, այլ նաեւ անոր դիմագիծը խեղաթիւրելու եւ մշակութային ժառանգութիւնը ջնջելու: Այս կացութիւնը իսկապէս պատմական նոր աղէտի կրնայ առաջնորդել մեզ: Մենք ունինք աշխատանքի հսկայ ծիր: Նախ` առկայ է Արցախի կարգավիճակի խնդիրը. մենք կը շարունակենք Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի աշխատանքները մեր մարմիններուն եւ Հայ դատի յանձնախումբերու համաշխարհային ցանցին միջոցով: Կը մղենք, որ վերսկսին Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու հովանիին տակ կազմակերպուող բանակցութիւնները:

Արդ` ամփոփելով նշեմ, որ մեր սեղանին ունինք կարգավիճակի հետապնդման հարց, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի շեշտաւորման խնդիր, Հայաստանի հետ կապի ամրապնդման կարիք, Արցախի մէջ հայկական զինուած ուժերու ներկայութեան գերխնդիր եւ անշուշտ` Արցախի ընկերային-տնտեսական կարիքներու հասնելու անհրաժեշտութիւն:

Արցախ վերադարձած ժողովուրդին գոյատեւումը եւ զարգացումը գերխնդիրներ են նաեւ: Արցախ վերադարձած են պատկառելի թիւով հայրենակիցներ. անոր տարածքին մէջ շուրջ 115 հազար անձեր կը բնակին այսօր, որ ուրախալի երեւոյթ է, թէեւ ասոր զուգահեռ կայ նաեւ միւս իրողութիւնը, որ աւելի քան 50 հազար հայրենակիցներ տակաւին կը գտնուին Արցախէն դուրս` Հայաստանի Հանրապետութեան կամ այլ տեղ գաղթած: Արդ` մենք պէտք է ստեղծենք անհրաժեշտ պայմանները, որպէսզի վերադարձող արցախցին մնայ Արցախի մէջ… հազարաւոր տարիներ իր հողին վրայ գոյատեւելէ ետք, մենք պատմական պատասխանատուութիւն ունինք ամէն ինչ ընելու, որպէսզի արցախցին ո՛չ միայն կառչած մնայ իր պապենական հողին, այլ նաեւ Հայաստանի եւ սփիւռքահայութեան նեցուկով հաւաքաբար աճի ու շարունակաբար զարգանայ:

Համահայկական ցնցումի եւ սուգի փուլը փակուած է այլեւս, հիմա ժամանակն է գործնական պայքարի վերաշխուժացման:

«Ա.».- Լիբանան կը գտնուիք, բնականաբար ականջալուր էք, իսկ հիմա արդէն ականատեսն էք Լիբանանի տագնապալի վիճակին: Դաշնակցութիւնը իր աշխարհասփիւռ ընտանիքով զօրաշարժի ենթարկուեցաւ յատկապէս 4 օգոստոսի Պէյրութի պայթումէն ետք` հասնելու լիբանանահայութեան կարիքներուն: Ընդհանուր ակնարկով անդրադառնանք այս երեւոյթին, նաեւ խօսինք յառաջիկային առնչուող ձեր պատկերացումներուն մասին:

Յ. Տ. Խ.- Աւելի քան մէկուկէս տարիէ ի վեր տագնապներու դէմ յանդիման կը գտնուի լիբանանահայութիւնը, որ ազդուեցաւ ո՛չ միայն թագաժահրի` «Քովիտ-19»-ի համաշխարհային համաճարակէն, այլեւ երկու մեծ ցնցումներէ եւս` տնտեսական սուր տագնապ 2019-ի աշունէն սկսեալ եւ 4 օգոստոս 2020-ի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը: Ան ապրեցաւ նաեւ արցախեան պատերազմի արդիւնքի դառն ցասումը եւ ցնցումը:

Անցեալ այցելութեանս արդէն գոհունակութեամբ նկատած էի, որ պայթումի հետեւանքները վերացնելու եւ վերակառուցման աշխատանքները մեծ թափով առաջ կը տարուէին, եւ մեր համայնքը Լիբանանի մէջ առաջիններէն էր, որ ստացած օժանդակութիւնները անմիջապէս հասցուցած էր ժողովուրդին: Զոհուածներու ընտանիքներուն եւ վիրաւորներուն հասած էր օգնութիւն, կարօտեալներուն բաժնուած էր սննդամթերք, հայկական թաղամասերուն մէջ բազմաթիւ շէնքեր, բնակարաններ վերանորոգուած էին, վերանորոգուած էին նաեւ հայկական վարժարաններու շէնքերն ու կարգ մը հայ կեդրոնները: Սակայն այդ օրերուն համաճարակը դեռ աւերներ կը գործէր եւ շարունակեց գործել յաջորդ ամիսներուն եւս:

Այսօր մեղմացած է համաճարակի թափը, բայց վտանգը կը մնայ առկայ. իսկ քաղաքական եւ տնտեսական իրար ընդելուզուած տագնապը կը շարունակուի` մանաւանդ Լիբանանի դրամանիշի ահաւոր անկումով, ինչ որ իսկապէս մեծ դժուարութիւններ կը պատճառէ լիբանանեան առհասարակ եւ լիբանանահայութեան մասնաւորաբար:

Մենք լիբանանահայութեան համար համաշխարհային օժանդակութեան ծրագիր մշակեցինք 2020-ի յունուարէն սկսեալ եւ մեր ուղեկից կառոյցներուն, մանաւանդ ՀՕՄ-ին հետ, կազմակերպեցինք լայնածաւալ հանգանակութիւն: Հանգանակային յաւելեալ արշաւի ձեռնարկեցինք օգոստոսի պայթումէն ետք:

Մենք գործով ապացուցեցինք, որ միշտ լիբանանահայութեան կողքին ենք եւ պատրաստ ձեռք երկարելու` ամոքելու համար անոր վէրքերը: Ո՛չ միայն Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը զօրաշարժի ենթարկեց կուսակցութեան մեծ, աշխարհասփիւռ ընտանիքը, այլ նաեւ ուրախութեամբ ականատես եղանք, որ համահայկական բոլոր կառոյցները, հայրենի պետութիւնները եւ մեր կրօնական պետերը, անդրադառնալով լիբանանահայութեան ունեցած էական կարեւորութեան` իբրեւ դասական սփիւռքի գլխաւոր համայնք, անվարան տուին իրենց նեցուկը: Զօրաշարժը արդիւնաւէտ էր եւ բարւոք ազդեցութիւնն ալ` անմիջական:

Հոս կը փափաքիմ գնահատանքի խօսքս արձանագրել ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին տարած ջանքերուն եւ անոր ունեցած կեդրոնական դերակատարութեան` համախմբելու լիբանանահայ բոլոր ուժերը, որպէսզի մենք Լիբանանի մէջ ըլլանք առաջին համայնքը, որ լրջօրէն ձեռնարկեց վերականգնումի աշխատանքներուն: Գնահատելի էր նաեւ ԼՕԽ-ի տրամադրած ծառայութիւնները մանաւանդ բարեսիրական, ընկերային եւ առողջապահական ոլորտներուն մէջ:

Տարբեր առիթներով հաստատած եմ, որ չենք կրնար ստորագնահատել Լիբանանի դերը. լիբանանահայութիւնը, այո՛ տագնապահար, այո՛ իր թիւէն կարեւոր տոկոս մը կորսնցուցած, սակայն կը մնայ պինդ ու կը պահէ այն կեդրոնական դերակատարութիւնը, զոր ունի ինք ո՛չ միայն սփիւռքեան, այլ նաեւ համահայկական առումով: Այս իրողութենէն մեկնած պէտք է շարունակաբար գուրգուրալ, պահպանել, քաջալերել, որպէսզի լիբանանահայութիւնը մնայ այդ դերակատարութեան մէջ, եւ աւելի՛ն` ընդարձակէ ու զարգացնէ այդ ծիրը, որովհետեւ լիբանանահայութեան նման կենսունակ գաղութ մը էական անհրաժեշտութիւն է սփիւռքի, յատկապէս դասական սփիւռքին համար: Առ այդ, մենք ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսզի կենսունակութիւնը բազմապատկուած վերադառնայ գաղութին:  ՀՅԴ Բիւրոն ունի լիբանանահայութեան վերաբերող տարբեր ծրագիրներ, որոնք Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ յարակից միութիւններուն հետ գործակցաբար պիտի իրականացնենք անմիջական ապագային:

«Ա.».- Ձեր սրտի խօսքը` լիբանանահայութեան, որ, հակառակ ծանր տագնապներու եւ կացութիւններու, կը փորձէ գոյատեւել:

Յ. Տ. Խ.- Լիբանանահայութեան կոչ կ՛ուղղեմ, որ մնայ տոկուն, պինդ, յուսալի, ինչպէս իւրայատուկ է հայութեան առհասարակ եւ լիբանանահայութեան մասնաւորապէս:

Լիբանանահայութիւնը վերջին 45 եւ աւելի տարիներուն ենթարկուեցաւ այլազան փորձութիւններու, որոնք առհասարակ յաղթահարեց ժամանակի ընթացքին: Այս տագնապահար ժամանակաշրջանն ալ կ՛անցնի. ինչպէս միշտ` հայկական վճռականութեամբ միշտ կարողացած ենք իյնալէ ետք ոտքի կանգնիլ, ստեղծագործել, զարգանալ եւ զարգացնել մեր շրջապատը: Վստահ եմ, որ լիբանանահայութիւնը կը վերագտնէ իր կենսունակութիւնը: Արդէն իսկ նկատելի է, որ պայթումի եւ համաճարակի հետեւանքները սկսած են մեղմանալ: Կը յուսամ, որ տնտեսական տագնապն ալ կը փարատի յառաջիկայ ամիսներուն, եւ այս բոլորը կը դառնան պարզապէս տխուր յիշողութիւն:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.