ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵՆԷՆ՝ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴ. Արցախի տարուան մասին Արամ Ա. Վեհափառի Հայրապետական հռչակագիրը

Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ներկայ տարին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հայրապետական յատուկ հռչակագրով հռչակեց «ԱՐՑԱԽԻ ՏԱՐԻ»։

Արդարեւ, Կիրակի, 10 Յունուար 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, ընթերցուեցաւ Հայրապետական հռչակագիրը՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի կողմէ։

Ստորեւ կը ներկայացնենք Հայրապետական հռչակագիրը ամբողջութեամբ.-

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան

Թեմակալ Առաջնորդներուն,

հոգեւոր դասուն,

Ազգային Իշխանութեանց, եւ

մեր ժողովուրդի զաւակներուն

2021 տարուան սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսու­թեան Անթիլիասի մայրավանքէն քրիստոնէական սիրով ու հայ­րապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք Ազգ. Ընդհանուր Ժողո­վը, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղա­քական ժողովները, Միաբանութիւնը, Թեմակալ Առաջնորդները ու Ազգ. Իշխանութիւնները, ինչպէս նաեւ մեր կեանքէն ներս գոր­ծող բոլոր միութիւնները, կազմակերպութիւնները եւ կրթա­կան, մշա­կութային ու բարեսիրական կառոյցները։ Հայրա­կան ջերմ սիրով կ’ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակ­ները։ Կ’աղօ­թենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ բացուող Նոր Տարին լեցուի առող­ջութեամբ, յաջողութեամբ եւ երջանկու­թեամբ մեր անհա­տական, ընտանեկան եւ ազգային կեանքին մէջ։

* * *

2020 թուականը հռչակած էինք «Յատուկ Խնամքի Կարօտ Հայորդիներու Տարի»։ Այս ուղղութեամբ Մենք յաջորդական այցելութիւններ տուինք Թռչնոց Բոյն, Ազգ. Ծերանոց, Ազգ. Բու­ժա­րան, Զուարթնոց Կեդրոն, բարեսիրական, մարդասիրա­կան ու ընկերա-բժշկական կեդրոններ, եւ Մեր հայրական գուրգու­րանքն ու աջակցութիւնը յայտնեցինք, միաժամանակ Մեր գնա­հատանքը՝ բոլոր այն ազգայիններուն, որոնք օգտակար կը հան­դիսանան յիշեալ կառոյցներուն մէջ պատսպարուած եւ յատուկ խնամքի ու հոգածութեան կարօտ մեր զաւակներուն։ Նոյն թե­լադրութիւնը կատարեցինք մեր Թեմակալ Առաջնորդներուն ու Ազգ. Իշխանութեանց։ Սակայն, տարուան ընթացքին մեր կեան­քէն ներս յառաջացած յաջորդական տագնապները առիթ չտրուին, որ կարենայինք այս ուղղութեամբ աւելի կազմա­կերպ ու հետեւողական կերպով ծրագիրներ մշակել ու աշխա­տանք տա­նիլ։ Այդուհանդերձ, Մեր մտահոգութիւնը ու յանձնառու­թիւնը կը մնան նո՛յնը։

Արդարեւ, անցնող տարին, 2020 թուականը, ընդհանրապէս մարդկութեան եւ յատկապէս մեր ժողովուրդին համար բազմա­թիւ ու բազմազան տագնապներով լեցուն տարի մը եղաւ։ Առա­ջին հերթին քորոնա ժահրին ստեղծած վտանգալից կացութիւնը իր խոր ազդեցութիւնը ունեցաւ ընկերութեան կեանքի բոլոր մարզերէն ներս։ Ահաւոր ցնցումի ենթարկուեցաւ համայն մարդ­կութիւնը. ողջ երկրագունդի տարածքին համաճարակը պատ­ճառ դարձաւ բազմաթիւ վարակումներու ու մահերու, ինչպէս նաեւ՝ տնտեսա­կան տագնապի։ Համաճարակը տա­կաւին կը շա­րունակուի նոյն թափով, հակառակ որդեգրուած նախազգուշա­կան միջոցներուն եւ բժշկագիտական բնագաւառէն ներս կա­տարուած պատուաստի գիւտին։ Բնականաբար, հայ կեանքը եւս Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ կրեց համա­ճարակին ծանր հետեւանքները։

2020 թուականը համաճարակին առընթեր, Լիբանանի հայու­թեան համար ա՛յլապէս եղաւ տագնապալից։ Արդարեւ, երկրէն ներս յառաջացած տնտեսական դժուարութիւնները հետզհետէ խորանալով ստեղծեցին նիւթական լուրջ մտահոգութիւններ մեր ընտանիքներուն ու կառոյցներուն համար։ Եւ աւելի՛ն՝ Օգոս­տո­սի 4-ին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած ահաւոր պայ­­թու­մը պատճառ դարձաւ նաեւ հայ զոհերու, վիրաւորներու ու բազ­մաթիւ քանդումներու։ Թէ՛ Կաթողիկոսարանը եւ թէ Առաջ­­­նոր­դարանը ու մեր բոլոր կազմակերպութիւնները իրենց գերա­գոյնը կատարեցին օգտակար հանդիսանալու կարիքաւոր ըն­տա­նիքներուն, վերաշինելու քանդուած տուները եւ Լիբանանի հա­յու­թիւնը առաջնորդելու դէպի վերականգնում։ Այս ուղղու­թեամբ Հայաստանի պետութեան, Ամենայն Հայոց Կաթողիկո­սու­թեան, Երուսաղէմի ու Պոլսոյ հայոց Պատրիարքութեանց, մեր թեմե­րուն ու գաղութներուն, եւ անհատ ազգայիններուն նիւթա­բա­­րոյական զօրակցութիւնը կարեւոր նեցուկ հանդիսա­ցաւ Լի­բա­­նանի հայութեան վերականգնումին։ Օժանդակութիւնները հանգրուա­նային կերպով կը շարունակուին՝ Մեր հովանաւորու­թեամբ եւ երեք համայնքներուն, կուսակցութիւններուն ու բա­րե­սիրական միութիւններուն մասնակցութեամբ կազմուած յանձ­նախումբին հսկողութեամբ։

2020 տարուան Սեպտեմբեր 27-էն սկսեալ հայ ժողովուրդը կ’ապրի վե­րոյիշ­եալ տագնապները գերազանցող այլ ահաւոր տագնապ մը՝ ազերիական ու թրքական միացեալ բանակներու յարձակումը Արցախի վրայ։ Արդարեւ, Արցախի պատերազմին յառաջացու­ցած ցնցումը իր բոլոր երեսներով ու հետեւանքներով, աննախա­դէպ էր վերջին դարու մեր ժողո­վուրդի պատմութեան մէջ։ Տաս­նամեակներ շարունակ, աղօթե­ցինք ու պատգամեցինք, գրեցինք ու երգեցինք եւ մանաւանդ՝ հաւատացինք, թէ Արցախը մե՛րն է եւ թէ՝ «յաղթելու ենք» մեզի պարտադրուած այս պատե­րազմը։ Սա­կայն փաստօրէն հակա­ռակը պատահեցաւ։ Արցախին մեծ մասը գրաւուեցաւ ազերինե­րուն կողմէ, ունեցանք բազմա­հարիւր զո­հեր ու վիրաւորներ, քանդուեցան վանքեր ու տուներ եւ մեծ թիւով ընտա­նիքներ դարձան գաղ­թական։ Պատերազմին ծանր վնաս­ները կը շարունակեն կրել Արցախի թէ Հայաս­տա­նի մեր զաւակները։

Արդ, նկատի ունենալով մեր ժողովուրդին ամուր կապուա­ծութիւնը Արցախին, անոր ինքնիշխանութեան ու անկախու-թեան իրաւունքին, եւ Արցախը մեր մտահոգութիւններուն ու աշխա­տանքներուն կիզակէտը դարձնելու սպասումէն մղուած, 2021 տարին կը հռչակենք

ԱՐՑԱԽԻ ՏԱՐԻ

Վստահ ենք, որ մեր ժողովուրդի զաւակները առաւել կամ նուազ չափով ծանօթութիւններ ունին Արցախի մասին. ոմանք այցելած են Արցախ, եւ ուրիշներ նո՛յնիսկ՝ հոն բնակութիւն հաստա­տած։ Սակայն, այս առիթով անհրաժեշտ կը նկատենք նախ Արցախի աշխարհագրութեան ու պատմութեան մասին կարգ մը հիմնական տեղեկութիւններ փոխանցել պատմական Հայաստանի այս կարեւոր շրջա­նին մա­սին, եւ ապա կ’ուզենք կարգ մը ընդ­գծումներ ու թելադրութիւններ կատարել։

* *  *

ԱՐՑԱԽԸ ԵՐԷԿ ԵՒ ԱՅՍՕՐ

Հայոց աշխարհի արեւելեան կողմը գտնուող Արցախը, իր բարձրաբերձ եւ անառիկ լեռներով, անդնդախոր կիրճերով, խոր ձորերով, խիտ անտառներով եւ լայն սարահարթերով, պատմու­թեան ընթացքին եղած է հայկական ինքնութեան պաշտպանու­թեան միջնաբերդը եւ օտար նուաճողներու ու բռնակալութեանց դէմ շղթայազերծուած ազգային ազատագրական պայքարներուն յառաջապահը։

Պատմական Հայաստանի տասնըհինգ նահանգներէն մէկը հան­դիսացող Արցախի սահմաններն են՝ արեւելքէն եւ հիւսիս-արե­ւելքէն՝ Ուտիք, արեւմուտքէն եւ հարաւ-արեւմուտքէն՝ Սիւ­նիք, հարաւէն՝ Արաքս գետ։ Արցախ բաժնուած է տասնըհինգ գաւառներու։ Գլխաւոր քաղաքներն են.- Շուշին, Հադրութը, Մար­­­տունին, Ստեփանա­կերտը, Ասկե­րանը, Մարտակերտը, Թա­­­լիշը, Առաջաձորը եւ Վանքը։

Արցախի գրեթէ բոլոր գետերը կը բխին արեւմտեան եւ հարաւ-արեւմտեան բարձրաբերձ լեռներէն եւ ձորերէն ու հո­վիտ­­ներէն գահավիժելով կը հոսին դէպի արեւելք ու հարաւ-արեւելք։ Արցախը ունի նաեւ հանքային պաղ եւ տաք ջուրեր ու աղբիւրներ։ Անոր տարածութեան մօտաւորապէս կէսը ծած­կը­ւած է բազմազան ու այլազան ծառերու ու բոյսերու թանձրա­խիտ անտառներով, որոնք հարուստ են պտղատու ու վայրի ծառատե­սակներով։ Արցախ հարուստ է նաեւ բազմատեսակ կենդանի­ներով, ինչպէս նաեւ հանքերով, որոնց շարքին՝ պղին­ձի, կա­պարի, ոսկիի, երկաթի, ծծումբի, մարմարի, կրաքարի, տուֆի, աւազի, կաւի հանքավայրեր։ Արցախի կլիման ընդհան­րապէս չոր է. ձմեռը՝ ցուրտ եւ ձիւնառատ, գարունը՝ հաճելի, ամառը՝ արեւոտ, իսկ աշունը՝ բարեխառն։

Արցախի հողը բարեբեր է։ Շնորհիւ իր հարուստ արօտավայ­րերուն, Արցախ անասնապահութեան լայն հնարաւորութիւններ ունի։ Զարգացած է յատկապէս մեղուաբուծութիւնը։ Արցախի բարբառը, իր կարգին, ենթաբաժանումներ ունի, եւ տարբեր շրջաններ ու գիւղեր ունին իրենց յատուկ խօսելաձեւեր։ Ար­ցախ­ցիք հինէն ի վեր ծանօթ եղած են իբրեւ վարպետ գորգա­գործներ։

Հայոց պատմութեան հնագոյն ժամանակներէն սկսեալ, Ար­ցախ մաս կազմած է հայկական պետականութեան։ Յոյն պատ­մագիր եւ աշխարհագիր Ստրաբոն Մեծ Հայքի կազմէն ներս կը յիշէ Արցախ նահանգը։ Տիգրան Մեծ արքայից արքան Արցախի մէջ կառուցած է իր անունով՝ Տիգրանակերտ քաղաքը։ Հայաս­տանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակումէն ետք, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի թոռը Սուրբ Գրիգորիս, Կեսարիոյ մէջ եպիսկոպոս ձեռնադրուելէն ետք, դարձաւ Արցախի եւ Աղուան­քի առաջին եպիսկոպոսը, եւ հիմնեց Ամարասի վանքը։

Արցախի մէջ շրջան մը հաստատուեցաւ Աղուանից Կաթո­ղիկոսութիւնը, որուն առաջին Կաթողիկոսը եղաւ Արցախցի Աբաս Եպիսկոպոսը։ Յիշեալ Կաթողիկոսութիւնը ԺԴ. դարուն տեղափոխուելով Գանձասարի վանքը կոչուեցաւ Գանձասարի Կաթողիկոսութիւն եւ ապա, 1815-ին վերածուեցաւ թեմի։ Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին դարձաւ առաջնոր­դանիստ։ Արցախ ունէր բազմաթիւ վանքեր, որոնք դարձան նաեւ մշակոյթի ու կրթութեան ճառագայթող կեդրոններ, Գանձասարի վանքը մշակոյթի կողքին շրջան մը դարձաւ նաեւ ազատագրա­կան պայքարի կեդրոն։ Արցախ հարուստ էր եկեղեցիներով ու սրբավայրերով։ Պատմութեան ընթացքին Արցախ մեր ժողովուր­դին տուած էր բազմաթիւ հոգեւոր, կրթական, հասարակական ու քաղաքա­կան դէմքեր, որոնց կարգին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ան­թիլիա­սա­կան շրջանի Հայրապետներէն երջանկայիշատակ Գա­րե­գին Ա. Յովսէփեան Կաթողիկոս։

Արցախը երկար ժամանակ պահպանեց իր քաղաքական ինքնուրոյն գոյա­վիճակը եւ ինքնիշխանութիւնը՝ նոյնիսկ Հայաս­տանի վրայ արա­բական տիրապետութեան շրջանին։ ԺԱ.-ԺԲ. դարերուն ան ենթարկուեցաւ թուրք-մոնկոլական եւ թուրքմէնա­կան թափա­ռաշրջիկ ցեղերու յաճախակի ներխուժումներուն։ Իսկ ԺԴ. դա­րէն սկսեալ, երբ այլեւս փոխուած էր հայոց աշխար­հին ազգագ­րա­կան պատկերը եւ թուրք ցեղերը տիրական ներ­կայութիւն սկսած էին դառնալ, Արցախի փոխարէն սկսաւ գոր­ծածուիլ Ղարաբաղ անունը։ ԺԷ. դարու վերջաւորութեան, պարս­կական եւ թրքական տիրապետութեանց դէմ պայքարելու հա­մար, Ղարաբաղի մէջ կազմաւորուեցան հինգ իշխանութիւններ, որոնք պատմութեան մէջ ծանօթ են Խամսայի մելիքութիւններ անու­նով։

Խորհրդային իշխանութեան հաստատումէն ետք, Արցախ բռնագրաւուեցաւ Ազրպէյճանի կողմէ, եւ 1923-ին Սովետական Միութեան միջամտութեամբ կազմաւորուեցաւ Լեռնային Ղարա­բաղի Ինքնավար Մարզը։ Արցախի ազատագրական շարժումը սկսաւ 1988-ին Սովետական Միութեան փլուզման սկիզբը եւ 1991-ին հռչակուեցաւ Արցախի Հանրապետութիւնը, իսկ Շուշին ազատագրուեցաւ 9 Մայիս 1992-ին։ Շուշիի ազատագրումը խոր­հըրդանիշ դարձաւ Արցախի ազգային վերածնունդին։

Այսօր, Արցախի տարածութեան մեծ մասը գրաւուած է Ազըր­պէյ­ճանի կողմէ։ Արցախ իր դարաւոր պատմութեան ընթաց­քին նման հարուածներու ենթարկուած է, սակայն միշտ տոկա­ցած է ու վերապրած է։ Հայու ոգիին անյարիր է պարտուողա­կան հո­գեվիճակը. անոր ապաւէնը հաւատքն է ու յոյսը։ Արցախի ստա­ցած հարուածին հետեւանքով ցնցում ապրած հայ ժողո­վուրդի յաղթանակի միակ ճանապարհը հաւատքով շաղախուած յանձ­նառու պայքարն է՝ ի խնդիր իր իրաւունքներուն վերատի­րա­նաց­ման։

* *  *

ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵՆԷՆ՝ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴ

Ինչպէս յիշեցինք, Սովետական Միութեան փլուզման առա­ջին օրերուն, շնորհիւ մեր հերոս զաւակներուն, Արցախի անկա­խու­թիւնը հռչակուեցաւ, ինչպէս նաեւ նոր տարածքներ ազա­տագ­րուեցան, Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը պահ­պա­նելու հեռանկարով։ Ստեղծուած այս նոր իրավիճակը ընդու­նելի չեղաւ Ազրպէյճանին համար։ Արցախը եւ գրաւեալ հո­ղերը վերագրաւելու Ազրպէյճանի ճիգերը ի դերեւ ելան եւ 1994-ին զինադադար մը հաստատուեցաւ Հայաստանի եւ Ազրպէյ­ճանի միջեւ։ Զինադադարին յաջորդեցին քաղաքական բանակ­ցութիւն­ները՝ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի համանա­խագահութեամբ Մինսկի խմբակի հովանաւորութեան ներքեւ. բանակցութիւնները տեւեցին շուրջ 15 տարի։ Հա­յաս­տանի սկըզ­բուն­քային մօտեցումը միշտ մնաց նոյնը՝ թէ Ար­ցախի Հանրա­պե­տութիւնը որպէս կողմ մասնակից պէտք է դառնայ բա­նակցու­թեան, ազատագրեալ հողերու վերադարձը եւ Արցա­խի գո­յա­վիճակին ճշդումը պէտք է կատարուի զուգահեռ, որպէս ան­բա­ժանելի ամբողջութիւն, եւ Արցախի ժողովուրդը պէտք է վե­րա­հաստատէ իր ինքնիշխանութեան իրաւունքը։ Ազրպէյ­ճա­նի մօ­տեցումը միշտ եղաւ՝ գրաւեալ հողերու վերա­դարձ, եւ թէ՝ Ար­ցա­խը Ազրպէյճանի հողային ամբողջականու­թեան մաս կը կազ­մէ, եւ անոր ինքնավարութեան հարցը կարելի է հետա­գային քննել։

Բանակցութիւնները փաստօրէն չկրցան յիշեալ հակադիր մօտեցում­ներու միջեւ համաձայնութեան հասարակաց եզրեր գտնել, Ազրպէյճանը զանազան առիթներով փորձեց զէնքի ուժով իր պահանջը պարտադրել, յատկապէս 2016 Ապրիլի չորսօրեայ պատերազմին։ Հայաստանի ու Արցախի անզիջող կեցուածքին դիմաց, Ազրպէյճանը զինուորական համաձայնութիւն մը կնքե­լով Թուրքիոյ հետ, նաեւ իր շարքերէն ներս ներառելով Սուր­իայէն եւ այլ երկիրներէ փոխադրուած ահաբեկիչներ, Սեպ­տեմ­բեր 27-ին անակնկալ կերպով յարձա­կում գործեց Արցախի բոլոր ճակատներուն վրայ։ Արդիական ու կատարելագործուած զէնքե­րով օժտուած ազերի ու թուրք բանակը ոչ միայն օդի ու ցամաքի ճամբով ահաւոր ռմբակոծումի ենթարկեց հայոց բանակի կեդ­րոն­ները, այլ նաեւ՝ Ստեփանա­կերտէն սկսեալ Արցախի բոլոր քաղաքներն ու գիւղերը, պատ­ճառելով մարդկային ու նիւթական բազմաթիւ զոհեր ու ահաւոր քանդումներ։ Պատերազմը տեւեց 44 օր. հայոց բանակը քաջօրէն դիմադրեց ազրպէյճանական ու թրքա­կան հսկայ բանակին։

Նկատի ունենալով պատերազմին յառաջացուցած ծանր քան­դումները եւ շրջանէն ներս աշխարհաքաղաքական հետեւանք­ները, Միացեալ Նահանգ­ներ, Ռուսիա եւ Ֆրանսա բազմիցս զի­նադադարի կոչ ուղղեցին. սակայն, Ազրպէյճանը չյարգեց նոյն­իսկ իր կողմէ ստորագրուած համաձայնագիրը։ Ապա, Ռուսիոյ նախաձեռնութեամբ ու հովա­նաւորութեամբ համաձայնագիր մը ստորագրուեցաւ Հայաստա­նի, Ազրպէյճանի ու Ռուսիոյ միջեւ։ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռ­քի պետական թէ քաղաքական պատասխանա­տու­ները եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդը յիշ­եալ համաձայնա­գրին նկատ­մամբ լուրջ վերապահութիւն ունին, նկատի ունենա­լով անոր կարգ մը երկդիմի ու անորոշ կէտերը, որոնք կրնան վնասաբեր դառնալ Հայաստանի անվտանգութեան ու անկախո­ւթեան։

Մեկնելով ներկայ իրավիճակէն, պիտի ուզենք կարգ մը կարե­ւոր ընդ­գծումներ ու յիշեցումներ կատարել.-

1) Ինչպէս ըսինք, ներկայ համաձայնագիրը կը կարօտի լուրջ վերանայման, որովհետեւ զինադադարի ծիրէն անդին՝ հոն ներառ­ուած են այնպիսի կէտեր, որոնք կրնան վտանգել Հայաս­տանի պետականութեան հիմքերը ու հողային ամբողջակա­նութիւնը։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է որ Հայաստանի իշխա­նու­թիւնը հետամուտ ըլլայ համաձայնագրին թէ՛ անթերի գործադ­րու­թեան եւ թէ լուրջ բարեփոխութեան՝ միաժամանակ ցուցաբե­րե­լով աւելի մարտունակ դիւանագիտութիւն եւ աչալուրջ կեր­պով հետեւելով Մինսկի խմբակի բանակցութիւններուն։

2) Պատերազմի ժամանակ Արցախէն մեծ թիւով ընտանիքներ ապաստան գտան Հայաստանի մէջ։ Զինադադարի հաստատու­մէն յետոյ, անհրաժեշտ է որ անոնք վերադառնան Արցախ եւ վե­րականգնեն իրենց տուները ու գործատեղիները՝ պետութեան անմիջական օժանդակութեամբ։ Արցախի ժողովուրդին ֆիզիքա­կան ներկայութիւնը ու թուային աճը կենսական կարեւորութիւն ունին թէ՛ անվտանգութեան եւ թէ քաղաքական իմաստով։

3) Անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի իշխանութիւնը հետեւողա­կան կերպով շարունակէ գերիներու վերադարձին եւ կորսուած­ներուն փնտռտուքի ճիգը, ինչպէս նաեւ վիրաւորներու յատուկ խնամք տանելու եւ զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն հա­տուցում կատարելու աշխատանքները։

4) Անհրաժեշտ է, որ Արցախի կրօնամշակութային վայրերու անվթար պահ­պանումը յատուկ կերպով հետապնդուի Հա­յաս­­տանի ու Ազրպէյճանի միջեւ կնքուած համաձայնագրին գոր­ծադ­րութեան ծիրէն ներս, ինչպէս նաեւ երաշխաւորուի Մինսկի խըմ­բա­կի եւ Իւնեսքոյի կողմէ։

5) Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը պէտք է դառնայ առաջնահերթ։ Այս ուղղութեամբ ծրագրուած աշխատանք պէտք է կատարուի թէ՛ Հայաստանի, թէ Արցախի եւ թէ Սփիւռքի պետական թէ քաղաքական կառոյցներուն ու պա­տասխանատուներուն կողմէ։

6) Արցախի վերականգնումը՝ իր հողային, տնտեսական, պե­տական, քաղաքական եւ այլ երեսներով կը կարօտի համա­հայ­կական ծրագրումի, մասնակցութեան ու յանձնառութեան։ Հսկայ մարտահրաւէրի դիմաց կը գտնուի մեր ազգը։ Սովո­րական ծրա­գիրներով ու ընթացիկ աշխատանքներով կարելի չէ Արցախը վերականգնել։ Հետեւաբար, համազգային ներդրումը ու ներուժը ի սպաս Արցախի վերածաղկման՝ աւելի քան հրամայական են։ Այս շրջագծէն ներս առանցքային կը նկատենք Սփիւռքին դերը։

7) Վերջապէս, չմոռնանք որ Կովկասէն ներս ստեղծուած են աշխարհաքաղաքական նոր պայմաններ, որոնք նպաստաւոր չեն Հայաստանի ու Արցախի համար։ Այս կացութեան դիմաց, ան­հրաժեշտ է նոր ռազմավարութիւն ու մարտավարութիւն մշակել, ըլլալ զգօն, իրատես ու միակամ՝ հեռու մնալով ներքին ցնցում­­ներ յառաջացնող քայլերէ։

Մեր կատարած յիշեցումներուն ու առաջադրանքներուն լոյ­սին տակ կ’ուզենք կարեւորութեամբ շեշտել, թէ բոլոր պայման­ներուն մէջ՝

ա) Արցախի ժողովուրդին ինքնո­րոշման իրաւունքը պէտք է մնայ անսակարկելի։

բ) Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը պէտք է դառնայ առաջնահերթութիւն։

գ) Արցախ ժողովուրդին թուային աճը ու տնտեսութեան զար­գացումը պէտք է առանցքային տեղ գրաւեն համահայկա­կան օրակարգին վրայ։

* *  *

Այս մտածումներէն ու սպասումներէն մեկնելով, հայրական կոչ կ’ուղ­ղենք մեր թեմերուն.-

Առաջին, 2021 տարուան ընթացքին դասախօսութիւններու, հրատարակութիւններու ու զանազան նախաձեռնութիւններու ճամբով մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ արծարծ պահել Արցախը վերականգնելու մեր հաւաքական կամքը ու յանձնառութիւնը։

Երկրորդ, յատուկ ձեռ­նարկներու ու մրցանքներու ճամբով, յատկապէս մեր նոր սերունդին մօտ Արցախը դարձնել կենդանի ներկայութիւն՝ իր անցեալով, ներկայով ու մանաւանդ ապագայի տեսլականով։

Երրորդ, մեր անմիջական շրջապատին եւ մասնաւորաբար միջազգային կառոյցներուն ու շրջանակներուն հետ մեր ունեցած յարաբերութեանց ճամբով շեշտել Արցախի ժողովուրդին ինքնո­րոշ­ման իրաւունքին հրամայականը։

Չորրորդ, աշխատանք տանիլ, որ մեր ունեւոր ազգայիննե­րուն, գործա­տէրերուն եւ օտարներուն կողմէ նիւթական աջակ­ցութիւն կա­տար­ուի Արցախի զանազան ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ՝ տնտե­սական ներդրում։

Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս կորսնցուցինք Արցախին պարտադրուած այս պատերազմը։ Այս գծով զանազան մեկնաբանութիւններ կը կատարուին ու բնականաբար պիտի կատարուին։ Անհրաժեշտ է, որ այս գծով համապարփակ ու առարկայական հաշուետուու­թիւն կա­տար­ուի մեր ժողովուրդին Հայաստանի ու Արցախի իշ­խա­նու­թեանց կողմէ։ Մենք մեր յոյսը պէտք չէ կորսնցնենք, մեր կամքը պէտք չէ տկարացնենք։ Պատերազմի դաշտին վրայ պար­տուեցանք, սակայն մեր ազգն ու հայրենիքը չպարտուեցան եւ երբեք պիտի չպարտուին։ Յիշենք Վարդա­նանց պատերազմը.  յիշենք նաեւ հայոց ցեղասպանութիւնը եւ մեր ժողովուրդին վե­րապ­րելու կամքը։ Վերանորոգ հաւատքով ու վճռակամու­թեամբ մեր ժողովուրդը պիտի շարունակէ իր պայքարը։ Ազրպէյճանը ու Թուրքիան պէտք է քաջ գիտնան, թէ Արցախը հայ ազգի կեան­քին անբաժանելի մասը կը կազմէ, թէ՝ Արցախի մեր ժողովուրդը իրա­­­­ւունք ունի իր անկախութիւնը վերահաստա­տելու, եւ թէ՝ Ար­ցախը կը մնայ ողջ հայութեան զօրակցութեան կիզակէտը։

Եկէք, սիրելի՛ հայորդիներ, ջերմօրէն ողջունենք հայոց քաջ բանակը, աղօթենք մեր նահատակ զինուորներու հոգիներուն հա­մար եւ մեր գերիներու ու կորսուածներու շուտափոյթ վերա­դար­ձին համար։ Գործնապէս զօրակցինք մեր վիրաւորներուն եւ սգաւոր ու կարիքաւոր ընտանիքներուն։ Աղօթենք Հայաս­­տանի ու Արցախի անվտանգութեան ու մեր ժողովուրդի բարօ­րութեան համար։ Թող մեր բոլորին Արարիչը ու Տէրը պահա­պան ըլլայ մեր ազգին ու հայրենիքին։

Հայրական ջերմ սիրով,

­Աղօ­թա­րար՝

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿՈՍ

ՄԵ­ԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻ­ԼԻԿ­ԻՈՅ

 

1 Յունուար, 2021

Ան­թիլ­ի­աս, Լի­բա­նան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.