Նշանակուած Է ԱԱԾ-ի Տնօրէն, Բանակի Ընդհանուր Հրամանատար Եւ Ոստիկանապետ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան գրառում կատարեց եւ տեղեկացուց, որ կատարուած են շարք մը պաշտօնանկութիւններ եւ անոնց փոխարէն` նշանակումներ:

Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Արտակ Դաւթեան (24 մայիս 2018-էն ի վեր այս պաշտօնը վարող) պաշտօնանկ եղած է, անոր փոխարէն նշանակուած է զօր. Օննիկ Գասպարեան: Պաշտօնանկ եղած է Էդուարդ Մարտիրոսեան (19 մարտ 2020-ին նշանակուած էր ԱԱԾ-ի տնօրէն), անոր փոխարէն այս պաշտօնը ստանձնած է Արգիշտի Քեարամեան, իսկ Վահէ Ղազարեան նշանակուած է ոստիկանութեան պետ` Արման Սարգսեանին փոխարէն:

Աւելի կանուխ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան ստացած էր վերոյիշեալ պաշտօնանկութիւններուն վերաբերեալ առաջարկները, որոնք ուժի մէջ մտան անոր կողմէ ստորագրուելէ ետք:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.