«Ուժեղ Հայաստան»-ի երեք թեկնածուները չընտրուեցան․ Լիլիթ Գալստեան ընտրուեցաւ յանձնաժողովի նախագահ

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ աւարտած է 12 մշտական յանձնաժողովներու նախագահներու թեկնածուներու փակ, գաղտնի քուէարկութիւնը։

Ընդդիմադիր «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան առաջադրած երեք թեկնածուները չեն ընտրուած։ Ֆինանսական եւ պիւտճէական հարցերու յանձնաժողովի նախագահի թեկնածու Հայկ Ֆարմանեան ստացած է 40 կողմ եւ 61 դէմ ձայն, Եւրոպական համարկման հարցերու յանձնաժողովի նախագահի թեկնածու Արեգա Յովսէփեան՝ 40 կողմ եւ 62 դէմ, իսկ Տարածքային կառավարման, տեղական ինքնակառավարման, գիւղատնտեսութեան եւ շրջակայ միջավայրի պահպանութեան հարցերու յանձնաժողովի նախագահի թեկնածու Դաւիթ Ղազինեան՝ 40 կողմ եւ 62 դէմ ձայն։

«Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Նարեկ Կարապետեան յայտարարած է, որ խմբակցութիւնը պիտի շարունակէ առանձին-առանձին առաջադրել իր թեկնածուները՝ ամբողջութեամբ օգտագործելով խորհրդարանական ելոյթներու եւ հարցումներու հնարաւորութիւնները։

Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ի թեկնածուները ընտրուած են իրենց համապատասխան յանձնաժողովներու նախագահներու պաշտօններուն։ Միաժամանակ, «Հայաստան» խմբակցութեան թեկնածու Լիլիթ Գալստեան 54 կողմ եւ 47 դէմ ձայներով ընտրուած է Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ։