Ո՞վ է ձեզ իրաւունք տուել հայ ժողովրդին սեւ ու սպիտակի բաժանելու. Արսէն Համբարձումեան
3 Դեկտեմբեր 2018-ին Արմաւիր քաղաքի թիւ 1 մշակութային տան յարակից հրապարակին մէջ ՀՅԴ-ն կազմակերպած էր հանրաւաք մը:
ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանի խօսքով` յառաջիկային կայանալիք Ազգային ժողովի ընտրութիւնները իրապէս կարեւոր են Հայաստանի զարգացման հեռանկարին առումով: Անոնք կարեւոր ընտրութիւններ են, քանի որ, ըստ իրեն, մենք գտնուինք կարեւոր ճամբաբաժանի դիմաց:
Համբարձումեան նշեց, որ մեծ յոյս մը արթնցած է ժողովուրդին մօտ, եւ ժողովուրդը միահամուռ կերպով արդէն իսկ մերժած է կոռուպցիան, թալանը, ամբարտաւան կեցուածքը, այն բոլոր երեւոյթները, որոնց դէմ տարիներով պայքար մղուած է: Այսօր, ըստ իրեն, բեկումնային փոփոխութիւններ կատարելու մեծ յոյս կայ, սակայն, միաժամանակ, կայ նաեւ անորոշութիւն:
«Յստակ չէ, թէ ի՛նչ ծրագրերով, քատրերով ու ի՛նչ քաղաքականութեամբ է դա հնարաւոր իրականացնել: Միտումնաւոր կերպով փորձ է արւում շրջանցել այս կարեւորագոյն հարցերը եւ քարոզարշաւը մղել սեւ-սպիտակի դաշտ: Ինչքա՞ն կարելի է տառապել քաղաքական դալտոնիզմով: Ո՞վ է ձեզ իրաւունք տուել հայ ժողովրդին սեւ ու սպիտակի բաժանելու: Մեզ մօտ համոզմունք է ձեւաւորուել, որ, ինչպէս Երեւանի աւագանու ընտրութիւնների ժամանակ էր, քաղաքական պայքարը միտումնաւոր է տարւում սեւ ու սպիտակի դաշտ, բովանդակազրկւում է քարոզարշաւը, քանի որ օրակարգում գտնուող հիմնական հարցերը յստակ պատասխան չունեն», ըսաւ Համբարձումեան:
Ան նշեց նաեւ, որ անցեալի էջը մէկընդմիշտ փակելու ու նոր փաթեթաւորմամբ անցեալին վերադարձը բացառելու համար նախ անհրաժեշտ է հրաժարիլ չարիքի արմատներէն: Ըստ Համբարձումեանի` խօսքը քաղաքական մենիշխանութեան եւ ազգային ներուժի պառակտման մասին է: «Ցանկացած մենիշխանութեան պէտք է ասել վճռական ոչ: Յստակ պէտք է արձանագրել, որ ազգային ներուժի պառակտման ցանկացած փորձ պէտք է մերժուի: Սակայն, միայն այս պատճառները վերացնելով, հնարաւոր չէ առաջընթաց ունենալ, շատ կարեւոր է` ինչ ենք ուզում անել», ըսած է Համբարձումեան:
Ան համառօտ ներկայացուց Դաշնակցութեան ծրագիրները, նշելով որ իրենք համոզուած կողմնակիցն են, որ պետութիւնը պէտք է ստանձնէ ամբողջովին նոր դերակատարութիւն սոցիալ-տնտեսական քաղաքականութեան մէջ: Համբարձումեանի հաւաստմամբ` պետութիւնը չի կրնար ձեռքերը լուալ ու մէկ կողմ քաշուիլ. ազատ շուկայի միջոցով մեր երկրին մէջ կուտակուած հարցերը լուծումներ չեն ստանար: «Պետութիւնը չի կարող լինել դիտորդի կարգավիճակում, չի կարող ունենալ կրաւորական կեցուածք: Պետութիւնը պէտք է գործուն մասնակցութիւն ունենայ թէ՛ տնտեսական զարգացման, թէ՛ ազգային արդիւնքի արդար վերաբաշխման ուղղութեամբ: Մենք սոցիալական արդարութեան համոզուած կողմնակիցն ենք, քանի որ ունենք ազգային պայքար, որը ենթադրում է ազգային համերաշխութիւն: Միայն սոցիալապէս արդար հասարակութիւնը կարող է լինել համերաշխ, միայն համերաշխ հասարակութիւնը կարող է կերտել ուժեղ պետութիւն: Սա մեր համոզումն է, եւ սրանք խօսքեր չեն, այլ կոնկրետ ծրագրեր, որոնք Դաշնակցութիւնը պատրաստւում է իրականացնել», ՛ա՛տնած է Համբարձումեան:
Անոր խօսքով` Դաշնակցութիւնը ազգային ուժ է, Դաշնակցութիւնը ունի մէկ տէր` հայութիւնը. այնտեղ, ուր կայ հայ հաւաքականութիւն, այնտեղ ներկայ է Դաշնակցութիւնը, այնտեղ, որտեղ մեր ազգային արժէքներուն վտանգ կը սպառնայ, այնտեղ ներկայ է Դաշնակցութիւնը:
«Սիրելի՛ ժողովուրդ, մենք քո Դաշնակցութիւնն ենք, մենք հաւատարիմ ենք մեր հողին եւ մեր ժողովրդին: Այդպէս եղել է, այդպէս կայ ու այդպէս կը լինի», ըսելով խօսքը աւարտեց Համբարձումեան: