Շաբթուան ամփոփումը (15 հոկտեմբեր 2026)
- (0)

«Հորիզոն Մետիա» կը ներկայացնէ անցնող շաբթուան հիմնական լուրերն ու զարգացումները՝ Գանատայէն մինչեւ սփիւռքեան այլ համայնքներ, Հայաստան եւ միջազգային թատերաբեմ։
Հաղորդումը ամբողջութեամբ դիտել՝ այստեղ։
ԳԱՆԱՏԱ եւ ՍՓԻՒՌՔ
– Մարդու իրաւունքներու պաշտպան եւ իրաւաբան Սիրանուշ Սահակեան, հոկտեմբեր 6-ին եւ 8-ին, Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի Հայ կեդրոններուն մէջ, հանրային զեկոյցներով ներկայացուց Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու իրավիճակը, անոնց դէմ ընթացող դատավարութիւնները եւ միջազգային իրաւական պայքարը։ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Հայկական Իրաւական կեդրոնին համատեղ կազմակերպած ձեռնարկներուն ընթացքին ան անդրադարձաւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ տարուող աշխատանքներուն եւ Ատրպէյճանի իրաւախախտումներու պատասխանատուութեան հարցին։ Երկու ձեռնարկներուն բացման խօսքը արտասանեց Լորիկ Քորաճեան, իսկ Մոնթրէալի մէջ ելոյթ ունեցաւ նաեւ «Հորիզոն» Մետիայի գլխաւոր խմբագիր եւ Հայկական Իրաւական կեդրոնի վարչութեան անդամ Սեւակ Պէլեան՝ շեշտելով իրաւական պայքարին քաղաքական եւ հանրային աջակցութեան կարեւորութիւնը։
– Գանատա այցելութեան ընթացքին, Սիրանուշ Սահակեան հոկտեմբեր 7-8-ին Օթթաուայի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու եւ խորհրդարանականներու հետ՝ ներկայացնելով Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու իրավիճակը, անոնց իրաւունքներու խախտումները եւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին առջեւ տարուող իրաւական աշխատանքները։ Սահակեանին կ՚ընկերակցէին Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատասխանատուներ Յովիկ Թիւֆէնքճեան եւ Շահէն Միրաքեան, ինչպէս նաեւ գրասենեակի հաղորդակցութեան բաժնի տնօրէն Լորիկ Քորաճեան։
– Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը յայտարարեց Թորոնթոյի Թինտէյլ (Tyndale) համալսարանին հետ գործակցաբար հաստատուած հայ աստուածաբանական ուսմանց ծրագրի ընդլայնման մասին։ Բաբգէն Արք. Չարեանի հովանաւորութեամբ 2026-ին մեկնարկուած ծրագրին ծիրին մէջ, 2027 յունուար 12-էն ապրիլ 2 պիտի դասաւանդուի հայկական ծիսական աւանդութեան նուիրուած նոր դասընթացք մը, Տ. Պսակ Քհնյ. Թէփիրճեանի եւ Տարօն Սրկ. Հալաճեանի ղեկավարութեամբ։ Առցանց դասընթացքը նպատակ ունի մասնակիցներուն, յատկապէս երիտասարդ սերունդին, ծանօթացնելու Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ծիսական, հոգեւոր եւ աստուածաբանական հարուստ ժառանգութիւնը։ Արձանագրութիւնները արդէն բաց են Թինտէյլ համալսարանին միջոցով։
– Սողոմոնեան ընտանիքը անգամ մը եւս իր զօրակցութիւնը յայտնեց Հայ Օգնութեան Միութեան բարեսիրական ծրագիրներուն՝ ստանձնելով «Զոհուած Հերոսներու Զաւակներ» ծրագրին մաս կազմող 160 երեխաներու հովանաւորութիւնը։ Զոհրապ եւ Յասմիկ Թեճիրեան, Յարութ եւ Լենա Սողոմոնեան, Ժիրայր եւ Հուրի Զաքարեան ամոլները, իրենց զաւակներուն հետ, այս որոշումը պաշտօնապէս փոխանցեցին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան։ 1992-ին հաստատուած ծրագիրը նիւթական աջակցութիւն կը տրամադրէ զոհուած ազատամարտիկներու զաւակներուն՝ իւրաքանչիւր երեխայի համար տարեկան 330 տոլարի յատկացումով։ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Սողոմոնեան ընտանիքին՝ անոր շարունակական նուիրատուութիւններուն համար։
– Մոնթրէալահայ վիրաբոյժ-ուռուցքաբան տոքթ. Արի Նարեկ Մկրտիչեան նշանակուեցաւ Գանատայի Վիրաբուժական Ուռուցքաբանութեան Ընկերակցութեան (CSSO) նախագահ։ ՄըգԿիլ համալսարանի վիրաբուժութեան եւ ուռուցքաբանութեան դասախօս Մկրտիչեան նաեւ ՄըգԿիլի համալսարանական առողջապահական կեդրոնի վիրաբոյժ է եւ St. Mary հետազօտական կեդրոնի գիտական տնօրէնը։ Անոր մասնագիտութիւնն ու հետազօտական աշխատանքները կը կեդրոնանան յատկապէս կրծքագեղձի քաղցկեղի եւ մելանոմայի բուժման, ինչպէս նաեւ հիւանդներու խնամքի որակի բարելաւման վրայ։ Մոնթրէալի Ս. Յակոբ ազգային վարժարանի նախկին աշակերտ Մկրտիչեան շուրջ երկու տասնամեակէ ի վեր գործուն դերակատարութիւն ունի ընկերակցութեան աշխատանքներուն մէջ։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ եւ ԱՐՑԱԽ
– Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի աւելի քան 100 անդամներ՝ 26 ծերակուտականներ եւ 75 ներկայացուցիչներ, նամակով մը արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյէն պահանջեցին կասեցնել Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան զինուորական աջակցութիւնը։ Օրէնսդիրները մատնանշեցին Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու ապօրինի կալանաւորումըը, հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու բռնագրաւումը։ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին աջակցութեամբ նախաձեռնուած նամակը կը հակադրուի Թրամփի վարչակազմի՝ «Ազատութեան աջակցութեան որոշում»ի 907-րդ յօդուածով նախատեսուած սահմանափակումները շրջանցելու որոշումին։ Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէն Արամ Համբարեան ողջունեց նախաձեռնութիւնը՝ շեշտելով Ատրպէյճանին ամերիկեան ռազմական աջակցութիւնը դադրեցնելու անհրաժեշտութիւնը։
– Եւրոպական խորհրդարանը հոկտեմբեր 9-ին ընդունած բանաձեւով պահանջեց Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքական բանտարկեալներու, ներառեալ Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներու անյապաղ ազատ արձակումը։ Բանաձեւը նաեւ դատապարտեց Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ ընդդիմութեան, անկախ լրատուամիջոցներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան նկատմամբ շարունակուող ճնշումները։ Եւրոպական խորհրդարանը քննադատեց ԵՄ բարձրաստիճան պաշտօնատարները՝ Ատրպէյճանի հետ հանդիպումներուն քաղաքական բանտարկեալներու հարցը հրապարակայնօրէն չբարձրացնելու համար, եւ շեշտեց, որ ԵՄ-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու խորացումը պէտք է պայմանաւորուի անոնց ազատ արձակումով։ Ատրպէյճանի խորհրդարանը մերժեց բանաձեւը՝ զայն որակելով քաղաքականապէս կողմնակալ։
– Հայաստանի Ազգային ժողովի Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովը հոկտեմբեր 13-ին չընդունեց Շաքիի միջադէպին շուրջ խորհրդարանական քննարկում կազմակերպելու ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան նախաձեռնութիւնը։ Ընդդիմութիւնը կը պահանջէր խորհրդարան հրաւիրել պաշտպանութեան եւ ներքին գործոց նախարարները, ինչպէս նաեւ ԱԱԾ-ի ղեկավարը՝ պարզաբանելու, թէ ինչպէ՛ս ատրպէյճանցի զինծառայողը կրցած էր ներթափանցել հայկական տարածք եւ կրակել հայ կնոջ վրայ։ Իշխանական պատգամաւորները հակադարձեցին՝ վկայակոչելով ընթացող նախաքննութիւնը։ Երկու ժամ տեւած քննարկումէն ետք նախագիծը քուէարկութեան չդրուեցաւ, իսկ յանձնաժողովի նախագահը խոստացաւ պատասխանատու պաշտօնատարներուն հետ հանդիպում կազմակերպել՝ առանց յստակ ժամկէտ նշելու։