«Շնորհակալութիւն Որ Զրոյից Նախարարութիւն Ստղծեցիք». Նիկոլ Փաշինեան

ԵՌԱԳՈՅՆ- ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Մայիս 16-ին, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմին ներկայացուց նորանշանակ նախարար Մխիթար Հայրապետեանը:

Վարչապետը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց նախկին նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին, ըսելով․ «շնորհակալութիւն կը յայտնեմ տաս տարիներու ձեր տարած աշխատանքին համար եւ փաստօրէն «զրոյից նախարարութիւն ստեղծելու համար»»։

Հրանոյշ Յակոբեան, իր հերթին, շնորհաւորեց նորանշանակ նախարար Մխիթար Հայրապետեանը, ապա ծննդեան տարեդարձը (նոյն օրը Մխիթար Հայրապետեանի ծնունդն էր, որուն մասին տեղեկանալը անակնկալ էր նաեւ ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի համար)՝ նշելով, որ իրեն կը յանձնէ արդէն կայացած, մեծ աշխատանք տարած ու բազում յաջող ծրագրեր իրականացուցած նախարարութիւնը։ Հրանոյշ Յակոբեան ողջունեց երիտասարդ նախարարներու ներգրաւումը կառավարութեան կազմէն ներս՝ նշելով, որ երիտասարդ տարիքը խոչընդոտ չի կրնար հանդիսանալ լաւ աշխատանքին, եւ որ ինք նոյնպէս այդ տարիքին եւ աւելի վաղ ստանցնած է պատասխանատու պաշտօններ։ Ապա, ան իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց նախարարութեան աջակիցը դառնալու։

ՀՀ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան եւս շնորհակալութիւն յայտնեց Հրանոյշ Յակոբեանին՝ նախարարութիւնը հիմնելուն համար՝ նշելով, «ես պատրաստ եմ ագահաբար ձեր աջակցութենէն օգտուելու»։

Ապա Հրանոյշ Յակոբեան առանձին հանդիպումով հրաժեշտ տուաւ իրեն մտերիմ դարձած նախարարութեան աշխատակազմին՝ ըսելով, որ նախարարները անցողիկ են, կարեւորը գործն է եւ այդ ճանապարհին սեփական դէմքը չկորսնցնելու բարդ կարողութիւնը։ Ան յորդորեց շարունակել լաւ աշխատիլ եւ աջակցիլ, որ նախարարութիւնը շարունակէ իր բուռն գործունէութեամբ ծառայել Սփիւռքի խնդիրներու լուծման։

սփ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.